Սուտին գոյնը

Այս աշխատանքին նպատակն է քննարկել սուտի յղացքը: Սուտը՝ բարոյագէտ փիլիսոփաներու միտքը զբաղցնող յղացքներէն մէկը եղած է եւ գլխաւորաբար քննարկուած է «համընդհանրական օրէնքներ»ու ծիրէն ներս: Այս նիւթին շուրջ առաջատար մտածողներէն՝ գերմանացի փիլիսոփայ Քանթին համաձայն օրինակ՝ սուտ խօսիլը կը հակասէ «համընդհանրական բարոյական օրէնքներ»ուն եւ այս օրէնքներուն հակադրուիլը չի կրնար որեւէ արդարացում ունենալ: «Սուտ խօսիլը ընդունելի՞ բան մըն է» հարցումին շատերս առանց երկմտանքի «ո՛չ» պիտի պատասխանէինք: Սակայն նոյն ատեն՝ դիւրին պիտի չըլլայ գտնել մէկը, որ կարենայ ըսել «ես բնաւ սուտ չեմ խօսած»: Ահա այս աշխատանքին նպատակն է մտածել տալ «սուտ»ի յղացքին մասին, ա՛յն սուտին որուն շատերը դիմած են զանազան պատճառներով, հակառակ անոր որ դէմ էին սկզբունքով։

Քննարկումը սկսելէ առաջ, մասնակիցներէն կարգով խնդրեցէք որ իրենց մասին իրական չեղող տեղեկութիւն մը յայտնեն։ Նախ եւ առաջ՝ դուք ձեր մասին իրական չեղող բան մը յայտնեցէ՛ք։ Օրինակ՝ եթէ մանթը ուտելը շատ կը սիրէք, ըսէք «մանթըն բնաւ չեմ սիրեր». եթէ տունը կենդանի մը կը խնամէք, «տունը կենդանի չեմ խնամեր» ըսէք. եթէ ձեր աչքերը սրճագոյն են՝ «աչքերս կապոյտ են» ըսէք, եւայլն: Բոլոր պատասխանները լսելէ ետք, սկսեցէ՛ք քննարկումը։

Հանդիպումէն առաջ՝ հրահրիչին 15 նախադասութիւնները բովանդակող էջեր պատրաստած կ՚ըլլաք, որպէսզի ամէն մասնակից ունենայ ի՛ր էջը։ Եթէ տասը մասնակից ունիք, նոյն էջէն տասը հատ պատրաստեցէ՛ք։ 

Այդ էջերը մասնակիցներուն բաժնելէ ետք, խնդրեցէ՛ք որ ամէն մէկը առանձին իր էջին վրայ նշանով մը երկու խումբի բաժնէ նախադասութիւնները. «Ես երբեք այսպէս չեմ ըներ կամ ըսեր» եւ «Թերեւս ե՛ս ալ այսպէս կ՚ընեմ կամ կ՚ըսեմ»։ Յայտարարեցէ՛ք որ կրնան նաեւ ուրիշ նշանով մըն ալ առանձնացնել այն նախադասութիւնները, որոնց համար որոշում չեն կրնար տալ։ Այս գործողութեան համար՝ մասնակիցներու տասը վայրկեան տուէ՛ք։ Այս միջոցին՝ դուք ալ գրատախտակը երկուքի բաժնեցէք, մէկ սիւնակին վերեւը գրելով «Ես երբեք այսպէս չեմ ըներ կամ ըսեր», եւ միւսին վերեւը՝ «Թերեւս ե՛ս ալ այսպէս կ՚ընեմ կամ կ՚ըսեմ»։

Քննարկումի հրահրիչ
  1. Այդ տարին՝ Արամը կը հաւատար թէ Կաղանդ պապան պիտի բերէր իր փափաքած խաղալիքը. ամիսներով այս երազով կը սպասէր Կաղանդին գալը: Կաղանդի գիշերը՝ Արամին մայրն ու հայրը նուէրը տուին ըսելով թէ զայն Կաղանդ պապան բերած է:
  2. Մէլինէն երբ դպրոցն էր, իր շատ սիրած ձուկը մեռաւ։ Տուն վերադառնալէն առաջ՝ մայրն ու հայրը անոր շատ նման ձուկ մը առին եւ ձկնամանին մէջ դրին: Դպրոցէն վերադարձին, Մէլինէն հարցուց՝ «Ձուկս այսօր իր ուտելիքը կերա՞ւ»,  անոնք ալ՝ «Այո» պատասխանեցին:
  3. Անին ընկերոջը հարցուց թէ նոր առած շապիկը իրեն կը վայելէ՞ր իրեն, թէ չէ՛։ Ընկերը, թէեւ չէր հաւնած, պատասխանեց՝ «Կը վայելէ»:
  4. Շուշանը դպրոցը իր հերթապահութեան ընթացքին՝ հեռուէն տեսաւ որ աշակերտներէն մէկը իրմէ պզտիկ ուրիշ աշակերտ մը կը ծեծէր։ Երբ ուսուցիչը իրեն հարցուց թէ արդեօք տեսա՞ծ էր ծեծողին ո՛վ ըլլալը, Շուշանը պատասխանեց՝ «Ոչ, չտեսայ»:
  5. Տիգրանը մոռցած էր ընկերոջ տարեդարձը շնորհաւորել։ Յաջորդ օրը, հեռաձայնեց անոր եւ ըսաւ՝ «Երէկ հիւանդ էի, այդ պատճառով տարեդարձդ չկրցայ շնորհաւորել»:
  6. Արմանը աշխատած չըլլալուն համար քննութեան օրը դպրոց չգնաց: Յաջորդ օրը, բացակայութեան պատճառը հարցնող ուսուցիչին, պատասխանեց՝ «Երէկ հիւանդ էի, չկրցայ գալ»:
  7. Թամարը ուշացաւ ընկերոջ հետ ունեցած ժամադրութեան: Դեռ տունէն չէր ելած երբ ընկերը հեռաձայնեց եւ «ո՞ւր ես» հարցուց: Թամարն ալ պատասխանեց՝ «Ելայ, ճամբան եմ»:
  8. Կարօն մամային ամենէն շատ սիրած ծաղկամանը սխալմամբ կոտրեց: Մամային ըսաւ թէ իրենց կատուն ծաղկամանին զարնուած էր ու զայն կոտրած։
  9. Վահանը մամային ամենէն շատ սիրած ծաղկամանը սխալմամբ կոտրեց: Մամային ըսաւ թէ պզտիկ եղբայրն էր, որ զարկած ու կոտրած էր ծաղկամանը։
  10. Գայիանէն իր նոր ծանօթացած խումբ մը ընկերներուն հետ կը զրուցէր ու հասկցաւ որ խումբին մէջ բոլորը ռափ երաժշտութիւն կը սիրէին: Ինքը թէեւ չէր սիրեր, բայց «Ես ալ ռափ երաժշտութիւն շատ կը սիրեմ» ըսաւ:
  11. Արփին տան մէջ խնամած շան ձագը բարձրութենէ մը սխալմամբ գետին ձգեց: Շունը սկսաւ կաղալ: Տուն դարձին՝ մաման հարցուց «Ի՞նչ պատահեցաւ»։ Արփին պատասխանեց՝ «Չեմ գիտեր»:
  12. Արսէն, մամային համակարգիչը բարձրութենէ մը սխալմամբ գետին ձգեց: Համակարգիչը այլեւս չէր աշխատեր: Տուն դարձին՝ մաման հարցուց. «Ի՞նչ պատահեցաւ »։ Արսէնը պատասխանեց՝ «Չեմ գիտեր»:
  13. Նունէն իր քննութիւնը յաջող անցուցած էր։ Բայց երբ իր ամենամտերիմ ընկերը  «Իմ քննութիւնս շատ գէշ անցաւ, քուկդ ի՞նչպէս էր» հարցուց, «Իմս ալ շատ գէշ անցաւ» պատասխանեց:
  14. Լենան համալսարանաւարտ չէր, բայց իր ընկերային ցանցի էջին վրայ «Համալսարանաւարտ»գրեց:
  15. Լեւոնը գէշ օր մը անցուցած եւ տրամադրութիւնը տեղը չէր, բայց ընկերային ցանցին վրայ իր ուրախ պատկերներէն մէկը զետեղեց եւ տակը գրեց՝ «Շատ աղուոր օր մըն էր»:

Երբ ժամանակը լրանայ, նախադասութիւնները կարգով կարդացէք եւ իւրաքանչիւր նախադասութեան մասին մասնակիցներուն արտայայտած գաղափարները մտիկ ըրէ՛ք։ Մի՛ մոռնաք երկուքի բաժնուած գրատախտակին վրայ «Յղացքներու քարտէս»ը ամբողջացնելու:

Յղացական հարցադրումներ
  • Մարդիկ ի՞նչ պայմաններու տակ իրականութիւնը ըսելու փոխարէն՝ կը նախընտրեն սուտ խօսիլ։
  • Սուտ խօսիլը բոլոր պարագաներուն անընդունելի՞ է, թէ ընդունելի պարագաներ ալ կան:
  • Կա՞ն ուրիշներէ աւելի անընդունելի սուտեր: Ինչո՞ւ:
  • «Ճերմակ սուտ» ըսուածը գոյութիւն ունի՞:
  • Մարդիկ կը նախընտրե՞ն արդեօք անպայման իրականութիւնը գիտնալ։
Հաւանական պատասխաններ

Ես երբէ՛ք սուտ չեմ խօսիր, որովհետեւ

Դիմացինիս կրնայ վնաս հասցնել:

Դիմացինս կրնայ տխրիլ:

Դիմացինս իրականութիւնը գիտնալու իրաւունքը ունի:

Աւելի վերջ մէջտեղ կրնայ ելլել սուտս, ու աւելի գէշ վիճակի կը մատնուիմ:

Եթէ ստախօսութիւնս հասկցուի, խումբէն դուրս կը մնամ եւ չեմ սիրուիր:

 

Թերեւս ես ալ երբեմն սուտ կը խօսիմ, որովհետեւ

Դիմացինս կ՚ուզեմ ուրախացնել:

Դիմացինս չեմ ուզեր տխրեցնել:

Ես չեմ վնասուիր։

Այդ ձեւը իմ գործիս աւելի կու գայ

Եթէ սուտ չխօսիմ, խումբէն դուրս կը մնամ/չեմ սիրուիր:

Անկարելի է որ սուտը մէջտեղ ելլէ:

Ըստ գալիք պատասխաններուն՝ հետեւեալ հարցումներով կարելի է խորացնել քննարկումը.

«Նոյնիսկ եթէ մէկու մը վնաս չպատճառէ, սուտ խօսիլը նորէն ալ անընդունելի՞ է»:

«Դիմացինին սուտ խօսիլը կամ իրականութիւնը չըսելը ընդունելի՞ է»:

«Ո՞ր մէկը նախընտրելի է. ուրախացնող սուտը՞, թէ տխրեցնող իրականութիւնը»:

«Եթէ համոզուած ըլլանք որ պիտի չհասկցուի, սուտ խօսիլ արդեօք աւելի դիւրին կը դառնա՞յ»:

«Եթէ դուք նման պարագայի մը մէջ գտնուէիք, ո՞ր մէկը պիտի նախընտրէիք, սո՞ւտը, թէ իրականութիւնը»: