Թրթուրն ու Խխունջը
Այս քննարկումը, Անահիտ Սարգիսեանի «Երանի» անուան պատմուածքէն մեկնելով՝ կը հարցաքննէ արդարութեան գաղափարը: «Ո՞ր պայմաններուն տակ արդարութիւնը ապահովուած կ'ըլլայ» հարցումը կը հարցաքննուի դարերէ ի վեր եւ մինչեւ այսօր նոյնիսկ կը պահէ իր այժմէականութիւնը: Հետեւեալ քննարկումը ձեւակերպուած է այս հարցումին շուրջ:
Քննարկումի հրահրիչ
Վերոյիշեալ յղումէն սկսեցէ՛ք դիտել տեսերիզը պզտիկներուն հետ, կեցուցէք 2:10-ին, եւ հարցուցէք քննարկուելիք հարցումը: Գործածեցէք «Յղացքի քարտէս» մեթոտը, որպէսզի խմբակը արդիւնաբեր կերպով կարենայ հետեւիլ արծարծուած գաղափարներուն: Տրուած պատասխաններուն պարունակած յղացքները կարենալ դասաւորելու համար գրատախտակը կարելի է կիսել երկուքի. «Արդարութիւնը ապահովուած կ’ըլլայ / Արդարութիւն ապահովուած չ’ըլլար»:
Քննարկումի հարցում
Արդարութիւնը ապահովուած կ’ըլլա՞ր եթէ թրթուրը իր 16 ոտքերէն 6 հատը տար խխունջին: Ինչո՞ւ:
Յղացական հարցադրումներ
- Ի՞նչ է արդարութիւնը:
- Ի՞նչ է հաւասարութիւնը:
- Հաւասարութիւնն ու արդարութիւնը նոյն բանե՞րն են:
- Հաւասարութիւնը միշտ արդարութիւն կը բերէ՞:
- Ի՞նչ է տարբերութիւնը հաւասար չըլլալու եւ տարբեր ըլլալու միջեւ:
- Ինչպիսի՞ կապ մը կայ ի ծնէ կարողութիւններու եւ իրաւունքի միջեւ:
- Ինչպիսի՞ կապ մը կայ կարիքներու եւ արդարութեան միջեւ:
- Մարդիկ ունի՞ն արդարութիւնը ապահովելու պարտականութիւն:
- Ովքե՞ր են արդարութիւնը ապահովելու պարտականութեան պատասխանատուները:
Հաւանական պատասխաններ
- Այո, արդարութիւնը ապահովուած կ’ըլլայ: Որովհետեւ երկուքն ալ ոտք կ’ունենան:
- Ոչ, արդար ըլլալու համար թրթուրը պէտք է տար իր 16 ոտքերուն 8 հատը, այսինքն կէսը: Այդ ձեւով՝ հաւասարութիւնը ապահովուած կ’ըլլար:
Հոս կարելի է քննարկել, թէ արդեօք հաւասարութիւնն ու արդարութիւնը նոյն բանե՞րն են, կամ թէ հաւասարութիւնը միշտ արդարութիւնը կ’ապահովէ՞: Կարելի է հարցնել «Արդա՞ր է աչքերը տկար տեսնող եւ լաւ տեսնող աշակերտներ գրատախտակէն նոյն հեռաւորութեամբ նստեցնելը»: Նոյնիսկ կարելի է քննարկել թէ ինչպիսի կապ մը կայ կարիքներու եւ արդարութեան միջեւ:
Կարելի է հարց տալ. «Ի ծնէ եթէ մէկը՝ 16 ոտք, իսկ միւսը՝ միայն 10 ոտք ունենար, աւելի ոտք ունեցողը արդեօք պէտք է միւսին հետ բաժնէ՞ր իր ոտքերը»:
- Ոչ, որովհետեւ թրթուրը պարտաւոր չէ իր ոտքերուն մէկ մասը տալու: Եթէ տայ, ոտքերը կը պակսին եւ տխուր կ’ըլլայ:
Մարդիկ արդարութիւն ապահովելու պարտականութիւն մը ունի՞ն արդեօք։ Կամ՝ ո՞վ է պատասխանատուն արդարութեան: Կարելի է քննարկել այս հարցումները:
Նոյնիսկ կարելի է հարցնել, թէ մեր ունեցածները ուրիշներուն հետ երբ բաժնենք՝ կ’ուրախանա՞նք թէ կը տխրինք: Կարելի է քննել, թէ մասնակիցները եթէ բաժնեն իրենց ունեցածը՝ ի՞նչ համեմատութեամբ ուրախ կամ տխուր կ’ըլլան եւ այս համեմատութիւնը ինչի՞ համաձայն կ’որոշեն: Օրինակ երեւակայեցէք, որ դուք 10 տուրմ (շոքոլա) ունիք, իսկ ձեր ընկերը բնաւ չունի: Կը բաժնէ՞ք ձեր տուրմը իրենց հետ: Ո՞րքանը: Իսկ միայն մէկ հատ եթէ ունենայիք ի՞նչ կ’ընէիք: Քննարկումը կարելի է ընդլայնել հետեւեալ հարցումով. «Տուրմ բաժնելու եւ ոտքերը բաժնելու միջեւ տարբերութիւն մը կա՞յ թէ չէ»:
- Այս ձեւով ալ արդարութիւն կարելի է, որովհետեւ ի ծնէ տարբեր են:
Հոս կարելի է հարցնել թէ «Մարդիկ ի ծնէ իրենց ունեցած կարողութիւններով գոհանալու պարտաւո՞ր են»: Եւ կարելի է քննարկել հետեւեալը. ի ծնէ մեր ունեցած իրաւունքները ի ծնէ կարողութիւններու համաձա՞յն կ’որոշուին, թէ չէ:
Կարելի է նաեւ հարցնել, թէ «եթէ երկուքն ալ մարզանքի դասին՝ վազքի մրցումի մասնակցին, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ»: Հետեւաբար կարելի է քննարկուի հետեւեալը. «կեանքը կարելի՞ է կերտել կարիքներու կամ կարողութիւններու հիման վրայ»:
Բոլոր գաղափարները իմանալէ ետք, դիտել տուէք տեսերիզին մնացեալը եւ հարցուցէք հետեւեալ հարցումը:
Քննարկումը շարունակելու հարցում
Ձեզի համաձայն՝ արդարութիւնը ապահովուեցա՞ւ, երբ թրթուրը կռնակին վրայ կրեց խխունջը: Ինչո՞ւ:
Հաւանական պատասխաններ
- Այո։ Քանի որ թրթուրը առաւելութիւն ունէր, պէտք է խխունջին օգնէր:
- Ոչ։ Խխունջը կռնակին վրայ կրելով, թրթուրը նեղ կացութեան մատնուեցաւ:
- Ոչ։ Երբ թրթուրը կռնակէն իջեցնէ զայն, ամէն ինչ կը դառնայ առաջուան վիճակին:
Երեք պատասխանին մէջն ալ կարելի է քննարկել արդարութիւնը ապահովելու պարտականութեան հարցը: Եթէ երրորդ պատասխանը չգայ, «Այո, որովհետեւ թրթուրը առաւելութիւն ունէր, պէտք է խխունջին օգնէր» պատասխանին դէմ յանդիման՝ ուղեկիցը կրնայ հետեւեալը հարցնել. «Երբ թրթուրը կռնակէն իջեցնէ զայն, ամէն ինչ սկիզբի վիճակին չի՞ վերադառնար»:
- Քանի որ ընկեր են, կարեւորը արդարութիւն ապահովելը չէ: Արդար չըլլալով հանդերձ՝ թրթուրը կռնակին վրայ սիրով կը կրէ խխունջը, քանի որ կը սիրէ զայն:
Հոս կարելի է քննարկել ծանօթներու կամ բարեկամներու հանդէպ մեր արդարութեան մօտեցումը: Նոյնիսկ կարելի է հարցնել հետեւեալը. «Հետեւաբար, խխունջը պէտք է փոխարինէ՞»:
Վերոյիշեալ քննարկումի աւարտին եթէ ժամանակ մնայ, կարելի է պատմուածք ամբողջացնելու աշխատանք ընել: Կարելի է հարցնել. «Եթէ դուք ըլլայիք այս պատմուածքը գրողը, ինչպէ՞ս կ'ամբողջացնէիք»: Տարիքի համեմատ կարելի է պատկեր գծել տալ եւ կամ գրութիւն մը գրել տալ նիւթին մասին: Իսկ եթէ ժամանակը լրացած է, այս աշխատութիւնը կարելի է առաջարկել որպէս տունի աշխատանք: