Ծովածիրը

Այս քննարկումը հիմնուած է «Թեսէոսի նաւը» անուանումով յայտնի փիլիսոփայական խնդրին վրայ։ Ըստ յոյն պատմաբան Պլուտարկոսի, Թեսէոսի նաւը պատերազմէ ետք կը վերադառնայ Աթէնք եւ երկար ժամանակ այդտեղ կը մնայ։ Ժամանակի ընթացքին, երբ նաւուն տարբեր մասերը կը հիննան, անոնք մէկ առ մէկ կը փոխարինուին նորերով։ Ատեն մը ետք, նաւուն բոլոր բաժինները փոխուած կ՚ըլլան։ Փիլիսոփայութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին, «Թեսէոսի նաւը» դրուագը գործածուած է փոփոխականը եւ անփոփոխը բնութագրելու, ինչպէս նաեւ կերպարանքի եւ բնոյթի նման յղացքներ քննարկելու համար։

Քննարկումի հրահրիչ

Կարդացէք հետեւեալ դրուագը:

Ծովածիրը բեռնակիր նաւ մըն է, որ տարիներ շարունակ, նաւահանգիստէ նաւահանգիստ, զանազան երկիրներու միջեւ բեռ փոխադրած է։ Ծովածիրը փայտէ տախտակամած, բարձր կայմ մը եւ ընդարձակ առագաստներ ունի։ Ծովածիրը այնքան շատ կը ճամբորդէ, որ ժամանակի ընթացքին կարգ մը մասերը կը հիննան։ Երբեմն փայտէ մարմինը կը վնասուի, երբեմն կայմը կը կոտրուի, երբեմն առագաստները կը պատռին։ Ամէն նաւահանգիստ վերադառնալուն, կը փոխարինուի Ծովածիրին վնասուած մասը։ Օր կու գայ, Ծովածիրին բոլոր մասերը այլեւս փոխուած կ՚ըլլան։ Այլեւս հին Ծովածիրէն մաս մը իսկ չէ մնացած։

Հրահրիչ պատմութիւնը կարդալէ ետք, ուղղեցէք հետեւեալ քննարկումի հարցումը եւ սկսեցէք քննարկումը։ Այս ընթացքին, «Յղացքներու քարտէս» մեթոտը գործածեցէք, որպէսզի բոլոր մասնակիցները դիւրութեամբ կարենան հետեւիլ քննարկումի ընթացքին։

Քննարկումի հարցում

Բոլոր մասերը փոխելէն ետք, Ծովածիրը տակաւին կը շարունակէ՞ ըլլալ Ծովածիր։ Թէ՞, այլ նաւ մըն է այլեւս։

Յղացական հարցադրումներ
  • Եթէ բանի մը բոլոր մասերը փոխուած են, կը մնա՞յ այն ինչ որ է։
  • Ի՞նչն է, որ բան մը կը դարձնէ ա՛յն ինչ որ է։
  • Իրերը սեփական իսկութիւն ունի՞ն։
  • Երեւոյթին եւ իսկութեան միջեւ յարաբերութիւնը ի՞նչ է։
  • Ի՞նչ կը նշանակէ փոխուիլ։
Հաւանական պատասխաններ
  • Նոյնիսկ եթէ նաւուն միայն մէկ մասը փոխուի, ան արդէն իսկ ուրիշ նաւ մը դարձած է։
    Կարելի է բանալ ինքնութիւն-անձնականութիւն նիւթը։ Կարելի է ըսել «Ուրեմն եթէ ես ակռայ մը կորսնցնեմ, ես ուրի՞շ մէկը կը դառնամ»։ Այստեղ կարելի է խօսիլ շնչաւոր եւ անշունչ էակներու միջեւ տարբերութեան մասին։ Անձնականութիւն, ինքնութիւն, շնչաւորութիւն (կենդանութիւն), հոգի, յիշատակներ, յիշողութիւն եւ այլ նման նիւթերու շուրջ կարելի է խօսիլ։
  • Նաւուն բոլոր մասերը փոխուելու պահին է որ նաւը այլ նաւ մը կը դառնայ։
    Կարելի է հարցնել «Վերջին չփոխուած բաժի՞նն է, որ նաւը կը պահէր ինչ որ էր, այսինք՝ Ծովածիր»։
  • Նոյնիսկ եթէ նաւուն բոլոր մասերը փոխուին, մարդիկ նաւը տակաւին Ծովածիր պիտի անուանեն, այդ պատճառով կը մնայ նոյն նաւը։
    Կարելի է անուններու եւ անուանումի մասին խօսիլ։
  • Որովհետեւ գործածուած նիւթերը նոյնն են եւ Ծովածիր տակաւին նոյն տեսքը ունի, ուրեմն նոյն նաւն է։
    Կարելի է հարցնել թէ իրավիճակը կը փոխուէ՞ր եթէ այլ նիւթ մը գործածուէր, օրինակ նախապէս փայտեայ մասերուն փոխարէն մետաղեայ մասեր դրուէր։
  • Եթէ մարդիկ կը խորհին որ նոյն նաւն է, ուրեմն նոյն նաւն է։
Քննարկումը շարունակելու հրահրիչ

Կարդացէք հետեւեալ դրուագը:

Ծովածիրի նախկին մասերը երկար տարիներ նաւահանգիստին մէջ պահող վարպետը մասերը իրար միացնելով նոր նաւ մը կը կառուցէ։

Քննարկումը շարունակելու հարցում

Այս նաւերէն ո՞ր մէկն է Ծովածիրը։

Հաւանական պատասխաններ
  • Առաջին Ծովածիրը պիտի մնայ միշտ Ծովածիր, որովհետեւ մաս առ մաս փոխուած է եւ միշտ ան եղած է Ծովածիրը։
    Կարելի է հարցնել ՝ «Մէկ անգամէն եթէ մասնատուեր եւ կրկին հաւաքուէր, տարբեր կ՚ըլլա՞ր իրավիճակը»։ Ժամանակի, յիշողութեան եւ յիշատակներու մասին կարելի է խօսիլ։
  • Մարդիկ միշտ առաջին նաւը տեսած են որպէս Ծովածիր, բնաւ կարեւոր չէ մասերուն փոխուիլը։
    Կարելի է անուններու եւ անուանումի մասին խօսիլ։
  • Երկրորդ նաւն է Ծովածիրը, որովհետեւ նաւը կազմուած է բուն Ծովածիրին մասերով։
    Կարելի է խօսիլ ինքնատպութեան չափանիշներու մասին։
Եթէ տակաւին ժամանակ կայ...

Կարելի է յաւելեալ հրահրիչով մը շարունակել քննարկումը։ Երբ քննարկումի երկրորդ բաժինը հասնի իր աւարտին, քով քովի դրէք նոյն մարդուն ծերութեան եւ երիտասարդութեան լուսանկարները, եւ ըսէք, որ նոյն անձին կը պատկանին։ Եթէ մասնակիցներուն տարիքը յարմար է, կարելի է այս տեղեկութիւնը տալ. ըստ գիտնականներուն, մօտաւորապէս 7 տարին մէկ՝ մարդարարածի բոլոր բջիջները կը նորոգուին։ հարցուցէք՝ «Այս պարագային, լուսանկարին տէրը, նո՞յն անձն է։»

Հաւանական պատասխաններ
  • Այո անձը նոյնն է, որովհետեւ իր հոգին-միտքը նոյնն են։
  • Զինք ճանչցող մարդիկը նոյնն են։
  • Անձը նոյն բնաւորութիւնը ունի։
  • Անձը նոյն յիշողութիւնները ունի։
    Եթէ նաւուն քննարկումին ժամանակ մտային գոյութեան նիւթը չէր բացուած, այժմ կարելի է խօսիլ այդ մասին։ Կարելի է հարցնել հետեւեալ եւ այլ հարցումներ՝ «Եթէ անձ մը յիշողութիւնը կորսնցնէ, այլեւս ուրի՞շ մէկն է։», «Եթէ մեր մտածումները ժամանակի ընթացքին փոխուին, կը շարունակե՞նք նոյն անձը մնալ։»

Քննարկումի ընթացքին կարելի է ցոյց տալ Ծովածիրը ներկայացնող առարկայ մը, այսպիսով տեսողական դարձնել պատմութիւնը։ Կարելի է գործածել լեկօներ, թուղթի կամ փայտի կտորներ։ Ամէն մէկ կտորէն կարելի է ունենալ երկու հատ։ Կտորները կարելի է փոխել պատմութիւնը պատմելու ընթացքին եւ քննարկումին երկրորդ բաժինը երբ հասնի՝ երկրորդ նաւ մը կազմել։