Այս բանաստեղծութի՞ւն է

Այս աշխատանքին նպատակն է քննարկել թէ ինչ է որ տողերը բանաստեղծութեան կը վերածէ։ Այս ուղղութեամբ պիտի գործածուի «անհրաժեշտ պայմաններ - բաւարար պայմաններ» մեթոտը: Նաեւ պիտի քննարկուի հետեւեալ հարցը. գրականութեան եւ արուեստի նման ստեղծարար մարզերէ ներս ընդհանրական օրէնքներ գոյութիւն ունի՞ն, թէ չունի՛ն:

Ձեր գտնուած վայրը եթէ գրատախտակ մը կայ, հետեւեալ տողերը գրեցէք: Եթէ չկայ, մեծ թուղթի մը վրայ, տողերը անպայման բանաստեղծութեան մը նման տակ տակի գրուած ձեւով ցոյց տուէք եւ կարդացէք։ Վստահ եղէք որ բոլոր մասնակիցները կը տեսնեն։

Քննարկումի հրահրիչ

Ես

կրնամ

բանաստեղծութիւն մը

գրել

եւ ասիկա

բանաստեղծութիւն

մըն է։

Քննարկումի հարցում

Ձեզի համար ասիկա բանաստեղծութի՞ւն է, թէ ո՛չ։  Ինչո՞ւ:

Մի՛ մոռնաք որ քննարկումին նպատակը ո՛չ օրէնքներու գոյութիւնը կամ չգոյութիւնը փաստել է, ո՛չ ալ վերը նշուած տողերուն բանաստեղծութիւն ըլլալ կամ չըլլալը։ Այս քննարկումին սահմաններէն դուրս կը մնան նաեւ գրականագիտական բանավէճերը։ Դուք, որպէս ուղեկից, նոյնիսկ եթէ այս նիւթերուն շուրջ ձեր անձնական կարծիքը ունիք, քննարկումի ընթացքին պէտք է փորձէք ցոյց տալ, թէ բանաստեղծութիւններու եւ այլ արուեստներու շուրջ նման քննարկումներ կրնան տեղի ունենալ։ Նոյնպէս պէտք է փորձէք մասնակիցներուն քով միտք բանեցնելու սովորութիւնը զարգացնել։

Յղացական հարցադրումներ
  • Բանաստեղծութիւնը ի՞նչ է:
  • Ի՞նչ բան գրութիւն մը բանաստեղծութեան կը վերածէ:
  • Բանաստեղծութիւն մը ինչո՞վ կը զանազանուի քով քովի շարուած նախադասութիւններէ:
  • Ամէն մարդ կրնա՞յ բանաստեղծութիւն գրել:
  • Ո՞վ է բանաստեղծը:
  • Գրականութեան եւ արուեստի նման մարզերէ ներս ընդհանրական օրէնքներ գոյութիւն ունի՞ն:
Հաւանական պատասխաններ
  • Բանաստեղծութիւն չէ, որովհետեւ գրողը յայտնի է որ բանաստեղծ մը չէ։
  • Բանաստեղծութիւն չէ, որովհետեւ գրութիւնը հանրածանօթ բանաստեղծի մը չի պատկանիր։
  • Բանաստեղծութիւն է եթէ գրողը բանաստեղծ մըն է։

Եթէ նման պատասխաններ գան, քննարկումը կարելի է ընդլայնել հետեւեալ հարցումներով. «Բանաստեղծութիւն գրելու համար բանաստեղծ ըլլալը անհրաժե՞շտ է: Որո՞ւն  «բանաստեղծ» կ՚ ըսուի»: Քննարկումը կարելի է շարունակել հարցնելով հետեւեալը. «Պատասխանը կը փոխուի՞ եթէ գիտնանք որ այս տողերը գրողը բանաստեղծ մըն է»:

  • Բանաստեղծութիւն չէ, քանի որ յանգաւոր չէ:

Կարելի է հարցնել՝ «Բանաստեղծութիւնները անպայման յանգաւո՞ր պէտք է ըլլան: Առանց յանգի բանաստեղծութիւն մը գիտէ՞ք», «Յանգաւոր ըլլալը բաւարա՞ր է որ գրութիւն մը բանաստեղծութիւն ըլլայ»:

Կրնաք քննարկումը խորացնել բանաստեղծի մը առանց յանգի քանի մը տողերը կարդալով եւ հարցնելով՝ «Ձեզի համար այս արտասանածս բանաստեղծութի՞ւն մըն է»:

  • Բանաստեղծութիւն չէ, քանի որ շատ կարճ է:

Կարելի է հարցնել՝ «Ի՞նչ երկարութեամբ պէտք է ըլլայ բանաստեղծութիւն մը»: Կարելի է արուեստի այլ տեսակներէն օրինակներ տալ եւ հարցնել, թէ «Օրինակ՝ շատ կարճ երաժշտութիւն մը, շատ կարճ ժապաւէն մը, փոքրաչափ նկար մը կարելի չե՞ն»: Կրնաք կարճ բանաստեղծութիւն մը կարդալ եւ հարցնել՝ «Ձեզի համար այս արտասանածս բանաստեղծութի՞ւն մըն է»:

  • Բանաստեղծութիւն մըն է, քանի որ գրող անձը կ՚ըսէ թէ բանաստեղծութիւն է:

Այստեղ կարելի է հարց տալ թէ «Ձեզի համար ի՞նչ բան փոխուեցաւ երբ գրողը ըսաւ թէ իր գրածը բանաստեղծութիւն մըն էր»: Քննարկումը կարելի է շարունակել հարցնելով՝ «Գործ մը իբրեւ արուեստ ընդունելու համար, անհրաժե՞շտ է որ այդ գործը ստեղծողին կողմէ իբրեւ արուեստ յայտարարուած ըլլայ»:

Նաեւ կարելի է հետեւեալ երկու հարցումը հարցնել՝

«Եթէ միայն «Ես կրնամ բանաստեղծութիւն մը գրել» ըսուէր, պարագան տարբեր կ՚ըլլա՞ր: Ինչո՞ւ»:

«Հապա եթէ «Ես չեմ կրնար բանաստեղծութիւն մը գրել եւ ասիկա բանաստեղծութիւն մը չէ» ըսուէր, ի՞նչ բան կը փոխուէր: Ինչո՞ւ»։

  • Բանաստեղծութիւն է, քանի որ գաղափար մը կը պարունակէ։
  • Բանաստեղծութիւն է, քանի որ բան մը ըսելու կը ջանայ:

Հոս կարելի է հարցնել թէ «Ձեզի համար ի՞նչ գաղափար կը պարունակեն այս տողերը»: Քննարկումը կարելի է ընդլայնել հետեւեալ հարցումներով.

«Գաղափարի մը գոյութիւնը ի՞նչ կը փոխէ գրութեան մէջ»:

«Առանց գաղափարի բանաստեղծութիւն կրնա՞յ ըլլալ»:

«Այս տողերը ի՞նչպէս կը զանազանուին գաղափար մը պարունակող արձակ գրութենէ մը»:

«Որեւէ արձակ գրութիւն մը ի՞նչ բանի շնորհիւ կը վերածուի գրական գործի»:

Քննարկումը կարելի է շարունակել «արուեստ» յղացքին շուրջ եւ կարելի է խորացնել «Առանց գաղափարի արուեստի ստեղծագործութիւն կրնա՞յ ըլլալ» հարցումով:

Քննարկումը հետապնդելու համար կարելի է հարցնել՝ «Ըստ ձեզի՝ գրականութեան եւ արուեստի նման ստեղծարար մարզերէ ներս որքա՞ն ընդունելի են պարտադիր օրէնքները, պայմանները, անհրաժեշտութիւնները…»:

Հետեւաբար, քննարկումի ընթացքին մէջտեղ եկած միտքերը եւ կարծիքները մէջբերելով, կարելի է քննարկել, եթէ ստեղծարար մարզերէ ներս ընդհանրական օրէնքներ կրնա՞ն տեղ գտնել, թէ չէ՛: