Ճպուռը եւ մրջիւնը
Այս աշխատանքին նպատակն է կարծրատիպերէն անդին անցնելով «Ճպուռը եւ մրջիւնը» առակը քննարկել՝ աշխատանք, բաժնեկցիլ, ստեղծագործութիւն, եւ այլ յղացքներու շուրջ:
Քեզ շատ կը սիրեմ
Սիրել ի՞նչ կը նշանակէ։ Ինչո՞ւ մէկը կամ բան մը կը սիրենք: Սիրելը նախընտրա՞նք է, թէ՞ պարտադրութիւն: Սէրը անծայր եւ անսահմա՞ն է։
Այս քարը որո՞ւնն է
Ի՞նչ կը նշանակէ սեփականատիրութիւն: Ինչպիսի՞ պայմաններու տակ կարելի է բանի մը տէր ըլլալու պահանջ ներկայացնել:
Այս բանաստեղծութի՞ւն է
Բանաստեղծութիւն մը ինչո՞վ կը զանազանուի քով քովի շարուած նախադասութիւններէ: Ամէն մարդ կրնա՞յ բանաստեղծութիւն գրել:
Ընկերս կ՚ըլլա՞ս
Ի՞նչ է բարեկամութիւնը: Որո՞ւն «ընկեր» կ՚ըսենք: Միայն անձերո՞ւ հետ ընկեր կամ բարեկամ կ՚ըլլանք։ Կարելի՞ է ուրիշ էակի մը հետ ալ ընկեր ըլլալ:
Երեսը կախ թագաւորը
Իշխանութիւն ի՞նչ կը նշանակէ: Օրէնքները որո՞ւն կամ որո՞նց կողմէ եւ ի՞նչ բանի համեմատ կը հռչակուին։ Կա՞ն օրէնքներ, որոնց պէտք չէ հնազանդիլ:
Թիկնոցին ուժը
Այս աշխատանքը քննարկումի առարկայ կը դարձնէ վերացական «ճիշդ» գաղափարը, շօշափելի առարկայի մը՝ «թիկնոց»ին միջոցաւ:
Ճամբայ շինելու աշխատանք
Այս աշխատանքին նպատակն է քննարկել «ժողովրդավարութիւն» յղացքը, երեւակայական «թաղային հանրաքուէի» մը օրինակով:
Սուտին գոյնը
Մարդիկ ի՞նչ պայմաններու տակ իրականութիւնը ըսելու փոխարէն՝ կը նախընտրեն սուտ խօսիլ։ Որոշ սուտերը աւելի ընդունելի՞ են։ «Ճերմակ սուտ» ըսուածը գոյութիւն ունի՞:
Քանի մը տուփ ներկ
Ի՞նչ է արուեստը: Ի՞նչ է այդ բանը, որուն շնորհիւ գործը կը նկատուի գեղարուեստական: Ի՞նչ է գեղեցկութիւնը: Ի՞նչն է որ գեղեցիկ կը դարձնէ գեղեցիկ նկատուած բաները:
Երազին որոշումը
Ովքե՞ր կրնան որոշում տալ: Մանուկները իրե՛նք իրենց կրնա՞ն որոշում տալ: Այս քննարկումին նիւթն է, երեխային իրեն վերաբերող նիւթերու մասին գաղափար արտայայտելու իրաւունքը:
Թրթուրն ու Խխունջը
Ի՞նչ է արդարութիւնը: Հաւասարութիւնն ու արդարութիւնը նոյն բանե՞րն են: «Երանի» անուան պատմուածքէն մեկնելով՝ կը հարցաքննենք արդարութեան գաղափարը:
Ստուերային թատրոն
Ի՞նչ է իրականութիւնը: Այն ինչ որ մարդիկ կը տեսնեն, իրակա՞ն կը կոչուի: Այս քննարկումը հիմնուած է Պղատոնի «Քարայրի Այլաբանութեան» վրայ: