Քեզ շատ կը սիրեմ
Այս աշխատանքին նպատակն է քննարկել «սէր» յղացքը։ Քննարկումը ձեւաւորուած է հետեւեալ հարցումներուն շուրջ. «Ի՞նչ է սէրը», «Ի՞նչ կը նշանակէ սիրել՝ մէկը սիրել կամ բան մը սիրել», «Ինչո՞ւ կը սիրենք մէկը կամ բան մը»:
Քննարկումի հրահրիչ
Խումբին ուղղեցէք հետեւեալ հարցումը. «Եթէ սէրը գոյն մը ըլլար, ըստ ձեզի ի՞նչ գոյն կ՚ըլլար»։ Նախ կարգով բոլորին պատասխանները ստանալէ յետոյ «Ինչո՞ւ այս գոյնը ընտրեցիր» հարցումով խնդրեցէք խումբի անդամներէն, որ իրենց ընտրութեան պատճառը բացատրեն։ Տրուած պատասխաններուն մէջ յայտնուող ամէն մէկ յղացքը Յղացքներու քարտէսի մեթոտը գործածելով գրատախտակին վրայ գրեցէք։
Մեր այս նախապատրաստական աշխատանքը կարելի է գործածել ուրիշ յղացքներ ալ քննարկումի նիւթ դարձնելով։ «Եթէ ........ը/ն ........ մը ըլլար, ինչպէ՞ս կ՚ըլլար» հարցման կաղապարը կարելի է յարմարցնելով գործածել այլ բազմաթիւ յղացքներու քննարկման համար։ Օրինակ. «եթէ նախանձը ձայն մը ըլլար ինչպիսի՞ ձայն մը կրնար ըլլալ», «եթէ երջանկութիւնը հոտ մը ըլլար ինչպիսի՞ հոտ մը կարելի է որ ըլլար», «եթէ ազատութիւնը համ մը ըլլար, ինչպիսի՞ համ մը կ՚ունենար», «ներելը եթէ տուն մը ըլլար, ինչպէ՞ս պիտի ըլլար», «աղքատութիւնը եթէ խանութ մը ըլլար, ինչպիսի՞ տեղ մը պիտի ըլլար» եւ նմանօրինակ հարցումներով նախաքննարկման փուլ մը կարելի է կազմել։ Այսպիսով խումբը կարելի է ուղղել դէպի նիւթին հետ առընչուած յղացքներու քննարկման ենթահողը։ Նախապատրաստական այս աշխատանքէն ետք կարելի է յղացական քննարկումը ճամբայ հանել հարց տալով թէ. «նախանձը ի՞նչ է», «երջանկութիւնը ի՞նչ է», «ազատութիւնը ի՞նչ է», «ներումը ի՞նչ է», «աղքատութիւնը ի՞նչ է»։
Պատասխանները եւ պատճառաբանութիւնները մտիկ ընելէ ետք ուղղեցէք քննարկումի հարցումը եւ սկսեցէք քննարկումը։ Քննարկումի ընթացքին շարունակեցէք գործածել Յղացքներու քարտէսի մեթոտը։
Քննարկումի հարցում
Ըստ ձեզի՝ սիրել ի՞նչ կը նշանակէ։
Յղացական հարցադրումներ
- Սէրը ի՞նչ կը նշանակէ։
- Սիրել ի՞նչ կը նշանակէ։
- Ինչո՞ւ մէկը կամ բան մը կը սիրենք:
- Սիրելը միշտ փոխադարձ կ՚ըլլա՞յ։
- Սիրելը նախընտրա՞նք մըն է, թէ՞ ոչ պարտադրութիւն մը:
- Սէրը անծայր եւ անսահմա՞ն է։ Կրնա՞յ վերջանալ։ Կրնա՞յ այլափոխուիլ։
Հաւանական պատասխաններ
- Սիրելը բանի մը հանդէպ համակրանք ցոյց տալ է։ Օրինակ, ես շոքոլայով (տուրմով) կարկանդակ կը սիրեմ, որովհետեւ անոր համէն հաճոյք կը զգամ։
Այս կարգին, «Պայմա՞ն է հաւնիլ բան մը կամ մէկը, որպէսզի զայն սիրենք» հարցումը կարելի է տալ։ Կարելի է նաեւ շարունակել քննարկումը հետեւեալ հարցումներով.
«Ունի՞ք բաներ, որ չէք հաւնիր, բայց կը սիրէք։ Օրինակ, երեւակայեցէք, որ մէկու մը վարմունքը չէք հաւնիր։ Այդ անձը, հակառակ իր վարմունքին սիրել կարելի կրնա՞յ ըլլալ»։
«Հաւնելու եւ սիրելու միջեւ ինչպիսի՞ յարաբերութիւն մը կայ»։
- Սիրել կը նշանակէ բանի մը կամ մէկու մը մօտ զգալ։ Օրինակի համար, կը սիրենք այն անձերը որոնք մօտ են մեր խորհուրդներուն եւ զգացումներուն։
Այս պարագային կարելի է ուղղել հարցումներ, ինչպէս.
«Կարելի՞ է սիրել մէկը որ մեզմէ տարբեր ձեւով կը խորհի։ Եթէ այո, սահման մը կայ. ո՞ւր է սահմանը»։
«Ձեր կեանքին մէջ կա՞ն անձեր/բաներ որոնք, ձեզմէ բաւական տարբեր ըլլալով հանդերձ՝ նորէն ալ կը սիրէք»։
- Կը սիրենք զանոնք, որոնց հետ կը համաձայնինք, որոնց հետ կրնանք հաղորդակցիլ եւ խօսակցիլ։
Այս կէտին շուրջ, կարելի է հետեւեալ հարցումներուն օգնութեամբ հաղորդակցութեան գաղափարը քննարկումի ենթարկել.
«Համաձայնիլ կամ հաղորդակցիլ, ըստ ձեզի, ի՞նչ կը նշանակէ»։
«Հաղորդակցելու համար անպայման խօսիլ պէ՞տք է. օրինակ, կատուի մը կամ շունի մը հետ կրնա՞նք հաղորդակցիլ»։
«Իսկ, երբ որեւէ առարկայ մը սիրենք, կրնա՞նք մենք մեզի առարկային հետ հաղորդակցութեան մէջ համարել։ Օրինակ, կրնա՞նք որեւէ հաղորդակցութեան կապ ունենալ մեր ամենասիրած պայուսակին հետ»։
- Կը սիրենք իրեր/անձեր, որոնք միշտ մեր քովն են եւ մեզ երբեք առանձին չեն ձգեր։
Հոս կարելի է «փոփոխութիւն/այլափոխում»ի յղացքները քննարկումի նիւթ դարձնել, այն հարցով, թէ սէրը անսահմա՞ն է, կամ արդեօք սահմանափա՞կ է։ Նաեւ այս պարագային կարելի է որոշ հարցումներ ուղղել, ինչպէս.
«Սէրը, ըստ ձեզի, կրնա՞յ յաւիտենական ըլլալ»։
«Արդեօք որոշ բաներ սիրելէ հրաժարիլ վա՞տ բան մըն է»։
«Ինչպիսի՞ պարագաներու կը հրաժարինք սիրելէ»։
- Կը սիրենք այն բաները/անձերը, որոնք փոխադարձաբար մեզ կը սիրեն եւ մեզի սէր ու համակրանք ցոյց կու տան։
Այս կէտը կարելի է աւելի մօտէն քննարկել հետեւեալ հարցումները ուղղելով.
«Սիրելը միշտ փոխադարձութիւն կ՚ունենա՞յ»։
«Արդեօք կա՞ն պարագաներ, երբ չենք սիրեր անձեր կամ բաներ որոնք կը սիրեն մեզ»։
«Ըստ ձեզի, երբ մեր սիրած անձերը մեզ փոխադարձաբար չեն սիրեր, արդեօք պէտք է որ զանոնք սիրելէ հրաժարի՞նք»։
«Երբ առարկայ մը սիրենք, այդ առարկան մեր սէրը կը փոխադարձէ՞։ Օրինակ, երբ մատիտ մը սիրենք, այդ մատիտը, ի պատասխան, մեզ կը սիրէ՞»։
- Մեր ընտանիքը կը սիրենք քանի որ մեզի մաս կը կազմէ։
Ասոր մասին հետեւեալ հարցումներով կարելի է քննարկումը շարունակել.
«Արդեօք ամէն անձ ստիպուա՞ծ է իր ընտանիքը սիրելու։ Կրնա՞յ հակառակը պատահիլ»։
«Բան մը կամ անձ մը սիրելը ընտրութեա՞մբ է որ կ՚ըլլայ»։
«Սիրելը նախընտրա՞նք է, թէ պարտաւորութի՛ւն»։
«Արդեօք ունի՞ք բաներ, որոնք սիրելու պարտաւոր էք եւ կամ այդպէս կը զգաք»։
«Այսպիսի պարագայի մը, կրնա՞նք համարել որ իրապէս կը սիրենք»։
«Ի՞նչ կը նշանակէ իրապէս սիրել»։
- Մենք կը սիրենք այն բաները, որոնք մեզ դէպի հաճելի զուգորդումներ կ՚առաջնորդեն. օրինակ, մեր տունը կը սիրենք որովհետեւ մեր միտքին մէջ տունը մեր ընտանիքին կը զուգորդենք ։
- Կը սիրենք այն բաները կամ անձերը, որոնց հետ ընդհանուր անցեալ մը կը բաժնենք։
Վերը նշուած երկու պատասխաններով կարելի է «յիշողութիւն, յիշել եւ յիշատակ»ի նման յղացքներ քննարկել հետեւեալ հարցումներուն առաջնորդութեամբ.
«Ինչպիսի՞ զուգորդումներ մեզ լաւ զգացնել կու տան»։
«Այն ձայները, հոտերը, անձերը, որոնք անցեալին հետ կը կապենք ի՞նչ պայմաններու տակ մեզ լաւ կը զգացնեն»։
«Այս զուգորդումները միշտ կը սիրե՞նք»։