Պուպրիկը

Այս աշխատանքին նպատակն է քննարկման նիւթ դարձնել սեռը, մանաւանդ սեռային ինքնութիւնը (gender) եւ սեռային ինքնութեան յառաջ բերած ընկերային դերերը (social roles): Սեռը կենսաբանական իրականութիւն մըն է: Սեռը մարդ արարածին աշխարհ գալու ատեն ունեցած կենսաբանական յատկութիւններէն մէկն է, այսինքն անձերուն կենսաբանական իմաստով կին կամ այր ըլլալն է: Իսկ սեռային ինքնութիւնը կը կազմուի մշակութային կամ հասարակական պահանջներով պայմանաւորուած անհատական հակազդեցութեան ընդմէջէն, վարուելակերպը կենսաբանական սեռին պատշաճեցնելու ստիպումով: Այսպէս է որ կը ձեւաւորուին հասարակութեան կամ մշակոյթին կողմէ ընդունելի նկատուած սեռային դերերը, որ կիներու եւ այրերու միջեւ անհաւասարութեան պայմաններու տակ, կիներու դէմ խտրականութեան եւ անհաւասարութեան պատճառ կը դառնան:
Նահապետական պայմաններու մէջ կիներու երկրորդական դիրք ստանալուն եւ բազմաթիւ իրաւունքներէ զրկուելուն հետեւանքով, յատկապէս անո՛նց կողմէ քննարկումի առարկայ կը դարձուին սեռային ինքնութեան հարցերը։
Պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ կիներ այս նիւթին շուրջ իրաւունքներու ձեռքբերման նպատակով՝ պայքար մղած են: Կան նաեւ մեծ թիւով հայ կիներ, որոնք պայքարած են իրաւունքներու համար. անոնցմէ են Հայկանուշ Մառք, Զապէլ Եսայեան, Սրբուհի Տիւսաբ եւ բազմաթիւ այլ մտաւորականներ։ Ներկայիս, այս պայքարը ա՛լ աւելի շեշտուած կերպով կը շարունակուի ամէն տեղ։ Կինը կը շարունակէ ենթարկուիլ մասնաւոր տարածքներու մէջ փակուածութեան, անհատոյց աշխատանքի, զանազան բռնութեան երեւոյթներու (ֆիզիքական, հոգեբանական, տնտեսական, եւլն.), մինչ այր մարդը հանգիստ կ՚ընդունուի հանրային վայրերու մէջ եւ կրնայ օգտուիլ սեփական բոլոր իրաւունքներէն: Անշուշտ սեռային ինքնութեան հետ առնչուած խնդիրներ որոշ անարդար պատասխանատուութիւններ կը բեռնեն այրերուն վրայ եւս, սակայն պէտք է ընդունիլ, որ այրերը օգտուող կողմն են ստեղծուած իրավիճակին։

Սեռի, սեռային ինքնութեան եւ ասոր յառաջ բերած ընկերային դերերու գաղափարներուն եւ անոնց միջեւ գտնուող զանազանութեան մասին՝ մասնակիցները տեղեկութիւն կրնան չունենալ: Նախքան հրահրիչին անցնիլը, կարելի է մասնակիցներէն ուզել այս գաղափարներուն մասին մտածել, որպէսզի քննարկումը յղացական տեսակէտէ աւելի լաւ յառաջանայ: Ասոր համար դիտել տուէք հետեւեալ տեսերիզի յղումը առանց մեկնաբանելու եւ հարցուցէ՛ք. 

«Տեսերիզին մէջ աղջիկը եւ տղան ի՞նչ տեսակ վերաբերմունքի ենթակայ կ՚ըլլան: Ըստ ձեզի՝ ինչո՞ւ»:

 

https://www.youtube.com/watch?v=pF1j22x-yU8

Քննարկումի ընթացքին ուշադիր պէտք է ըլլալ որ աղջիկները եւ տղաները բեւեռներու չբաժնուին եւ իրենց միջեւ մրցակցութեան մթնոլորտ մը չստեղծուի: Եթէ այսպիսի պարագայ մը զգաք, կրկնեցէ՛ք «Տեսերիզին մէջ ինչե՞ր պատահեցան» հարցումը: Քննարկումը մղեցէ՛ք դէպի տեսերիզին մէջ երեւցող երեխաներուն կրած վերաբերմունքը: «Տեսերիզին մէջ աղջիկը եւ տղան ի՞նչ տեսակ վերաբերմունքի ենթակայ կ՚ըլլան: Ըստ ձեզի՝ ինչո՞ւ»:

Արտայայտուած գաղափարներուն դիւրութեամբ հետեւելու համար օգտուեցէք Յղացքներու քարտէս մեթոտէն: Իւրաքանչիւր գաղափարը լսելէ ետք խումբին հետ նայեցէ՛ք գրատախտակին վրայ գրուած յղացքներուն եւ խումբին տարիքը նկատի առնելով, կենսաբանական սեռի եւ սեռային ինքնութեան մասին կարճ տեղեկութիւն մը տուէք:

Սկզբնական քննարկումի բաժինը երբ լրանայ, հետեւեալ հրահրիչ պատմութիւնը խումբին կարդացէ՛ք եւ հարցուցէ՛ք քննարկումի հարցումը:

Քննարկումի հրահրիչ

Սարինին եւ Արեգին անհամբերութեամբ սպասած Նոր Տարին վերջապէս հասած էր: Տունը խոշոր տօնածառ մը զարդարուած էր: Կաղանդի բոլոր պատրաստութիւնները ամբողջացած էին: Մաման այդ օրուան առթիւ տեսակ տեսակ կերակուրներ պատրաստած էր: Սարինն ալ կերակուրներու պատրաստութեան համար օգնած էր մամային: Ընտանեօք շատ ուրախ էին:

Կաղանդի գիշերը պապան գործէն վերադառնաւ, մինչ մաման գործէն արտօնութիւն առնելով ամբողջ օրը պատրաստութիւն տեսած էր։ Ճաշեցին ու կէս գիշերին միասնաբար եւ ուրախութեամբ նոր Տարին դիմաւորեցին:

Սարինը եւ Արեգը անհամբերութեամբ սկսան բանալ տօնածառին տակը շարուած իրենց նուէրները: Արեգին ծրարէն շատ աղուոր ինքնաշարժ մը, իսկ Սարինին ծրարէն շատ գեղեցիկ եւ վարդագոյն պուպրիկ մը ելաւ: Երկուքն ալ շատ ուրախ էին։ Մինչ Արեգը պապային հետ ինքնաշարժով խաղցաւ, Սարինը սկսաւ իր պուպրիկով խաղալ, բայց այդ միջոցին մաման սեղանը հաւաքելու համար օգնութիւն ուզեց Սարինէն: Սարինը դժկամակութեամբ իր պուպրիկը մէկդի դրաւ եւ մամային օգնելու համար տեղէն ելաւ: Արեգը, ձանձրացած իր ինքնաշարժէն, սկսաւ Սարինին պուպրիկին հետ խաղալ: Սարինը երբ տեսաւ որ Արեգը իր պուպրիկին հետ կը խաղայ, ինքն ալ Արեգին ինքնաշարժով սկսաւ խաղալ: Պապան քիչ մը բարկութեամբ Արեգին ըսաւ. «Տղաները պուպրիկով չեն խաղար, դուն աղջի՞կ ես»: Արեգը պատահածը չհասկցաւ, բայց աչքերը արցունքով լեցուն, պուպրիկը գետին նետեց:

Քննարկումի հարցում

Տղաները պուպրիկով կրնա՞ն խաղալ, թէ ո՛չ։ Ինչո՞ւ։

Յղացական հարցադրումներ
  • Ի՞նչ կը նշանակէ աղջիկ ըլլալ:
  • Ի՞նչ կը նշանակէ տղայ ըլլալ:
  • Ո՞ր խաղալիքները տղաներու յարմար կը նկատուին: Ինչո՞ւ:
  • Ո՞ր խաղալիքները աղջիկներու յարմար կը նկատուին: Ինչո՞ւ:
  • Ո՞վ կ՚որոշէ աղջիկներու եւ տղաներու յարմար խաղալիքները:
  • Ի՞նչ կը նշանակէ սեռային ինքնութիւն:
  • Ո՞վ կ՚որոշէ սեռային ինքնութիւնը եւ սեռային ինքնութեան յառաջ բերած ընկերային դերերը:
  • Ի՞նչ տեսակ յարաբերութիւն մը կայ սեռային ինքնութեան եւ կենսաբանական սեռի միջեւ:
  • Ի՞նչ է սեռային հաւասարութիւնը:
Հաւանական պատասխաններ
  • Տղաները պուպրիկով չեն խաղար, որովհետեւ պուպրիկը աղջիկներու խաղալիք է:

Կարելի է քննարկել թէ ո՞վ կ՚որոշէ թէ ո՛ր խաղալիքը աղջիկի է եւ ո՛ր մէկը՝ տղայի: Հոս կարելի է հարցնել թէ խաղալիքները սե՞ռ ունին: Երբ պատասխան գայ թէ չունին, այն ատեն կարելի է հարցնել. ուրեմն ինչո՞ւ որոշ խաղալիքներ՝ աղջիկներու, իսկ որոշ խաղալիքներ՝ տղաներու յարմար կը նկատուին:

  • Տղաները պուպրիկով չեն խաղար, որովհետեւ տղաները երբ մեծնան՝ ծննդաբերութեամբ զաւակ չեն ունենար:

Կարելի է հարցնել հետեւեալ հարցումը. «Երեխայի մը պատասխանատուութիւնը  (զայն խնամելը) միայն ծննդաբերողի՞ն պաշտօնն է: Հաւանաբար պիտի շեշտուի որ ծննդաբերողը եւ կաթ տուողը՝ մայրը կ՚ըլլայ. պիտի ըսուի ուրեմն որ այս պատճառաւ՝ երեխան մօր կողմէ պէտք է խնամուի: Հոս մէկդի դնելով կենսաբանական տարբերութիւնները եւ անհրաժեշտութիւնները, կարելի է քննարկում յառաջացնել այն հարցին շուրջ՝ թէ հայրն ալ հաւասար չափով պատասխանատու չէ՞, երբ խնդիրը կը վերաբերի երեխան խնամելու:

  • Տղաները պուպրիկով չեն խաղար, որովհետեւ շուրջիններուն կողմէ ծաղրի առարկայ ըլլալ չեն ուզեր։

Ծաղրելու նիւթին շուրջ կարելի է հարցնել թէ մեր շուրջի անհատներու նախընտրութիւններուն մասին մեր դատողութիւնները որո՞ւն կողմէ կ՚որոշուին. արդեօք հասարակութեա՞ն կողմէ:

Նոյնպէս կարելի է հարցնել հետեւեալը. «Եթէ աղջիկները ինքնաշարժով խաղան, իրե՞նք ալ կը ծաղրուին»: Կարելի է կեդրոնանալ հասարակութեան կողմէ կիներուն եւ այրերուն վերապահուած ընկերային դերերուն վրայ եւ քննարկել թէ ընկերային դերերը ինչպէ՞ս կը կառուցուին : Կարելի է նիւթ բանալ, թէ այս կառուցումը տունին մէջ ինչպէ՞ս կ՚իրականանայ. կարելի է կեդրոնանալ հրահրիչի օրինակներուն վրայ, ուր միայն մայրն է որ գործէն արտօնութիւն առնելով կերակուր կը պատրաստէ եւ կամ աղջիկ զաւակն է, որ կ՚օգնէ մամային:

Կարելի է քննարկել թէ ընկերային դերերը ինչպէ՞ս կը գործեն հանրային վայրերու մէջ:

Կարելի է խորացնել քննարկումը անդրադառնալով հետեւեալներուն. երեխաներու սենեակներ, գոյներ, ասպարէզներ, հագուստներ եւայլն։

  • Եթէ ծնողները արտօնեն, այն ատեն տղաները պուպրիկով կրնան խաղալ:

«Ծնողները ինչպէ՞ս կ՚ընտրեն իրենց երեխաներուն խաղալիքները» հարցումին ընդմէջէն՝ կարելի է քննարկել, թէ ծնողներու որոշումները հասարակական կարծիքէն որքանո՞վ կ՚ազդուին:

  • Տղաները պուպրիկով կրնան խաղալ, որովհետեւ պուպրիկն ալ միւսներուն նման պարզ խաղալիք մըն է:

Հոս կարելի է քննարկել թէ ինչպէ՞ս կ՚որոշուի սեռային ինքնութեան գաղափարը, ո՞վ կամ ովքե՞ր կ՚որոշեն։ Այս անհաւասարութիւնը ո՞ր համակարգերու շարունակականութեան համար անհրաժեշտ կը թուի ըլլալ: Կարելի է հարցնել թէ սեռային ինքնութեան հանդէպ մօտեցումները մէկ հասարակութենէն միւսը ինչպէ՞ս կը տարբերին:

Եթէ կը փափաքիք որ նիստէն ետք մասնակիցները նիւթին վրայ շարունակեն խորհիլ, հետեւեալ մէջբերումը կրնանք տալ (նկատի առնելով մասնակիցներուն տարիքը), եւ խնդրել որ բան մը գրեն կամ այլ ստեղծագործական աշխատանք մը կատարեն այս մասին.
«Կին չես ծնիր, կին կը դառնաս»: (Սիմոն տը Պովուար)