Թիկնոցին ուժը

Այս աշխատանքին նպատակն է «Ի՞նչ է ճիշդը եւ ի՞նչ կը նշանակէ ճիշդ բանը ընել» նիւթը քննարկել: Աշխատանքը քննարկումի առարկայ կը դարձնէ վերացական «ճիշդ» գաղափարը, շօշափելի առարկայի մը՝ «թիկնոց»ին միջոցաւ:

Սկսելէ առաջ կարեւոր նշում՝ «Ճիշդ»ի գաղափարը քննարկելը բնաւ դիւրին չէ, նկատի առնելով, որ նիւթը կրնայ դիւրութեամբ երթալ «ինչը ճիշդ է, ինչը սխալ է» քննարկումին։ Մինչ, այս աշխատանքին նպատակը ճիշդ այս կարծրատիպերը խնդրոյ առարկայ դարձնել է, եւ ինչպէս Փիլիպարտէզի բոլոր նիւթերու պարագային, մասնակիցները վարժեցնել է քննական մօտեցում ունենալու եւ «ճիշդ»ի գաղափարին շուրջ մտածելու։​

Եթէ կարելի է գտնել, խմբակին ցոյց տուէք թիկնոց մը, կամ ալ նման չափերով կերպասի կտոր մը առէք եւ ըսէք թէ ասով իրենց հետ միասին խաղ մը պիտի խաղաք: Բացատրեցէք թէ խաղին անուննէ «Թիկնոցին ուժը» եւ ով որ այս թիկնոցը հագուի անտեսանելի պիտի դառնայ: Ապա հարցուցէք թէփորձել ուզողներ կան: Մասնակիցները անպայման խանդավառութեամբ փորձել պիտի ուզեն: Թոյլտուէք, որ բոլոր ուզողները կարգով փորձեն: Փորձողներուն հարցուցէք՝ «Ի՞նչ զգացիր երբ անտեսանելի դարձար»:

Ապա շրջանակի ձեւով նստեցէք եւ քննարկումի հարցումը ուղղեցէք:

Քննարկումի հարցում

Ինչե՞ր պիտի ընէիք եթէ անտեսանելի դարձնող թիկնոց մը ունենայիք։

Յղացական հարցադրումներ
  • Ի՞նչ է ճիշդը:
  • Անհրաժե՞շտ է ճիշդ բան մը ընել: Ինչո՞ւ:
  • Ճիշդ բանը բոլորին համար նո՞յնն է, թէ անձերու համեմատ կը տարբերի:
  • Ո՞վ կ’որոշէ ճիշդը, ի՞նչպէս:
  • Ի՞նչպիսի յարաբերութիւն մը կարելի է հաստատել ուժի տիրանալու եւ ճիշդը իրագործելու միջեւ:
  • Կը փոխուի՞ արդեօք մեր վարմունքը եթէ գիտնանք թէ մէկը մեզ պիտի չտեսնէ:

Մեծ հաւանականութեամբ, մասնակիցները բնականաբար այս հարցումին պիտի պատասխանեն, այն ինչ որ բխի իրենց մէջէն: Այստեղ պէտք է զգուշանալ, որպէսզի տրուած պատասխանները ինչ որ ալ ըլլան, մասնակիցին հանդէպ ամչցնելու, մեղադրելու նման բարոյական մօտեցում մը ցոյց չտրուի: Մանաւանդ ուղեկիցը պէտք է խուսափի արտայայտելէ իր մտածումները:

Հաւանական պատասխաններ
  • Ինչ որ ուզեմ կ’ընեմ:
  • Ամէն տեղ կրնայի մտնել:
  • Մարդոցմէ կը պահուըտէի:
  • Ուզածիս չափ տուրմ կ’ուտէի:
  • Դպրոցէն տուն կը փախչէի:
  • Մայրս/ հայրս անակնկալի կը բերէի:
  • Մօրս/ հօրս հեռաձայնովը կը խաղայի:
  • Գաղտնապէս խաղալիկ ծախող խանութ մը կ’երթայի, ուզածս կ’առնէի ու կ’ելլէի:
  • Քոյրս/ եղբայրս/ ընկերս կը վախցնէի:

Ըստ գալիք պատասխաններուն՝ հետեւեալ հարցումներով մասնակիցները կարելի է խօսեցնել«ճիշդ», «պատիժ» եւ «պատասխանատուութիւն» յղացքներուն շուրջ.

«Մէկու մը կողմէ չտեսնուիլը վարմունքէդ ի՞նչ փոխեց»:

«Նոյն բաները պիտի ընէի՞ր եթէ մէկը քեզի կարենար տեսնել»:

«Ի՞նչ բան կ՚արգիլէ որ նոյն բաները ընես, երբ մէկը ըրածդ կրնայ տեսնել»:

«Ո՞վ է ըսողը թէ այս բաները չես կրնար ընել»:

«Ի՞նչ կը պատահի եթէ մէկը քեզի տեսնէ այդ բաները ըրած ատենդ»:

«Վարմունքդ կը տարբերի՞ երբ գիտես թէ մէկը քեզի պիտի տեսնէ, կամ երբ վստահ ես որ մէկը քեզի պիտի չտեսնէ։ Եւ Ինչո՞ւ»: