Փիլիպարտէզէն
նոր գիրք

Փիլիպարտէզէն նոր գիրք

Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը

Պարզ օր մը ինչպէ՞ս կը վերածուի աղուոր օրուան մը։ Կեանքիդ ամենէն աղուոր օրը կրնա՞յ ըլլալ այդ օրը, երբ անուշ բոյրով ծաղիկ մը կը հոտուըտաս, անձրեւին տակ կը պարես եւ կամ ամպերը զանազան բաներու կը նմանցնես։ Հապա եթէ հեծելանիւէն իյնաս, կրկնեփները փուռին մէջ մոռնաս կամ ընկերոջդ հետ գժտուիս… «Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը» գիրքը ընթերցողը կը հրաւիրէ պարզութեան մէջ իւրայատուկը փնտռելու։

Ընթերցումը աւելի հաճելի դարձնելու համար...

Այս տետրակը պատրաստուած է գիրքը աւելի ստեղծարար ձեւով գործածելու համար։ Ուղեկիցները եւ ուսուցիչները կրնան գործածել դասարանային, խմբային, անհատական եւ ամէն տեսակ աշխատանքներու համար։

Իսկ ծնողները կրնան գործածել իրենց զաւակներուն հետ օգտակար եւ հաճելի ժամանակ անցընելու համար։

Տետրակին մէջ տեղ գտած վարժութիւնները կրնան գործածել զանազան տարիքային խումբերու ընթերցողներ։ Ուղեկիցները վարժութիւնները կրնան յարմարցնել ընթերցողին տարիքին եւ լեզուական կարիքներուն։ Հետեւաբար, կրնան նաեւ որոշել վարժութիւններուն բանաւոր թէ գրաւոր գործածութիւնը։

ներբեռնել

Կրնաք ներբեռնել «Կ՚երազեմ, կը խաղամ, կը ստեղծեմ» տետրակին տպելու յարմար տարբերակը։