Թթուաշ

Յղացաչափ մեթոտը գործածելով, այս քննարկումը նիւթ կ՚առնէ «համաձայնութիւն» յղացքը: Եթէ վստահ չէք թէ մասնակիցներուն մէկ մասը «համաձայնութիւն» բառին ծանօթ են թէ չէ, կը թելադրենք այս քննարկումը աչքէ անցնել։ «Համաձայնութիւն ի՞նչ ըսել է» հարցումին պատասխան տալ կը նշանակէ թէ դուք համաձայնութեան մասին ձեր գաղափարները կ'արտայայտէք: Այս պարագան քննարկումի ընթացքին կրնայ ուղղութիւն տալ: Ինչպէս նաեւ կը մատնանշենք ուղեցոյցին մէջ, բոլոր քննարկումները պէտք է կիրարկուին ըստ մասնակիցներու լեզուական մակարդակներուն: Այսպիսի պարագայի մը կարելի է գործածել տարբեր բառ մը, եթէ այդ մէկը աւելի յարմար կը գտնէք մասնակիցներու կարիքներուն եւ քննարկումի փիլիսոփայական ենթահողին:

Քննարկումի հրահրիչ

Նախքան հանդիպումը, վարի 9 նախադասութիւնները երկուքական անգամ գրեցէք քննարկումներու բոլոր մասնակիցներուն տեսանելի մեծութեամբ թուղթերու վրայ:

Մասնակիցները երկու խումբի բաժնեցէք: Հրահրիչը կարդացէք եւ թուղթերը խումբերուն տուէք: Խումբերը առաջնորդեցէք «համաձայնութիւն» նիւթին շուրջ իրենց տրուած 9 նախադասութիւնները մեկնաբանելու եւ «համաձայնաչափ» մը կազմելու միտումով, նախադասութիւնները շարելով ամենէն շատ համաձայնութիւն պարունակողէն դէպի ամենէն քիչ պարունակողը:

Յակոբը եւ Նունէն շուկայէն վերադարձին կը սկսին վիճաբանիլ թէ թթուաշը ինչպէս պէտք է պատրաստուի: Յակոբը կ’ըսէ թէ թթուաշը պէտք է պատրաստուի լեմոնով, իսկ Նունէն կ’ըսէ քացախով: Երկար վիճաբանութիւններէ ետք…

  1. Յակոբը իր թթուաշը կը պատրաստէ լեմոնով, իսկ Նունէն քացախով:
  2. Յակոբը իր թթուաշը կը պատրաստէ քացախով, իսկ Նունէն լեմոնով:
  3. Յակոբը եւ Նունէն թթուաշը կը պատրաստեն լեմոնի ու քացախի խառնուրդով մը:
  4. Յակոբը եւ Նունէն թթուաշը կը պատրաստեն նուռի ռուփով:
  5. Յակոբը Նունէին կ’ըսէ «Եթէ թթուաշը քացախով պատրաստես, այլեւս հետդ չեմ խօսիր»: Թթուաշը կը պատրաստեն լեմոնով:
  6. Յակոբը եւ Նունէն կը տատամսին ու կ’որոշեն Թուիթըրի հարցախոյզ մը ընել: Հարցախոյզին արդիւնքը կ՚ըլլայ 49 տոկոս լեմոն եւ 51 տոկոս քացախ: Թթուաշը կը պատրաստեն քացախով:
  7. Վիճաբանութեան ընթացքին կը միջամտէ իրենց ընկերոջ մայրիկը ու կ՚ըսէ «Թթուաշը հարկաւ որ լեմոնով կը պատրաստուի»: Թթուաշը կը պատրաստեն լեմոնով:
  8. Վիճաբանութեան ընթացքին հեռատեսիլէն լուր մը կը տեսնեն՝ «Թթուաշ պատրաստելը արգիլուած է»: Թթուաշ չեն պատրաստեր:
  9. Յակոբը եւ Նունէն վիճաբանութիւնը երկնցնել չեն ուզեր ու կ՚որոշեն թթուաշ չպատրաստել։
Յղացական Հարցադրումներ
  • Ի՞նչ է համաձայնութիւն ըսուածը:
  • Մարդիկ ո՞ր պարագային համաձայն կ՚ըլլան:
  • Համաձայնութիւն գոյացած կ՚ըլլա՞յ, եթէ իւրաքանչիւրը իր անհատական գաղափարը կիրարկէ։
  • Համաձայնութիւն գոյացած կ՚ըլլա՞յ, եթէ իւրաքանչիւրը իր գաղափարէն հրաժարի։
  • «Միջին եզր» գտնելը համաձայնի՞լ է:
  • Համաձայնութիւնը պէտք է որ իշխանութի՞ւն մը հաստատէ:
  • Անհրաժե՞շտ է համաձայնիլ։

Երբ լրանայ խմբային քննարկումի տրամադրուած ժամանակը, խումբերէն խնդրեցէ՛ք որ ներկայացնեն քննարկումին ընթացքը և արդիւնքները: Քննարկումի ընթացքին «Յղացքներու քարտէս» մը կազմելով՝ աւելի դիւրութեամբ պիտի կարենաք հետեւիլ երկու խումբերու գաղափարներուն:

Հաւանական պատասխաններ
  • Թթուաշը լեմոնի ու քացախի խառնուրդով եւ նուռի ռուփով պատրաստելու գաղափարը համաձայնութիւն է:
    Հոս կարելի է խօսիլ երկուքին միջեւ տարբերութեան մասին: Նաեւ հարց տալ, թէ համաձայնութիւնը միայն մէ՞կ գաղափար ընդունիլ կը նշանակէ թէ՞ չէ:
  • Մայրիկին ըսածը կիրարկելը համաձայնութիւն է:
    Կարելի է հարցնել թէ համաձայնութիւնը արտաքին հեղինակութեան մը կողմէ՞ պէտք է հաստատուի: Քննարկումը կարելի է շարունակել առօրեայ կեանքէն զանազան օրինակներով:

  • Թուիթըրի հարցախոյզին յարմարիլը համաձայնութիւն է:
    Կարելի է հարցնել թէ մեծամասնութեան որոշումին կիրարկումը համաձայնութո՞ւն է։ Կարելի է քննարկել ժողովրդավարութեան գաղափարը զանազան օրինակներով:

  • Իւրաքանչիւրին իր սկզբնական գաղափարը կիրարկելը համաձայնութիւն չէ:
  • Վիճաբանութիւնը երկնցնել չուզել եւ այս պատճառաւ թթուաշ չպատրաստելու որոշում առնելը համաձայնութիւն է / համաձայնութիւն չէ:
    Քննարկումին յաջորդ բաժիններուն կարելի է խօսիլ վերջին երկու հաւանական պատասխաններուն շուրջ. «համաձայնութիւնը անհրաժե՞շտ է, թէ՞ չէ»:

Խումբերը կազմելու ընթացքին, առանց զգացնելու խումբը խառնեցէք, նաեւ մասնակիցներէն աւելի քիչ կամ շատ խօսք առնողները եւ կամ բարեկամները իրարմէ զատելը աւելի օգտակար կրնայ ըլլալ: Այս նպատակով կարելի է մասնակիցները խումբերու բաժնել կարգով՝ 1-2-1-2... արագօրէն թիւ տալով:

Խումբերու ներկայացումներուն ընթացքին կարեւորը արդիւնքը չէ, այլ պատմելն է, թէ ինչպէս հասած են այդ արդիւնքին: Հոս ներկայացուցիչ մը կարելի է ընտրել, բայց նոյնքան ալ առիթ պէտք է ստեղծել որպէսզի խօսիլ փափաքողները կարենան խօսք առնել: Տարբեր անձերու խօսք առնելը կը նպաստէ քննարկումի ընթացքին մէջտեղ եկած բոլոր գաղափարներու արտայայտուելուն։

Խումբերու մէջ կամ ընդհանուր բոլոր քննարկումներուն ընթացքին, կարեւոր է մասնակիցները գիտակցին, որ իրենց գաղափարները փոփոխութեան եւ կամ վերանայումի կարելի է ենթարկել: Մասնակիցները պէտք է գիտնան թէ քննարկումին նպատակը խումբի մը կամ անձի մը որեւէ գաղափարը կուրօրէն պաշտպանել չէ: Հակառակ պարագային քննարկումը վիճաբանութեան կը վերածուի ու կը հեռանայ իր նպատակէն: Խումբերու ներկայացումներէն ետք, կարելի է խօսք տալ այն մասնակիցներուն, որոնք քննարկումի ընթացքին իրենց կարծիքը փոխած են։