Ճամբայ շինելու աշխատանք

Սոյն աշխատանքին նպատակն է քննարկել «ժողովրդավարութեան», «ուղղակի ժողովրդավարութեան» եւ «հաւաքական որոշում»ի նման նիւթեր, երեւակայական «թաղային հանրաքուէի» մը օրինակով: Ժողովրդավարութեան երեւոյթը հնադարեան Յունաստանէն ի վեր քննարկուող նիւթ մըն է։ Ուղղակի ժողովրդավարութիւնը, հակադրուած «ներկայացուցչական» տեսակին, այն պարագան է, երբ քաղաքացիները առանց միջնորդի, ուղղակի կը մասնակցին որոշում տալու գործընթացքին: Արդի աշխարհին մէջ, ուղղակի ժողովրդավարութիւնը ընդհանրապէս հանրաքուէներու միջոցաւ կ՚իրականանայ։
Մեր այս աշխատութեամբ՝ կ՚ուզենք կեդրոնանալ ուղղակի ժողովրդավարութեան յղացքին վրայ, քննարկելով թէ քաղաքացիները, հաստատութիւնները, պատասխանատու անձերը եւ կամ գիտնականները ի՞նչ որոշումներու վրայ եւ ի՞նչ աստիճանի ազդեցութիւն կրնան ունենալ:

Հրահրիչը կարդալէ առաջ, խումբին ուղղեցէք հետեւեալ հարցումը. «Ձեր բնակած շէնքին, փողոցին կամ թաղին մէջ որեւէ նիւթի մասին որոշում կայացնելու անհրաժեշտութիւն գոյացա՞ծ է երբեւիցէ: Եթէ գոյացած է, այս որոշումը ի՞նչ ձեւով առնուած է»: Բոլոր պատասխանները լսելէ ետք, հրահրիչը կարդացէք եւ քննարկումի հարցումը ուղ­ղե­լով սկսեցէք քննարկումը: Այս ընթացքին, Յղացքներու քարտէս մեթոտը գործածեցէք, որպէսզի բոլոր մասնակիցները դիւրութեամբ կարենան հետեւիլ քննարկումին։

Քննարկումի հրահրիչ

Կեդրոնական թաղին մէջ 5000 հոգի կը բնակէր: Իսկ թաղին հիւսիսային մասը, ուր կը գտնուէին բազմաթիւ պատմական ու տեսարժան վայրեր, նաեւ գործատեղիներ, բնակչութիւնը 500 հոգիի շուրջ էր, բայց օրուան մէջ հազարաւորներ հոն կ’այցելէին եւ առուտուր կ՚ընէին:

Հիւսիսային մասին ամենէն բանուկ պողոտային եւ անոր կապուած փողոցներուն գետինը պատմական արժէք ունեցող քարերով սալայատակուած էր: Բայց այդ քարերը ժամանակի ընթացքին վնասուած ու մաշած էին: Քաղաքապետարանին կողմէ գետինի նորոգութեան լուրերը երբ սկսան տարածուիլ, միեւնոյն ժամանակ վիճաբանութիւններն ալ սկսան: Քաղաքապետարանի պաշտօնեաներու յայտարարութեան համաձայն, փոխանակ քարերուն նախատիպարին հաւատարիմ մնալու, գետինը պիտի նորոգուէր ասֆալթով, որպէսզի շինութեան եւ պահպանութեան ծախսերը նուազէին:

Այս ձեւով պողոտան արագօրէն պիտի նորոգուէր, թաղը այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը պիտի չնուազէր եւ նիւթական կորուստ պիտի չըլլար:

Լուրը դարձաւ բնակիչներուն օրակարգը՝ տեղական թերթերուն եւ ընկերային ցանցերու թաղային խումբերուն միակ նիւթը:

Հիւսիսային մասի, ուրեմն պողոտային կապուած փողոցներու բնակիչներուն մեծամասնութիւնը ասֆալթի որոշումէն գոհ էր: Որովհետեւ մանաւանդ անձրեւոտ եւ ձիւնոտ օրերուն, պատմական սալայատակին վրայ սահելէն եւ իյնալէն զզուած էին: Կ՚ըսէին թէ այս վիճակը մանաւանդ երեխաներուն եւ ծերունիներուն համար վտանգաւոր է: Բացի այդ, կը գանգատէին նաեւ այս քարոտ փողոցներէն ինքնաշարժ վարելու դժուարութենէն, ու կը մտածէին թէ ասֆալթը այս հարցն ալ պիտի լուծէր: Բայց թաղին մնացեալ բնակիչներուն մեծամասնութիւնը դէմ էր ասֆալթին եւ կը պահանջէր որ հին սալայատակը նորոգուի: Ասոնց տուները այս մասին մէջ չէին, բայց նորէն ալ, իբրեւ թաղի բնակիչներ, կը մտածէին թէ իրենց կարծիքն ալ պէտք է նկատի առնուի:

Տեսնելով որ վէճը կը ծաւալի, քաղաքապետարանի պաշտօնեաները քաղաքաշինարարներէ բաղկացած գիտական խորհրդատու յանձնաժողով մը կազմեցին: Ըստ յանձնաժողովին կատարած ուսումնասիրութեան, սալայատակին նորոգութիւնը պիտի բարձրացնէր ծախսը եւ շինարարական աշխատանքը աւելի երկար պիտի տեւէր, սակայն պիտի նպաստէր թաղամասին պատմական ոճին պահպանման. ասֆալթը չէր յարմարեր այդ ոճին: Այս կարծիքը ներկայացուեցաւ թաղեցիներուն, բայց վիճաբանութիւնները չդադրեցան:

Այն ատեն՝ քաղաքապետարանը որոշեց թաղային հանրաքուէ մը կազմակերպել, որպէսզի որոշումը տրուի թաղեցիներու կողմէ: Հանրաքուէին արդիւնքը եղաւ 75 տոկոս ի նպաստ հին նախատիպարին յարմար ձեւով նորոգելուն: Հիւսիսային մասի քուէներէն յայտնի էր, որ հոն բնակողներուն մեծամասնութիւնը փողոցը ասֆալթով պատելու ի նպաստ քուէ տուած էր բայց չէր կրցած ազդել արդիւնքին վրայ, քանի որ անոնց թիւը աւելի քիչ էր թաղին ընդհանուր բնակչութեան նկատմամբ: Հանրաքուէէն ետք, թաղեցիները դիմադրեցին, ըսելով թէ իրե՛նք պէտք է ըլլան բուն որոշողները, քանի որ այս որոշումին առաջին հերթին՝ իրե՛նք պիտի կրեն: Բայց հանրաքուէին արդիւնքը ընդունուեցաւ ու պատմական քարերը նորոգուեցան վեց ամսուան աշխատանքով մը:

Քննարկումի հարցում

Ըստ ձեզի, որոշումը ինչպէ՞ս պէտք է կայացուէր։ Ինչո՞ւ։

Յղացական հարցադրումներ
  • Որոշում կայացնելու ընթացքը ինչպէ՞ս պէտք է ընթանայ:
  • Պատկան մարմինները ի՞նչ աստիճանի պէտք է ազդեն որոշում կայացնելու ընթացքին վրայ:
  • Գիտական յանձնաժողովները ի՞նչ աստիճանի պէտք է ազդեն որոշում կայացնելու ընթացքին վրայ:
  • Մարդիկ ի՞նչ աստիճանի ազդեցութիւն պէտք է ունենան, երբ խօսքը ուղղակի իրենց վերաբերող նիւթերու շուրջ որոշում առնելու մասին է:
  • Մարդիկ ի՞նչ աստիճանի ազդեցութիւն պէտք է ունենան, երբ խօսքը իրենց ուղղակի չվերաբերող նիւթերու շուրջ որոշում առնելու մասին է:
  • Ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պատկան մարմիններու որոշումը բաւարա՞ր է որպէս ժողովրդավարական որոշում կայացնելու միջոց, թէ արդեօք պէտք է հանրաքուէ՛ կազմակերպել, որպէս ուղղակի ժողովրդավարութեան միջոց։
Հաւանական պատասխաններ
  • Թաղային հանրաքուէի արդիւնքներուն համաձայն որոշում առնելը ճիշդ է:

    Հոս կարելի է հարցնել հետեւեալ հարցումները՝ «Այս պարագային, մեր բնակած քաղաքին այլ թաղերէն մէկուն մասին եթէ որոշում առնուելիք ըլլայ, մենք որքանո՞վ իրաւունք ունինք ազդելու այդ որոշումին վրայ», «Մեր բնակած երկրին մէջ մեզմէ հեռու քաղաքի մը մասին առնուելիք որոշումին վրայ որքանո՞վ իրաւունք ունինք միջամտելու»:

    Կարելի է ճամբու շինութեան պարագան ուրիշ տեսակի որոշումներու հետ բաղդատել. օրինակ՝ դպրոցական ուսումին,  պաշ­տօ­նեա­ներու ամսականներուն, օրէնքներու փոփոխութեան վերաբերեալ, եւ այլն:

    Կարելի է մինչեւ իսկ քննարկել մեծամասնութիւն-փոքրամասնութիւն հարցը, յատկապէս երբ մեծամասնութեան որոշումը հակառակ է փոքրամասնութեան փափաքին:

  • Միայն հիւսիսային մասը բնակող անձերուն համաձայն որոշում առնուիլը ճիշդ պիտի ըլլար, որովհետեւ իրենց կեանքն է խնդրոյ առարկան:

    Կարելի է քննարկել թէ ուղղակի մեր առօրեայ կեանքին չվերաբերող նիւթի մը մասին երբ որոշում առնուի, ի՞նչ աստիճանի ազդե­ցութիւն պէտք է ունենանք:

    Կարելի է նաեւ հետեւեալ ձեւով բանաձեւել հարցումը. «Մեր բնակած թաղին, քաղաքին կամ երկրին մէջ առնուելիք որոշումները եթէ մեր վրայ ուղղակի չեն ազդեր, այդ նիւթին մասին խօսք առնելը անհրաժե՞շտ է»:

    Կարելի է դպրոցական ուսումին, պաշտօնեաներու ամսականներուն, օրէնքներու փոփոխութեան եւ ասոնց նման նիւթերու հետ բաղդատել եւ հարցնել հետեւեալը. «Օրինակ՝ պաշտօնեաներու ամսականներուն մասին առնուելիք որոշումի մը համար միակ խօսք ունեցողները իրենք՝ պաշտօնեանե՞րը պէտք է ըլլան»:

    Կարելի է քննարկումի նիւթ դարձնել այն հարցը, թէ կարելի՞ է բաղդատել պատմական արժէք ունեցող վայրի մը մասին որոշում տալը որեւէ վայրի մը համար որոշում տալուն հետ: Հոս հարցումը կրնաք բանաձեւել հետեւեալ ձեւով. «Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկինմէջ գտնուող պատմական կառոյցներու մասին որոշումները ո՞վ պէտք է կայացնէ: Պայմա՞ն է որ որոշում տուողները այդ  կառոյցին գտնուած երկրին, քաղաքին կամ թաղին բնակիչները ըլլան միայն»:

    Կրնաք քննարկել ամբողջ աշխարհը հետաքրքրող նիւթ մը, օրինակ՝ համաշխարհային կլիմայական ճգնաժամի մասին առնուելիք որոշումներու ընթացքը ի՞նչպէս պէտք է ընթանայ: Կարելի է հարցնել հետեւեալ հարցումը. «Երկրի մը քարիւղի սպառումին մասին այլ երկիրներ որոշիչ կրնա՞ն ըլլալ»:

  • Պէտք է քաղաքապետարանի պաշտօնեաները որոշում տային:

    Կարելի է քննարկել քուէարկութեամբ հեղինակութիւն ստացած պատկան մարմիններու պատասխանատուներուն առած որոշումներուն կատարեալ անկախութիւնը: Կարելի է անդրադառնալ այս անձերուն կամ հաստատութիւններուն հաշիւ տալու ձեւերուն:

  • Պէտք է գիտական խորհուրդին անդամները որոշում տային:

    Կարելի է հարց տալ թէ գիտնականներու գաղափարները որոշ տեղեր օրէնքի վերածել կարելի՞ է, թէ ոչ:  Նոյնիսկ մեր անձնական կեանքին վերաբերող նիւթի մը մասին գիտնականները որքանո՞վ պէտք է ազդե­ցութիւն ունենան։ Ինչ կը վերաբերի հանրային նիւթե­րուն, նո՞յնն է պարագան, թէ ո՛չ: