Այս քարը որո՞ւնն է

Այս աշխատանքին նպատակը «սեփականատիրութեան» գաղափարը քննարկել է: Իբրեւ քաղաքականութեան փիլիսոփայութեան նիւթ, սեփականատիրութիւնը առնչուած է միաժամանակ տնտեսական կառուցուածքին, արտադրողական ու ընկերային յարաբերութիւններուն, աշխատանքի գաղափարին, ինչպէս նաեւ իրաւաբանութեան: Քննարկումը կը ձեւաւորուի հետեւեալ հարցումներուն շուրջ. «Ի՞նչ կը նշանակէ սեփականատիրութիւն», «Ի՞նչ կը նշանակէ բանի մը տէր ըլլալ», «Ինչպիսի՞ պայմաններու տակ կարելի է բանի մը տէր ըլլալու պահանջ ներկայացնել», «Ի՞նչ կը նշանակէ աշխատանք»:

Նկատի ունենալով, որ այս քննարկումը կը բաղկանայ երկու մասերէ, ձեր ժամանակը երկուքի բաժնեցէք: Երկու քննարկումներու  հարցումներուն համար ալ հաւասար ժամանակ տրամադրեցէք: Հրահրիչին առաջին բաժինը մասնակիցներուն կարդալէ ետք, քննարկումի հարցումը հարցուցէք եւ խնդրեցէ՛ք որ սկսի քննարկումը:

Խմբային քննարկումի ժամանակը երբ լրանայ, խումբերուն հարցուցէք թէ ինչպէ՛ս անցաւ քննարկումը եւ ի՛նչ եղաւ արդիւնքը: Քննարկումի ընթացքին՝ խումբերու գաղափարներուն դիւրութեամբ հետեւիլ կարենալու համար կարելի է Յղացքներու Քարտէսը գործածել:

Քննարկումի հրահրիչ

Այբ եւ Բեն երբ ճամբան կը քալէին, Այբը գետինը քար մը գտաւ եւ ըսաւ. «Որքա՛ն գեղեցիկ քար մըն է. շատ հաւնեցայ: Այլեւս այս քարը իմս է»: Բենը քարին նայեցաւ ու ըսաւ. «Ես ալ շատ հաւնեցայ: Այդ քարը իմս է»: Հետեւաբար Այբ եւ Բենը սկսան վիճաբանիլ, թէ որուն կը պատկանէր այդ քարը:

Բոլոր գաղափարները լսելէ ետք, հրահրիչին շարունակութիւնը կարդացէք: Երկրորդ քննարկումի հարցումը հարցնելով անցէք քննարկման երկրորդ բաժնին:

Երկրորդ հրահրիչ

Այբ եւ Բեն երբ ճամբան կը քալէին, Այբը գետինը քար մը գտաւ եւ ըսաւ. «Որքա՛ն գեղեցիկ քար մըն է. շատ հաւնեցայ: Այլեւս այս քարը իմս է»: Բենը քարին նայեցաւ ու ըսաւ. «Ես այս քարը քանդակելով՝ կրնամ շատ գեղեցիկ ձիու կերպարանք մը երեւան բերել»: Քարը առաւ ու սկսաւ քանդակել: Քանի մը ժամ ետք շատ գեղեցիկ ձիու կերպարանք մը մէջտեղ ելաւ:

Քննարկումի հարցում

Այս պարագային քարը որո՞ւն կը պատկանի։ Ինչո՞ւ։

Յղացական հարցադրումներ
  • Ի՞նչ կը նշանակէ սեփականատիրութիւն:
  • Ի՞նչ կը նշանակէ բանի մը տէր ըլլալ:
  • Ինչպիսի՞ պայմաններու տակ կարելի է բանի մը տէր ըլլալու պահանջ ներկայացնել:
  • Բնութեան մէջ գտնուող առարկաներուն համար պահանջ կրնա՞նք ներկայացնել:
  • Ի՞նչ կը նշանակէ աշխատանք:
  • Ի՞նչ կը նշանակէ բանի մը վրայ աշխատանք թափած ըլլալ:
Հաւանական պատասխաններ
  • Քարը կը պատկանի Այբին, որովհետեւ նախ ինքը տեսաւ:
  • Քարը կը պատկանի Այբին, որովհետեւ նախ ինքը «Իմս է» ըսաւ:

Հոս կարելի է մասնակիցներուն մտածել տալ «սեփականատիրութիւն» գաղափարին մասին հետեւեալ հարցումով. «Ի՞նչ պայմանաւ բանի մը կը տիրանանք»: «Տարբերութիւն մը կա՞յ “առաջին տեսնողը ե՛ս եմ” եւ “ի՛մս է” ըսելուն միջեւ։ Եթէ կայ, ի՞նչ է տարբերութիւն»ը։ Այս  հարցումները ուղղելով կարելի է թափ տալ քննարկումին: Իսկ «Այբը այս քարը ուրիշի մը կրնա՞յ տալ: Այբը այս քարը ուրիշի մը կրնա՞յ ծախել: Այբը այս քարը ուրիշի մը վարձու կրնա՞յ տալ» հարցումներով կարելի է ընդլայնել սեփականատիրութեան նիւթը:

  • Քարը որուն որ գործին պիտի ծառայէ, անո՛ր պէտք է ըլլայ:

Կարելի է հարցնել թէ «Ո՞վ, ինչպէ՞ս կ’որոշէ թէ որուն գործին պիտի ծառայէ քարը», «Որո՞ւնը պէտք է ըլլայ եթէ երկուքն ալ կը պնդեն թէ իրե՛նց գործին պիտի ծառայէ», «Միայն հաւնիլը ինչո՞ւ բաւարար չէ: Գործի մը ծառայելը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է»:

  • Քարին համար պայքարիլ պէտք պիտի ըլլայ: Ով որ տիրանալու իրաւունքը ստանայ, ա՛ն է որ պէտք է առնէ քարը:

Հոս կարելի է քննարկել թէ պայքարը ի՞նչ ձեւի տակ պէտք է տեղի ունենայ: Կարելի է հարց տալ նաեւ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «բանի մը տիրանալու իրաւունքը ստանալ»:

  • Քարը պէտք է երկուքի բաժնեն: Հետեւաբար երկուքին ալ կը պատկանի:

Կարելի է ընդլայնել քննարկումը հետեւեալ հարցումներով. «Մարդիկ ի՞նչ բանի կրնան տիրանալ, ի՞նչ բանի համար պահանջ կրնան ներկայացնել»: «Վիճակը կը փոխուի՞, եթէ բնութենէն հաւաքուած քարերով տուն մը շինուի», «Ծառերը, գետերը, ծովերը տէր ունի՞ն», «Երկինքը տէր ունի՞»:

  • Քարը Բենին կը պատկանի, որովհետեւ քարը քանդակելով՝ տարբեր ձեւ մը մէջտեղ բերաւ:

Հոս կարելի է քննարկել «աշխատանք» գաղափարը: «Ի՞նչ ըրած եղաւ քարը քանդակելով» հարցումին ընդմէջէն՝ կարելի է մտածել տալ արտադրողութեան, աշխատանքի եւ ժամանակի մասին: Որպէս շարունակութիւն, հետեւեալ հարցումով կարելի է ընդլայնել քննարկումը ընդգրկելով արտադրողական յարաբերութիւնները. «Իսկ եթէ Բենը Այբին դանակը փոխ առած է քարը քանդակելու համար. պարագան կը փոխուի՞: Ինչո՞ւ»: