Քանի մը տուփ ներկ
Սոյն աշխատանքը կը զբաղի արուեստի փիլիսոփայութեան երկու հիմնական հարցումներով. «Ի՞նչ է արուեստը» եւ «Ի՞նչ է գեղեցկութիւնը»: Վերացական արուեստի առաջնորդներէն՝ Վասիլի Քանտինսքիի եւ վիպապաշտ հոսանքի առաջնորդներէն՝ Թոմաս Գոլիի գործերուն վրայ հիմնուելով՝ կը փափաքի արուեստի էութեան վերաբերեալ խնդիրները հարցաքննել:
Հրահրիչ պատմութիւնը կարդալէ առաջ, մասնակիցներուն ցոյց տուէք հետեւեալ երկու նկարները: Մասնակիցներուն կարելի է բաժնել այն էջը, որոնց վրայ նկարները դրուած են քով քովի եւ կամ (եթէ դասարանին մէջ պաստառ մը կայ) կարելի է հեռարձակումով ցուցադրել զանոնք:
Խնդրեցէ՛ք որ մօտաւորապէս վայրկեան մը անձայն կերպով նային պատկերներուն: Ժամանակը լրանալէ ետք, տեղեկութիւններ տուէք երկու աշխարհահռչակ գծագրիչներուն եւ անոնց գործերուն մասին, բացատրելով թէ ո՛ր թանգարաններու մէջ ցուցադրուած են:
Պատկեր-1
Wassily Kandinsky, Painting with red spot, 1914
https://www.wikiart.org/en/wassily-kandinsky/painting-with-red-spot-1914
Պատկեր-2
Thomas Cole, The Oxbow, 1836
https://www.wikiart.org/en/thomas-cole/the-oxbow-the-connecticut-river-near-northampton-1836
Հետեւեալ հրահրիչ պատմութիւնը կարդացէք մասնակիցներուն։ Գրատախտակը բաժնեցէք երկուքի Արամ/Ժիրայր անուններով, որպէսզի կարենան դիւրութեամբ հետեւիլ պատմութեան հերոսներուն եւ անոնց խօսակցութեան: Երբ կարծիքներու փոխանակութեան բաժնին անցնիք, Արամին քովը կարելի է գրել «Պատկեր-1», իսկ Ժիրայրին քովը՝ «Պատկեր-2», որպէսզի մասնակիցները կարենան դիւրութեամբ հետեւիլ:
Քննարկումի հրահրիչ
Կարդացէք հետեւեալ դրուագը:
Արամին բնակած քաղաքը գտնուող թանգարաններէն մէկուն մէջ աշխարհահռչակ նկարիչներու պատկերները պիտի ցուցադրուէին ամիս մը: Այս լուրը տեսնող Արամը յուզումով զայն փոխանցեց իր ընկերոջ՝ Ժիրայրին: Արամ եւ Ժիրայր քանի մը օր ետք միասին գացին թանգարան:
Երբ Արամ եւ Ժիրայր Պատկեր-1ին առջեւ կանգնած էին, Ժիրայրի երեսին վրայ ապշած երեւոյթ մը կար:
Խօսելու սկսան.
Ժիրայր Այս ի՜նչ է: Ասիկա արուե՞ստ է հիմա:
Արամ Այո, անշուշտ արուեստ է: Սա գեղեցկութեան նայէ՛: Ես շատ հաւնեցայ:
Ժիրայր Ի՞նչը գեղեցիկ է ասոր: Այսպիսի բան մը ինչպէ՞ս կը հաւնիս:
Արամ Ինչո՞ւ չէ: Ըստ քեզ՝ գեղեցիկ կրնայ չըլլալ, բայց ըստ իս՝ շատ գեղեցիկ է:
Ժիրայր Չ՚ըլլար անանկ բան: Բան մը կա՛մ գեղեցիկ կ՚ըլլայ, կա՛մ չ՚ըլլար: Յետոյ ես այս պատկերէն ոչինչ հասկցայ: Ի՞նչ պատմել կ՚ուզէ նկարիչը:
Արամ Նկարիչը ինչ կ՚ուզէ պատմել՝ չեմ գիտեր: Բայց երբ այս պատկերին նայեցայ, մտաբերեցի կեանքին թէ՛ գունաւոր եւ թէ՛ բարդ կողմերը:
Ժիրայր Ինչպէ՞ս: Եթէ չես գիտեր թէ ի՛նչ կը պատմէ նկարիչը, ուրկէ՞ կը հնարես ասոնք:
Արամ Ինծի այսպէս խորհիլ տուաւ: Իսկ դուն ի՞նչ կը տեսնես այս պատկերին մէջ երբ նայիս:
Ժիրայր Կտաւին վրայ պարզապէս թափուած մի քանի տուփ ներկ կը տեսնեմ: Ուրիշ ի՞նչ կրնամ տեսնել: Ինչպէ՞ս գեղեցիկ կրնամ գտնել եթէ ոչինչ կը հասկնամ այդ պատկերէն: Ըստ իս՝ այսպիսի բանի մը արուեստ չ՚ըսուիր: Եկո՛ւր նայէ հոն սքանչելի տեսարանով պատկեր մը կայ, երթանք անոր նայինք: Տե՛ս որքան գեղեցիկ է: Ծառեր, ամպեր, գետ, բոլորն ալ որքա՜ն իրական են: Կարծես պատկերէն դուրս պիտի ցատկեն, այնքան իրական են: Ահաւասիկ արուեստ ըսուածը: Եկուր մօտէն նայինք:
Ժիրայրը եւ Արամը գալեցին դէպի Պատկեր-2ին առջեւ։
Սկզբնական հարցում
Ըստ Արամին եւ Ժիրայրին գաղափարներուն, որո՞նք կրնան ըլլալ գեղարուեստական գործի մը պարտադիր յատկութիւնները: Այս երկու անձերը ինչպիսի՞ տարբեր տեսակէտեր ունին արուեստի մասին:
Այս հարցումին նպատակը փիլիսոփայական քննարկումի միջավայր մը ստեղծել չէ: Բուն քննարկուելիք հարցումը ուղղելէ առաջ, փորձ մըն է վերլուծելու պատմութեան հերոսներուն յատուկ արուեստի մօտեցումները: Պատասխանները հետեւեալները կրնան ըլլալ. «Ըստ Արամին՝ արուեստագէտին գաղափարը կարեւոր չէ, բայց ըստ Ժիրայրին՝ կարեւոր է», «Ժիրայրը գեղարուեստական գործի մը մէջ իրականութիւնը կը փնտռէ, իսկ Արամը չի փնտռեր»: Իսկ պատասխաններուն մեծամասնութիւնը եթէ ըլլայ «Արամը առաջին պատկերը, իսկ Ժիրայրը՝ երկրորդը գեղեցիկ գտաւ», «Խարիսխ նետել»ու մեթոտով մասնակիցները ուղղեցէք քննարկումի հարցումին: Ջանացէք քննարկումը սահմանել հետեւեալ հարցումով. «Ըստ Արամին / Ժիրայրին գեղարուեստական գործ մը ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է ունենայ»:
Տրուած պատասխանները գրեցէք գրատախտակին վրայ Արամ եւ Ժիրայր անուններուն տակ: Բոլոր պատասխանները ստանալէ ետք, հարցուցէք քննարկումի հարցումը:
Քննարկումի հարցում
Դուք ո՞ր տեսակէտին աւելի մօտ կը զգաք: Ինչո՞ւ:
Յղացական հարցադրումներ
- Ի՞նչ է արուեստը:
- Ի՞նչ է այդ բանը, որուն շնորհիւ գործը կը նկատուի գեղարուեստական:
- Կա՞ն արդեօք որոշ յատկութիւններ, որոնք պէտք է գտնուին գեղարուեստական գործի մը մէջ: Եթէ կան, որո՞նք են:
- Ի՞նչ է գեղեցկութիւնը:
- Գեղեցկութիւնը ենթակայակա՞ն է, թէ առարկայակա՛ն:
- Գեղեցկութիւնը առարկայի՞ն պատկանող յատկութիւն է, թէ մեկնաբանող անձերէ՞ն կախեալ է:
- Ի՞նչն է որ գեղեցիկ կը դարձնէ գեղեցիկ նկատուած բաները: Ասոնք հասարակաց յատկանիշ մը ունի՞ն:
Հաւանական պատասխաններ
- Ժիրայրը իրաւունք ունի: Առաջին պատկերին ի՛նչ ըլլալը յայտնի չէ, իսկ երկրորդ պատկերը բոլորին ծանօթ տեսարան մը կը ներկայացնէ:
Կարելի է հարցնել թէ. «Գեղարուեստական գործերը աւելի կը հաւնինք, երբ անոնք ծանօթ բանե՞ր ցոյց կու տան»: Եթէ մասնակիցներուն տարիքը յարմար է, կարելի է խօսիլ վերացական արուեստի գաղափարին մասին:
- Ժիրայրը իրաւունք ունի, որովհետեւ առաջին պատկերին վրայ կարծես ներկերը պարզապէս թափուած են:
Կարելի է է քննարկել հետեւեալ հարցումները. «Ենթադրենք որ ներկերը պարզապէս թափուած են. այդ պարագային՝ այս պատկերը գեղարուեստական գործ մը կը նկատուի՞», «Ի՞նչ բանի շնորհիւ գործ մը կը նկատուի գեղարուեստական»։
- Ժիրայրը իրաւունք ունի, որովհետեւ գեղարուեստական գործ մը պէտք է ըլլայ բոլորին հասկնալի նիւթի մը մասին։
- Արամը իրաւունք ունի, որովհետեւ անհրաժեշտ չէ որ գեղարուեստական գործ մը բան մը պատմելու նպատակ ունենայ։Հոս կարելի է քննարկել հետեւեալ հարցումները. «Արուեստը նպատակ մը ունի՞: Արուեստը ի՞նչ բանի համար է»: Կարելի է խնդրել որ մասնակիցները ուրիշ օրինակներ տան, շարժարուեստի, թատրոնի, երաժշտութեան նման մարզերէ ներս:
- Արամը իրաւունք ունի, որովհետեւ կարեւորը արուեստագէտին պատմել ուզածը չէ, այլ ունկնդրողին հասկցածն է։Հոս կարելի է հարցնել հետեւեալ հարցումները. «Բան մը գեղեցիկ գտնելու (բան մը հաւնելու) համար պայմա՞ն է անկէ որեւէ իմաստ մը քաղել»: «Գեղարուեստական գործ մը դիտող կամ ունկնդրող անձի մը մտածողութիւնը, անցեալը, ապրումները, աշխարհահայեացքը այդ գործին մասին իր ունեցած գաղափարներուն վրայ արդեօք կ՛ազդե՞ն։
- Արամը իրաւունք ունի, որովհետեւ ամէն մարդու մօտ՝ գեղեցկութեան հասկացողութիւնը տարբեր է։
Կարելի է քննարկել թէ բան մը գեղեցիկ գտնելը կամ չգտնելը ինչի՞ հետ կապ ունի եւ գեղեցկութիւնը չափանիշ մը ունի՞, թէ չունի:
«Բոլորին կողմէ հաւնուող բանի մը օրինակ կրնա՞ք տալ» հարցումը կարելի է հարցնել: «Այսպիսի բան մը կա՞յ, թէ չէ։ Իսկ եթէ կայ՝ ասոնց միջեւ որեւէ հասարակաց կէտ մը կը գտնուի՞» հարցումները կարելի է քննարկել:
Ասկէ զատ կարելի է հարցնել հետեւեալ հարցումները, որպէսզի քննարկուի արուեստի մէջ հետաքրքրութիւն արթնցնող տարրին ինչ ըլլալը. «Գեղարուեստական գործ մը պարտաւո՞ր է գեղեցիկ ըլլալ, տգեղ գործ մը չի՞ կրնար գեղարուեստական ըլլալ»։