Տոն Քիշոթ

Այս քննարկումին կեդրոնը կը գտնուի Սերվանդէսի Տոն Քիշոթը: Այս դասական գործը գրուած օրէն ի վեր իր ընթերցողներուն առիթ կը ստեղծէ խորհելու տրամաբանութեան, անմտութեան, քաջութեան եւ երազկոտութեան նման զանազան յղացքներու մասին: Այստեղ ներկայացուած քննարկումի յղացքներէն դուրս, Տոն Քիշոթը կարելի է նիւթ դարձնել նաեւ տարբեր տեսակի քննական մօտեցումներու։

Քննարկումի հրահրիչ

Հետեւեալ յղումի տեսերիզը մասնակիցներուն դիտել տուէք: Եթէ տեսերիզը դիտելու պայմանները չունիք, դրուագը* կարդացէք:

Տոն Քիշոթ յառաջացած տարիքի ազնուական մըն էր: Շարունակ ասպետներու վէպեր կարդալով միտքը բաւական խառնաշփոթ էր, հետեւաբար միշտ զանազան արկածախնդրութիւններ կ’երեւակայէր։ Նոյնիսկ բոլորն ալ իրական կը կարծէր: Տոն Քիշոթ ունէր հաւատարիմ ծառայ մը, Սանշօն, որ ի զուր տիրոջը սխալներուն արգելք ըլլալ կը փորձէր:

Տոն Քիշոթի այլանդակութիւններէն ամենէն նշանաւորը հողմաղացներու դէմ մղած կռիւն է։ Այդ հողմաղացները մէկ-մէկ հսկաներ են կը կարծէր ան: Եւ օր մըն ալ Տոն Քիշոթ դաշտագետնին ծայրը նշմարեց քառասունի մօտ հողմաղացներ:

– Բարեկամ,- ըսաւ ան Սանշոյին,- մեր բախտը ժպտեցաւ: Կը տեսնե՞ս սա սարսափելի հսկաները: Պիտի յարձակիմ անոնց վրայ, պիտի մեռցնեմ բոլորն ալ: Ահագին հարստութիւն ձեռք պիտի ձգենք:

– Ո՞ր հսկաները,- հարցուց Սանշօ:

– Սա՛, դիմացինները, որոնք իրենց ահարկու բազուկներով դիմացդ կեցած են:

– Բայց, Տէ՛ր իմ, զգուշացէ՛ք, անոնք հողմաղացներ են եւ ինչ որ դուք բազուկ կը կարծէք, անոնց թեւերն են:

– Դուն ոչ մէկ գաղափար ունիս քաջագործութեան մասին: Ինծի՞ պիտի սորվեցնես: Ասոնք հսկաներ են: Եթէ կը վախնաս, մէկ կողմ քաշուէ՛, մինչ ես պիտի մղեմ այս վտանգաւոր պայքարը:

Այս ըսելով հեծաւ ձին առանց ականջ տալու Սանշոյի խօսքերուն:

– Հսկաներ չեն ասոնք, հողմաղացներ են,- կը պոռար Սանշօ ամբողջ ուժովը:

Մեր ասպետը հողմաղացներուն մօտեցած էր:

– Սպասեցէ՛ք, վատ աւազակնե՛ր, մի՛ փախչիք, ձեր վրայ յարձակողը առանձին ասպետ մըն է,- կը գոռար ան:

Նոյն պահուն թեթեւ հով մը ելաւ եւ հողմաղացին թեւերը սկսան դառնալ:

– Օ՜հ, պարապ տեղը իրար կ’անցնիք, ձեռքէս ազատում չունիք, պիտի պատժուիք,- գոռաց Տոն Քիշոթ եւ վահանը բարձր բռնած, ձին վազցուց եւ գնաց նետուեցաւ դէմի առաջին հողմաղացին վրայ: Քիչ վերջ հողմաղացին թեւէն կախուած բարձրացաւ օդին մէջ եւ ձիուն հետ միասին քսան քայլ անդին նետուեցաւ։

Սանշօ, իր իշուկը կարելի եղածին չափ արագ վազցնելով հասաւ տիրոջը քով: Անկումը այնքան ուժգին եղած էր, որ Սանշօ մեծ դժուարութեամբ վերցուց զայն գետնէն:

– Չէ՞ի ըսած ձեզի,- աղաղակեց Սանշօ: Հողմաղացներ ըլլալը չէի՞ ըսած: Ասիկա չտեսնելու համար մարդ իսկապէս փախուկ ըլլալու է:

– Հանդարտէ՛, հանդարտէ՛, Սանշօ՛ բարեկամս, — ըսաւ մեր հերոսը։ Բախտի գործ է պատերազմ ըսածդ, մանաւանդ երբ դիմացինդ սարսափելի կախարդ մըն է: Կը կարծես թէ ըրածը չհասկցա՞յ. ան՝ հսկաները փոխակերպեց հողմաղացներու, յաղթանակի փառքը ձեռքէս առնելու համար:  Օր մը չէ օր մը, սուրս պիտի յաղթանակէ։

– Այո՜,- պատասխանեց Սանշօ, զայն ոտքի հանելով եւ վազեց գնաց վիրաւոր ձին վերցնելու: Եւ ճամբայ ելան երեքով դէպի նոր արկածախնդութիւններ։

*Այստեղ բնագիրը ներկայացուած է պզտիկ փոփոխութիւններով։

Տեսերիզը դիտելէն կամ դրուագը կարդալէն ետք ուղղեցէք հետեւեալ քննարկումի հարցումը: Քննարկումի ընթացքին գրատախտակին վրայ գրեցէք «Քաջ հերոս մըն է» եւ «Խենթ մըն է»: Ապա, տրուած պատասխանները շարեցէք այս երկու վերնագիրերուն տակ, գործածելով «Յղացքներու քարտէս» մեթոտը:

Քննարկումի հարցում
Ըստ ձեզի, Տոն Քիշոթը քաջ հերո՞ս մըն է, թէ՞ խենթ մըն է: Ինչո՞ւ:
Յղացական հարցադրումներ
  • Ի՞նչ է քաջութիւնը։
  • Քաջ ըլլալ ի՞նչ կը նշանակէ:
  • Հասարակութեան մէջ, ո՞ր վարվելակերպերը տրամաբանական կը նկատուին։
  • Հասարակութեան մէջ, ո՞ր վարվելակերպերը խենթութիւն կը նկատուին:
  • Ուրիշներու կողմէ չընդունուած բան մը ընելը խենթութի՞ւն է:
  • Ի՞նչ է կապը նպատակ մը հետապնդելուն եւ ուրախութեան միջեւ:
Հաւանական պատասխաններ
Քաջ հերոս մըն է, որովհետեւ
Առանց վախնալու պատերազմեցաւ հողմաղացներու դէմ: Պարտուիլը աչքը առաւ:
Առանձին պայքարեցաւ:
Միտքը դրածը հետապնդեց։
Ուրիշները մտիկ չըրաւ, շարունակեց իր պայքարը:
 
Խենթ մըն է, որովհետեւ
Հողմաղացներու դէմ պատերազմիլը անիմաստ է:
Հողմաղացները անշունչ են:
Անտրամաբանական է պատերազմի ելլելը երբ գիտես որ պիտի պարտուիս:
Սանշօն տրամաբանական բան մը ըսաւ, բայց ինք մտիկ չըրաւ:

Բոլոր գաղափարները հաւաքելէ ետք, հետեւեալ երկրորդ քննարկումի հարցումով շարունակեցէք: Հոս մասնակիցները կարելի է բաժնել քանի մը խումբերու եւ զանոնք մղել իրարու միջեւ քննարկելու։

Քննարկումը շարունակելու հարցում

Հողմաղացներու դէմ պատերազմող բայց պարտութեան մատնուող Տոն Քիշո՞թ մը աւելի ուրախ կ՚ըլլայ, թէ՞ Սանշօն մտիկ ընելով յարձակումէն հրաժարող Տոն Քիշոթ մը: Ինչո՞ւ:

Եթէ քննարկումի համար երկար ժամանակ ունիք կարելի է շարունակել գիրքէն հետեւեալ մէջբերումով: Իսկ եթէ ժամանակը լրացած է, քննարկումի վերջաւորութեան մասնակիցներէն կարելի է ուզել որ մէջբերումը գրի առնեն եւ այդ մասին գրաւոր արտայայտուին: «Շատ ողջամտութիւնը կրնայ խենթութիւն ըլլալ։ Եւ ամենէն մեծ խենթութիւնն է կեանքը տեսնել ոչ թէ ինչպէս որ պէտք է ըլլայ այլ ինչպէս որ է»։

Ինչպէս բոլոր քննարկումներու պարագային, հոս ալ շատ բնական է մօտ զգալ որոշ գաղափարի մը: Մանաւանդ ներկայ պարագային, նախապէս մեզի ծանօթ գրական երկի մը մասին գաղափարներով բեռնաւորուած կրնանք ըլլալ: Ինչպէս ուղեցոյցին մէջ յաճախ կը մատնանշենք, պէտք չէ մոռնալ, թէ քննարկումներուն նպատակը մասնակիցներուն որոշ գաղափար մը սորվեցնել, փոխանցել կամ ստիպել չէ, այլ՝ յղացքներու մասին քննադատական մօտեցումներով մտածել, միտք բանեցնել, ուրիշները լսել եւ ինքնուրոյն զարգանալու միջավայր մը ստեղծել է։