Թրթուրն ու Խխունջը

Այս քննարկումը, Անահիտ Սարգիսեանի «Երանի» անուան պատմուածքէն մեկնելով՝ կը հարցաքննէ արդարութեան գաղափարը: «Ո՞ր պայմաններուն տակ արդարութիւնը ապահովուած կ'ըլլայ» հարցումը կը հարցաքննուի դարերէ ի վեր եւ մինչեւ այսօր նոյնիսկ կը պահէ իր այժմէականութիւնը: Հետեւեալ քննարկումը ձեւակերպուած է այս հարցումին շուրջ:

Քննարկումի հրահրիչ

Վերոյիշեալ յղումէն սկսեցէ՛ք դիտել տեսերիզը պզտիկներուն հետ, կեցուցէք 2:10-ին, եւ հարցուցէք քննարկուելիք հարցումը: Գոր­ծա­ծեցէք «Յղացքի քարտէս» մե­թո­տը, որպէսզի խմբակը ար­դիւնաբեր կերպով կարենայ հետեւիլ արծարծուած գաղա­փարներուն: Տրուած պատասխաններուն պարունակած յղացքները կարենալ դասա­ւորե­լու համար գրատախտակը կարելի է կիսել երկուքի. «Արդարու­թիւ­նը ապա­հովուած կ’ըլլայ / Արդարութիւն ապահովուած չ’ըլլար»:

Քննարկումի հարցում

Արդարութիւնը ապահովուած կ’ըլլա՞ր եթէ թրթուրը իր 16 ոտքերէն 6 հատը տար խխունջին: Ինչո՞ւ:

Յղացական հարցադրումներ
  • Ի՞նչ է արդարութիւնը:
  • Ի՞նչ է հաւասարութիւնը:
  • Հաւասարութիւնն ու արդարութիւնը նոյն բանե՞րն են:
  • Հաւասարութիւնը միշտ արդարութիւն կը բերէ՞:
  • Ի՞նչ է տարբերութիւնը հաւասար չըլլալու եւ տարբեր ըլլալու միջեւ:
  • Ինչպիսի՞ կապ մը կայ ի ծնէ կարողութիւններու եւ իրաւունքի միջեւ:
  • Ինչպիսի՞ կապ մը կայ կարիքներու եւ արդարութեան միջեւ:
  • Մարդիկ ունի՞ն արդարութիւնը ապահովելու պարտականութիւն:
  • Ովքե՞ր են արդարութիւնը ապահովելու պարտականութեան պատասխանատուները:
Հաւանական պատասխաններ
  • Այո, արդարութիւնը ապահովուած կ’ըլլայ: Որովհետեւ երկուքն ալ ոտք կ’ունենան:
  • Ոչ, արդար ըլլալու համար թրթուրը պէտք է տար իր 16 ոտքերուն 8 հատը, այսինքն կէսը: Այդ ձեւով՝ հաւասարութիւնը ապահովուած կ’ըլլար:
    Հոս կարելի է քննարկել, թէ արդեօք հաւասարութիւնն ու արդա­րութիւնը նոյն բանե՞րն են, կամ թէ հաւասարութիւնը միշտ ար­դա­րութիւնը կ’ապահովէ՞: Կարելի է հարցնել «Արդա՞ր է աչքերը տկար տեսնող եւ լաւ տեսնող աշակերտներ գրատախտակէն նոյն հեռաւորութեամբ նստեցնելը»: Նոյնիսկ կարելի է քննարկել թէ ինչպիսի կապ մը կայ կարիքներու եւ արդարութեան միջեւ:
    Կարելի է հարց տալ. «Ի ծնէ եթէ մէկը՝ 16 ոտք, իսկ միւսը՝ միայն 10 ոտք ունենար, աւելի ոտք ունեցողը արդեօք պէտք է միւսին հետ բաժնէ՞ր իր ոտքերը»:
  • Ոչ, որովհետեւ թրթուրը պարտաւոր չէ իր ոտքերուն մէկ մասը տալու: Եթէ տայ, ոտքերը կը պակսին եւ տխուր կ’ըլլայ:
    Մարդիկ արդարութիւն ապահովելու պարտականութիւն մը ունի՞ն արդեօք։ Կամ՝ ո՞վ է պատասխանատուն արդարութեան: Կարելի է քննարկել այս հարցումները:
    Նոյնիսկ կարելի է հարցնել, թէ մեր ունեցածները ուրիշներուն հետ երբ բաժնենք՝ կ’ուրախանա՞նք թէ կը տխրինք: Կարելի է քննել, թէ մասնակիցները եթէ բաժնեն իրենց ունեցածը՝ ի՞նչ համեմատու­թեամբ ուրախ կամ տխուր կ’ըլլան եւ այս համեմատու­թիւնը ինչի՞ համաձայն կ’որոշեն: Օրինակ երեւակայեցէք, որ դուք 10 տուրմ (շոքոլա) ունիք, իսկ ձեր ընկերը բնաւ չունի: Կը բաժնէ՞ք ձեր տուրմը իրենց հետ: Ո՞րքանը: Իսկ միայն մէկ հատ եթէ ունենայիք ի՞նչ կ’ընէիք: Քննարկումը կարելի է ընդլայնել հետեւեալ հարցումով. «Տուրմ բաժնելու եւ ոտքերը բաժնելու միջեւ տարբերութիւն մը կա՞յ թէ չէ»:
  • Այս ձեւով ալ արդարութիւն կարելի է, որովհետեւ ի ծնէ տարբեր են:
    Հոս կարելի է հարցնել թէ «Մարդիկ ի ծնէ իրենց ունեցած կա­րո­ղութիւններով գոհանալու պարտաւո՞ր են»: Եւ կարելի է քննար­կել հե­տեւեալը. ի ծնէ մեր ունե­ցած իրաւունքները ի ծնէ կարո­ղու­թիւն­ներու համաձա՞յն կ’որոշուին, թէ չէ:
    Կարելի է նաեւ հարցնել, թէ «եթէ երկուքն ալ մարզանքի դասին՝ վազքի մրցումի մասնակցին, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ»: Հետեւաբար կա­րելի է քննար­կուի հետեւեալը. «կեանքը կարելի՞ է կերտել կա­րիք­ներու կամ կարողու­թիւն­ներու հիման վրայ»:

Բոլոր գաղափարները իմանալէ ետք, դիտել տուէք տեսերիզին մնա­ցեալը եւ հարցուցէք հետեւեալ հարցումը:

Քննարկումը շարունակելու հարցում

Ձեզի համաձայն՝ արդարութիւնը ապահովուեցա՞ւ, երբ թրթուրը կռնակին վրայ կրեց խխունջը: Ինչո՞ւ:

Հաւանական պատասխաններ
  • Այո։ Քանի որ թրթուրը առաւելութիւն ունէր, պէտք է  խխունջին օգնէր:
  • Ոչ։ Խխունջը կռնակին վրայ կրելով, թրթուրը նեղ կացութեան մատ­նուեցաւ:
  • Ոչ։ Երբ թրթուրը կռնակէն իջեցնէ զայն, ամէն ինչ կը դառնայ առաջուան վի­ճակին:
    Երեք պատասխանին մէջն ալ կարելի է քննարկել արդարութիւնը ապահովելու պարտականութեան հարցը: Եթէ երրորդ պատաս­խանը չգայ, «Այո, որովհետեւ թրթուրը առաւելութիւն ունէր, պէտք է խխունջին օգնէր» պատասխանին դէմ յանդիման՝ ուղե­կիցը կրնայ հետեւեալը հարցնել. «Երբ թրթուրը կռնակէն իջեցնէ զայն, ամէն ինչ սկիզբի վիճակին չի՞ վերադառնար»:
  • Քանի որ ընկեր են, կարեւորը արդարութիւն ապահովելը չէ: Արդար չըլլալով հանդերձ՝ թրթուրը կռնակին վրայ սիրով կը կրէ խխունջը, քանի որ կը սիրէ զայն:
    Հոս կարելի է քննարկել ծանօթներու կամ բարեկամներու հանդէպ մեր արդարութեան մօտեցումը: Նոյնիսկ կարելի է հարցնել հետեւեալը. «Հետեւաբար, խխունջը պէտք է փոխարինէ՞»:

Վերոյիշեալ քննարկումի աւարտին եթէ ժամանակ մնայ, կարելի է պատմուածք ամբողջացնելու աշխատանք ընել: Կարելի է հարցնել. «Եթէ դուք ըլլայիք այս պատմուածքը գրողը, ինչպէ՞ս կ'ամբողջացնէիք»: Տարիքի համեմատ կարելի է պատկեր գծել տալ եւ կամ գրութիւն մը գրել տալ նիւթին մասին: Իսկ եթէ ժամանակը լրացած է, այս աշխատութիւնը կարելի է առաջարկել որպէս տունի աշխատանք: