Երեսը կախ թագաւորը

Այս աշխատանքին նպատակն է քննարկել «իշխանութիւն» յղացքը, նիւթ ունենալով «Երեխաները կը խնդան» տեսերիզը, որ առնուած է սուրիացի գրող Զաքարիա Թամէրի նոյնանուն պատմուածքէն: Քննարկումը ձեւաւորուած է հետեւեալ հարցումներուն շուրջ. «Ի՞նչ է իշխանութիւնը», «Ի՞նչ են արգելքները», «Օրէնքները ովքեր, ի՞նչ բանի համեմատ կը դնեն»:

Քննարկումի հրահրիչ

Տեսերիզին առաջին 1:18 վայրկեանը ցոյց տալէ ետք՝ կեցուցէք եւ քննարկումի հարցումը հարցուցէք: Այս միջոցին Յղացքներու քարտէսի մեթոտը գործածեցէք։ Այսպէսով՝ իւրաքանչիւր մասնակից արդիւնաւէտ ձեւով պիտի կարենայ հետեւիլ ներկայացուած գաղափարներուն:

Քննարկումի հարցում

Ըստ ձեզի՝ թագաւորը ինչո՞ւ արգիլեց խնդալը:

Յղացական հարցադրումներ
  • Իշխանութիւն ի՞նչ կը նշանակէ:
  • Իշխանութեան կարիք կա՞յ: Որո՞նք կը զգան իշխանութեան կարիքը:
  • Իշխանութիւնը ի՞նչպէս կը հաստատուի:
  • Օրէնքները որո՞ւն կամ որո՞նց կողմէ եւ ի՞նչ բանի համեմատ կը հռչակուին։
  • Անհրաժե՞շտ է բոլոր պարագաներուն հնազանդիլ օրէնքները: Կա՞ն օրէնքներ, որոնց պէտք չէ հնազանդիլ:
Հաւանական պատասխաններ
  • Թագաւորը խնդալը արգիլեց, որովհետեւ ինք խնդալ չի սիրեր:
  • Թագաւորը խնդալը արգիլեց, որովհետեւ չի հասկնար թէ երեխաները ինչո՛ւ կը խնդան:
  • Երեխաները իր խօսքը մտիկ չըրին, թագաւորն ալ բարկացաւ ու խնդալը արգիլեց:
  • Թագաւորը կարծեց թէ երեխաները կը ծաղրեն զինք, հետեւաբար խնդալը արգիլեց:

Այս ու նման պատասխաններու փոխարէն նախ եւ առաջ «իշխանութիւն» յղացքը կարելի է քննարկել տալ, հարցնելով թէ «Օրէնքները որո՞ւն կամ որո՞նց կողմէ կը հռչակուին»: Քննարկումի ընթացքին՝ կարելի է հարց տալ, թէ անձը կամ անձերը, որոնք օրէնքները կը հռչակեն, ինչի՞ համաձայն որոշած են  եւ ինչի՞ համաձայն պէտք է որոշեն այս օրէնքները: Նախ եւ առաջ կարելի է սկսիլ շօշափելի հարցումով մը «Օրինակ ձեր դասարանին մէջ որեւէ նիւթի մը մասին օրէնք մը ինչպէ՞ս կ’որոշուի»: Ապա կարելի է անցնիլ յղացական հարցումներու, օրինակ՝ «Իշխանութիւն ի՞նչ կը նշանակէ», «Ի՞նչ կը նշանակէ արգելք», «Օրէնքներու եւ արգելքներու միջեւ տարբերութիւն մը կա՞յ: Եթէ կայ ի՞նչ է», «Բոլոր օրէնքները օրինաւո՞ր է»:

Հիմա որ բոլորին գաղափարները լսած էք, մասնակիցներուն դիտել տուէք տեսերիզին մնացեալ բաժինը եւ քննարկումը շարունակելու հարցումը հարցուցէք:

Քննարկումը շարունակելու հարցում

Ըստ ձեզի՝ երեխաները ինչո՞ւ շարունակեցին խնդալ:

Հաւանական պատասխաններ
  • Երեխաները շարունակեցին խնդալ, որովհետեւ խնդալ կը սիրէին:
  • Երեխաները շարունակեցին խնդալ, որովհետեւ չհասկցան թէ ինչո՛ւ պէտք չէ խնդային:
  • Չափահասները օրէնքին հնազանդեցան, որովհետեւ թագաւորը կը պաշտ­պա­նէին: Սակայն երեխաները դեռ չէին հասունցած:
  • Չափահասները վախցան թագաւորին կողմէ պատժուելէ, իսկ երեխաները չվախցան:
  • Երեխաները իրենց քաջութեան պատճառաւ շարունակեցին խնդալ, չափա­հասները անոնց չափ քաջ չէին:

Այս կամ նման պատասխաններ երբ ստանաք, կրնաք խորացնել քննարկումը հետե­ւեալ եւ նման հարցումներով:

Ի՞նչպիսի տարբերութիւն մը կայ չափահասներու եւ երեխաներու վարմունքներուն միջեւ:

Ի՞նչ պէտք է ընենք երբ մեր սիրած եւ ուզած բաները կ՚արգիլուին: (Ընդհանուր առմամբ, նիւթը կարելի է կապել երեխաներու առօրեային, օրինակ շոքոլա ուտել, սենեակը թափթփած վիճակի մէջ չձգել, եւայլն։)

Մարդիկ օրէնքներուն ընդհանրապէս կը հնազանդին որովհետեւ կը վախնա՞ն, թէ որովհետեւ օրէնքը արդար կը գտնեն:

Ի՞նչ կը նշանակէ քաջութիւն:

Արգելքներուն դիմադրել կամ օրէնքներուն չհնազանդիլը կապ ունի՞ քաջութեան հետ:

Բոլոր պարագաներուն՝ օրէնքին կամ արգելքին հնազանդիլը անհրաժե՞շտ է: Կա՞ն այնպիսի օրէնքներ կամ արգելքներ, որոնց պէտք չէ հնազանդիլ:

Ձեզի համաձայն, կարելի՞ է արգիլել խնդալը: Ինչո՞ւ: