Իմ թաղս

Այս աշխատանքին նպատակն է քննարկել «քաղքենիացում»ի (gentrification) երեւոյթը:
«Քաղքենիացում»ը այն երեւոյթն է, որ քաղաքին կեդրոնը գտնուող թաղերուն մէջ ապրող համեստ դասակարգի բնակիչներուն փոխարէն՝ միջին եւ բարձր դասակարգերը կը տեղաւորուին: Այս ընթացքը ընդհանրապէս կը սկսի քաղաքի մը կեդրոնը եւ անոր շուրջը գտնուող «հինցած» բնակելի տարածքներու նորոգութեամբ, հոն ուր մինչ այդ՝ համեստ դասակարգը կը բնակէր: Նորոգութենէն ճիշդ առաջ եւ նորոգութեան ընթացքին կալուածներուն մեծամասնութիւնը ձեռք կը փոխէ: Այս հանգրուանին, թաղին հին բնակիչներուն մէկ մասը կը փոխադրուի քաղաքի կեդրոնէն հեռու տեղեր՝ աւելի մատչելի բնակարաններ: Նորոգութեան շարունակութիւնով եւ միջին ու բարձր դասակարգերու այստեղ հաստատուելով, թաղամասին նախկին հասարակական հիւսուածքը արմատական փոփոխութեան կ'ենթարկուի: Այս հանգրուանին, կալուածներուն գիները եւ վարձքերը ընդհանրապէս կը բարձրանան: Բաղդատելով նախկինին՝ այստեղ մնացած հին թաղեցիներուն համար տնտեսական կեանքը հետզհետէ կը դժուարանայ, քանի որ իրենց շուրջը հիմա կը գտնուին աւելի սուղ խանութներ, շուկաներ եւ ճաշարաններ: Հետեւաբար հին բնակիչներուն այս մասն ալ կը ստիպուի հետզհետէ լքել թաղը: Տեղի ունեցածը մեծ մասամբ ակամայ/բռնի ընթացք մը ըլլալուն պատճառաւ, այս տեղափոխութիւնը կարելի է «տեղահանում» (displacement) կոչել: Քաղքենիացումը՝ աղքատներուն համար տեղահան ըլլալ, քաղաքին կեդրոնէն հեռանալ եւ կենցաղային բռնի փոփոխութեան ենթարկուիլ կը նշանակէ։ Միեւնոյն ժամանակ՝ խնդրոյ առարկայ թաղերը իրենց նախկին հիւսուածքները կը կորսնցնեն։
Քաղաքներու փոփոխութեան/նորոգութեան զանազան երեսակները նկատի առնելով, այս աշխատանքին նպատակն է գիտակցութիւն զարգացնել քաղքենիացումի երեւոյթին շուրջ եւ քննարկել թէ ինչպէս կարելի է աւելի արդար փոփոխութեան ընթացք մը որդեգրել։

Քննարկումին պատրաստուելու համար, մասնակիցներուն թիւին համապատասխան թղթիկներ պատրաստեցէք:

Հետեւեալ երկու լուսանկարները խմբակին ցոյց տուէք, իսկ եթէ կարելի է՝ ցուցադրեցէ՛ք լուսարձակումով կամ թուղթերու վրայ տպուած ձեւով: Հետեւեալ հարցումը ուղղեցէ՛ք. «Երեւակայեցէ՛ք թէ կը բնակիք առաջին լուսանկարին մէջ ցոյց տրուած թաղը: Կ’ընդունէի՞ք ձեր թաղին նորոգութիւնը երկրորդ լուսանկարին նման: Մասնակիցներէն «ուզողներ»ը մէկ կողմ, իսկ «չուզողներ»ը միւս կողմ խմբաւորեցէք:

Քննարկումի հրահրիչ

Լուսանկար՝ http://sneinton-alchemy.com/news/gentrification-notourproblem

Մասնակիցներու ընտրութիւններէն ետք, իւրաքանչիւրը իր ընտրութեան պատճառը թող բացատրէ: Գաղափարներու փոխանակումի ընթացքին իրարմէ ազդուելով կողմ փոխել ուզող մասնակիցները թող ազատ զգան իրենց կողմը փոխելու:

Այդ միջոցին, նորոգութեան կողմնակիցներու թիւին համեմատ բաժնեցէ՛ք ձեր պատրաստած թղթիկները։ Քանի մը հատին վրայ աստղանշան մը դրէք, իսկ մնացեալը պարապ ձգեցէք: Կարելի է նաեւ քննարկումէն առաջ թղթիկները (թէ՛ աստղանշանով, թէ՛ պարապ) աւելիով պատրաստած ըլլալ եւ քննարկումի ընթացքին պէտք եղած քանակութեամբ գործածել:

Բոլորին գաղափարները լսելէ ետք, մասնակիցներէն խնդրեցէ՛ք որ մէկական թղթիկ քաշեն եւ բացատրեցէք թէ «Թաղին նորոգութիւնը բազմաթիւ փոփոխութիւններու պատճառ եղած է»: (Խմբակին տարիքը եթէ յարմար է, հոս կարելի է աւելցնել «Թաղին տնտեսական վիճակը փոխուած է: Տուներուն մէկ մասը խանութի, սրճարանի, ճաշարանի, եւայլն… վերածուած է»:) «Նորոգուած թաղը միմիայն աստղանշան ունեցողները պիտի կարենան բնակիլ: Մնացեալը այլ տեղեր փոխադրուելու պարտաւոր պիտի ըլլայ: Ձեր տեղը, աստղ ունեցող ուրիշներ պիտի հաստատուին»: Պարապ թղթիկ ունեցող մասնակիցներէն խնդրեցէք որ խումբէն զատուին եւ ուրիշ տեղ մը խմբուին: Հետեւեալ քննարկուելիք հարցումը հարցուցէք:

Քննարկումի հարցում

Եթէ գիտնայիք որ նորոգութիւններէն ետք թաղեցիներուն մեծամասնութիւնը այլեւս պիտի չկարենայ հոն բնակիլ, ձեր գաղափարը կը փոխէի՞ք։ Ինչո՞ւ։

Յղացական Հարցադրումներ
  • Ինչպէ՞ս կ’ընթանայ քաղքենիացումի ընթացքը:
  • Թաղի մը/շրջակայքի մը/փողոցի մը ֆիզիքական փոփոխութիւնը (կերպարանափոխութիւնը) միեւնոյն ժամանակ պատճառ կը դառնա՞յ ընկերային/դասակարգային կառոյցի փոփոխութեան:
  • Քաղաքներու փոփոխութիւնը/նորոգութիւնը միշտ արդա՞ր ձեւով կը կատարուի:
  • Քաղաքներու փոփոխութիւնը/նորոգութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է կատարուի, որպէսզի արդար ըլլայ:
  • Փոփոխութիւնը/նորը միշտ լաւ/դրական, իսկ անփոփոխ մնալը/հինը միշտ վա՞տ/ժխտակա՞ն է:
  • Փոփոխութիւնը ո՞ր պարագաներուն լաւ/դրական, ո՞ր պարագաներուն վատ/ժխտական կը նկատուի:
  • Անփոփոխ մնալը ո՞ր պարագաներուն լաւ/դրական, ո՞ր պարագաներուն վատ/ժխտական կը նկատուի:
Հաւանական պատասխաններ

Մասնակիցներէն ոմանք դրութիւնը անարդար պիտի գտնեն: Ոմանք կրնան իրենց գաղափարը չփոխել, քանի որ աստղ մը ունին, ոմանք ալ կրնան նախընտրել հին թաղը շարունակել ապրիլ: Գալիք պատասխաններուն համեմատ քննարկումը կարելի է ընդլայնել հետեւեալ հարցումներով.

«Ո՞ր պարագային անհրաժեշտ կը դառնայ հին թաղի մը/փողոցի մը նորոգութիւնը։ Ինչո՞ւ»:

«Ի՞նչ է տարբերութիւնը հին թաղի մը ու նորոգուած թաղի մը մէջ ապրելու միջեւ»:

«Ի՞նչ փոփոխութիւններու պատճառ կը դառնայ հին թաղի մը/փողոցի մը նորոգութիւնը անոր բնակիչներուն կեանքին մէջ»:

«Ի՞նչ է աստղ ունեցող եւ չունեցող անձերու միջեւ տարբերութեան համապատասխանը իրական կեանքի մէջ»:

«Եթէ դուք աստղ ունենայիք եւ սակայն ձեր սիրած դրացին չունենար եւ պարտաւոր մնար թաղէն հեռանալու, որքանո՞վ ձեր դիրքին վրայ կ՚ազդէր այդ պատահարը»:

«Ձեր որոշումը կը փոխուէի՞ք, եթէ աստղանիշով թղթիկ մը ունենայիք»:

«Ո՞ր պայմաններու տակ աւելի արդար կ՚ըլլայ փոփոխութիւնը»: