Երեխաներու հետ
փիլիսոփայութիւն

Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը

Պարզ օր մը ինչպէ՞ս կը վերածուի աղուոր օրուան մը։ Կեանքիդ ամենէն աղուոր օրը կրնա՞յ ըլլալ այդ օրը, երբ անուշ բոյրով ծաղիկ մը կը հոտուըտաս, անձրեւին տակ կը պարես եւ կամ ամպերը զանազան բաներու կը նմանցնես։ Հապա եթէ հեծելանիւէն իյնաս, կրկնեփները փուռին մէջ մոռնաս կամ ընկերոջդ հետ գժտուիս… «Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը» գիրքը ընթերցողը կը հրաւիրէ պարզութեան մէջ իւրայատուկը փնտռելու։

Փիլիպարտէզէն
նոր գիրք

Ճպուռը եւ մրջիւնը

Այս աշխատանքին նպատակն է կարծրատիպերէն անդին անցնելով «Ճպուռը եւ մրջիւնը» առակը քննարկել՝ աշխատանք, բաժնեկցիլ, ստեղծագործութիւն, եւ այլ յղացքներու շուրջ:

Աւելին...

Քեզ շատ կը սիրեմ

Սիրել ի՞նչ կը նշանակէ։ Ինչո՞ւ մէկը կամ բան մը կը սիրենք: Սիրելը նախընտրա՞նք է, թէ՞ պարտադրութիւն: Սէրը անծայր եւ անսահմա՞ն է։

Աւելին...