Ընկերս կ՚ըլլա՞ս
Այս աշխատանքին նպատակն է «Յղացաչափ» մեթոտը գործածելով քննարկել «բարեկամութիւն» գաղափարը: Առօրեայ կեանքի մէջ մեր շատ գործածուած այս գաղափարը Արիստոտէլի «Նիկոմախի Բարոյագիտութիւնը» անունով աշխատութեան մէջ մանրամասն քննարկումի առարկայ կը դառնայ: Արիստոտէլը բարեկամութեան գաղափարը կը կապէ առաքինութեան հետ եւ կը մատնանշէ թէ բարեկամութիւնը, շահէն ու հաճոյքէն անկախ է: Ըստ իրեն՝ բարեկամութիւնը երկու բարի անձի ունեցած առանց շահի յարաբերութիւնն է: Այս յարաբերութիւնը ընտրութիւն մըն է, այսինքն անձի մը ազատ կամքով ընտրածն է։ Հետեւեալ քննարկումը ձեւաւորուած է այս հարցումներուն շուրջ. «Ի՞նչ է բարեկամութիւնը», «Որո՞ւն «ընկեր» կ՚ըսենք», «Միայն անձերո՞ւ հետ ընկեր կամ բարեկամ կ՚ըլլանք։ Կարելի՞ է ուրիշ էակի մը հետ ալ ընկեր ըլլալ»:
Այս նիւթին մէջ «բարեկամ» եւ «ընկեր» բառերը գործածուած են հաւասար իմաստներով։ Մասնակիցներուն տարիքին համեմատ կրնաք ընտրել ձեզի յարմար բառը։
Սկսելէ առաջ, կազմուելիք փոքր խմբակներուն թիւը նկատի առնելով հետեւեալ բառերը գրեցէք մեծ թուղթերու վրայ, այնպէս մը որ ամեն մասնակից խմբական քննարկումի ընթացքին կարենայ հանգիստ տեսնել զանոնք: Խումբը բաժնեցէք 4-5 հոգինոց խմբակներու եւ ամեն մէկ խմբակին թղթէ տրցակ մը յանձնեցէք։ Հարց տուէք թէ «Որո՞նց հետ կրնանք ընկեր կամ բարեկամ ըլլալ»: Խումբերէն խնդրեցէք որ իրենց ձեռքը գտնուող բառերը գործածելով «բարեկամութիւն» յղացքին շուրջ մտածեն եւ իրենց հետ ընկեր ըլլալու ամենէն շատ հաւանականութիւնը ունեցողէն մինչեւ ամենէն քիչ հաւանականութիւնը ունեցողը ցանկ մը պատրաստեն ու այդ ձեւով՝ «ընկերաչափ» մը կազմեն:
- Երկիր մոլորակը
- Հեծանիւը
- Գիրքը
- Ծաղրանկարը
- Երգը
- Գծագրութիւնը
- Մեր մայրը
- Մեր հայրը
- Մեր մօրաքոյրը
- Թռչունը
- Ծառը
- Շունը
- Կատուն
- Քարը
- Դրացիին տղան/աղջիկը
- Մեր ուսուցիչը
Խմբային քննարկումի ժամանակը երբ լրանայ, խումբերուն հարցուցէք թէ ինչպէ՛ս անցաւ քննարկումը եւ ի՛նչ եղաւ արդիւնքը: Քննարկումի ընթացքին՝ խումբերու գաղափարներուն դիւրութեամբ հետեւիլ կարենալու համար կարելի է Յղացքներու Քարտէսը գործածել:
Յղացական հարցադրումներ
- Ի՞նչ է բարեկամութիւնը:
- Որո՞ւն «ընկեր» կ՚ըսենք:
- Մէկու մը/ առարկայի մը/ յղացքի մը բարեկամութեան չափանիշերը ի՞նչ են:
- Ընկեր ըլլալու եւ միասին ժամանակ անցնելու միջեւ կապակցութիւն մը կա՞յ:
- Բարեկամութիւնը փոխադա՞րձ կ՚ըլլայ:
- Միայն անձերո՞ւ հետ ընկեր կամ բարեկամ կ՚ըլլանք։ Կարելի՞ է ուրիշ էակի մը հետ ալ ընկեր ըլլալ:
Հաւանական պատասխաններ
- Ընկեր ըլլալ կը նշանակէ միշտ միասին ըլլալ:
Հոս կարելի է հարցնել թէ միշտ միասին ըլլալու եւ ընկեր ըլլալու միջեւ ի՞նչ յարաբերութիւն կայ: Օրինակ՝ «Բոլոր այն անձերը որոնց հետ դպրոցն էք ամբողջ օրը ձեր ընկերնե՞րն են»հարցումով կարելի է խօսիլ ժամանակի եւ բարեկամութեան միջեւ կապակցութեան մասին:
- Ընկեր ըլլալ կը նշանակէ իրար չվշտացնել:
Կարելի է հարցնել թէ «Ո՞ր պարագաներուն կը վշտացնենք անձ մը: Չի՞ կրնար պատահիլ օրինակ որ երբեմն իրեն լաւութեան համար բաներ ըսենք կամ ընենք, գիտնալով հանդերձ թէ մեր ընկերը պիտի վշտացնենք»:
- Մէկու մը հետ ընկեր ըլլալ կը նշանակէ նոյն բաներէն հաճոյք զգալ:
Այս հարցումներով կարելի է խորացնել քննարկումը. «Բարեկամութեան համար անհրաժեշտ կամ բաւարա՞ր են նոյն երաժշտութիւնը մտիկ ընել, նոյն կերակուրը սիրել, նոյն անձերէն հաճոյք զգալ», «Տարբեր հետաքրքրութիւններ ունեցող անձերը ընկեր չե՞ն կրնար ըլլալ», «Կա՞ն անձեր, որոնց հետ նոյն բաներէն կ՚ախօրժիք, սակայն ընկեր չէք կրնար ըլլալ»։
- Բարեկամութիւն կը նշանակէ գաղտնիք պահել:
Հետեւեալ հարցումներով կարելի է արծարծել գաղտնիքի գաղափարը. «Պէ՞տք է ամեն գաղտնիք պահել: Օրինակ եթէ ձեր ընկերը կամ բարեկամը ուրիշի մը վնաս հասցնէ եւ ըրածը ձեզի խոստովանի որպէս գաղտնիք, այդ գաղտնիքը պահելը բարեկամութի՞ւն կը նշանակէ: Գաղտնիք մը պահելու սահմանը ո՞ւր կը սկսի եւ ո՞ւր կը վերջանայ»:
- Ընկեր կամ բարեկամ է ա՛ն, որ բոլոր պարագաներուն օգնութեան կը հասնի։
Հետեւեալ հարցումներով կարելի է խորացնել քննարկումը՝ «Երբ օգնութեան պէտք ունենանք, սակայն մեր ընկերը մեր քովը չգտնուի, մեր բարեկամութիւնը կը վերջանա՞յ: Օրինակի համար, եթէ այդ միջոցին մեր ընկերը օգնութեան պէտք ունեցող ուրիշ մէկու մը օգնելով զբաղած է, մեր բարեկամութեան վրայ ինչպէ՞ս կ’ազդէ։ Կամ՝ արդեօք պէ՞տք է ազդէ», «Հապա եթէ մեր ընկերը կատու մը ըլլար…։ Կատու մը մեզի ինչպէ՞ս կրնայ օգնել»։
- Ընկեր կամ բարեկամ է ա՛ն, որ սուտ չի խօսիր։
Հոս կարելի է հարցնել թէ մարդիկ ե՞րբ սուտ կը խօսին։ Բարի նպատակով սուտ խօսիլ հնարաւո՞ր է, թէ ո՛չ: Կարելի է հարցնել՝ «Օրինակ, սեպենք թէ ձեր ընկերոջ բերած տարեդարձի նուէրը չհաւնեցաք, սակայն սիրտը չկոտրելու համար՝ սուտ խօսեցաք եւ “Շատ սիրեցի” ըսիք: Այս սուտը ձեր բարեկամութեան վնաս կը պատճառէ՞»:
- Ընկեր կամ բարեկամ ըլլալ կը նշանակէ դատողական չըլլալ:
Հետեւեալ հարցումներով կարելի է խորացնել քննարկումը «Մէկու մը հանդէպ դատողական ըլլալ ի՞նչ կը նշանակէ: Ո՞ր պարագաներուն մէկու մը հանդէպ դատողական կ’ըլլանք: Երբ մեր ընկերոջ որեւէ նիւթի մը մասին իրականութիւնը ըսենք, իրեն հանդէպ դատողական եղած կը համարուի՞նք»: