Երազին որոշումը

Մանկութեան գաղափարը քննարկուելիք նիւթ դարձած է 20րդ դարէն սկսեալ: Երբ կ՚ընդունուի, որ մանկութեան շրջանը չափահասութենէն տարբերող նշանակութիւն մը ունի եւ մանուկներու զարգացողական կարիքներուն հիման վրայ՝ կարգ մը իւրայատուկ իրաւունքներ յարգել պէտք է, այն ատեն՝ նոյն այդ իրաւունքներուն օրինական ապահովութեան անհրաժեշտութիւնը երեւան կու գայ:
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) կողմէ 1989ին ընդունուած Երեխայի Իրաւունքներու Պայմանագիրին 12րդ յօդուածը կ'ըսէ. «Երեխային վերաբերող ամէն տեսակ նիւթի մասին՝ անոր գաղափարը պէտք է լսուի եւ նկատի առնուի»: Ներկայ քննարկումին հետապնդած նիւթն է ուրեմն, այդ Պայմանագիրին համաձայն, ընտանեկան որոշումներու մէջ երեխային մասնակցութիւնը եւ իրեն վերաբերող նիւթերու մասին գաղափար արտայայտելու իրաւունքը:

Քննարկումի հրահրիչ

Կարդացէք հետեւեալ դրուագը:

Օր մը դպրոցէն տուն վերադարձին Երազ կը տեսնէ, որ մայրն ու հայրը տան բոլոր կարասիներուն տեղերը փոխած են: Այս վիճակէն Երազ բնաւ չ՚ախորժիր: Կը խորհի թէ այս փոփոխութեան մասին պէտք է իր կարծիքն ալ հարցուէր, բայց առանց բառ մը ըսելու կ’երթայ իր սենեակը: Երբ սենեակին մէջի փոփոխութիւններն ալ կը տեսնէ բոլորովին կը զայրանայ: Պահ մը սենեակէն դուրս չ՚ելլեր: Երբ մայրը աղջկան տխրութիւնն ու բարկութիւնը կը տեսնէ, մտահոգութեամբ հարց կու տայ.
«Ի՞նչ եղաւ քեզի, ինչո՞ւ նեղուած ես: Դպրոցը բա՞ն մը պատահեցաւ»: Հետեւաբար Երազ, ա՛լ աւելի կը յուզուի եւ ինքն իրեն կը հարցնէ, թէ մայրը ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ չի հասկնար կատարուածը: Մայրը կը պնդէ եւ այս անգամ՝ Երազ կը պատասխանէ թէ առանց իրեն բան մը ըսելու՝ իր սենեակին, նոյնիսկ ամբողջ տան մէջ փոփոխութիւններ ըրած են, իսկ այսպիսի բան մը ընելու իրաւունք չունին: Մայրը կը զարմանայ ու կ’ըսէ
«Ներողութիւն, Երազ, այս փոփոխութեան համար քու կարծիքդ հարցնելու մասին չմտածեցինք: Քեզ համար այսքան կարեւոր ըլլալը մեր միտքէն չանցաւ նոյնիսկ»:

Այս տողերը կարդալէ ետք, հետեւեալ հարցումը հարցուցէք եւ սկսեցէք քննարկումը: Միեւնոյն ժամանակ՝ կազմեցէք «Յղացքներու քարտէս» մը, որպէսզի բոլորը արդիւնաբեր ձեւով կարենան հետե­ւիլ գաղափարներուն:

Քննարկումի հարցում

Պէ՞տք էր, որ տան մէջի փոփոխութեան համար մայրն ու հայրը Երազին կարծիքը հարցնէին: Ինչո՞ւ:

Յղացական հարցադրումներ
  • Ովքե՞ր կրնան որոշում տալ:
  • Ովքե՞ր կրնան հաստատել որոշումներուն ճշմարտութիւնը:
  • Երեխաները ընտանեկան որոշումներուն կրնա՞ն մասնակցիլ: Ինչպիսի՞ որոշումներու կրնան մասնակցիլ:
  • Մանուկները իրե՛նք իրենց կրնա՞ն որոշում տալ: Առանձին ինչպիսի՞ որոշումները կրնան տալ:
  • Որոշման ընթացքին մասնակցութիւն բերելը կարեւո՞ր է: Ինչո՞ւ:
Հաւանական պատասխաններ
  • Այո, պէտք է Երազին կարծիքը հարցուէր, որովհետեւ ան ալ նոյն տան մէջ կը բնակի:
    Հոս հետեւեալ հարցումներու շնորհիւ կարելի է քննարկել թէ երեխաները ինչպիսի՞ որոշումներու պէտք է մաս կազմեն կամ պէտք չէ մաս կազմեն.
    «Նոյն տան մէջ բնակիլը հասարակաց որոշումներ առնելը պար­տա­դի՞ր կը դարձնէ», «Կա՞ն այնպիսի որոշումներ, որոնց կայացման պէտք չէ, որ երեխաները մասնակցին»:
  • Ոչ, պէտք չէ, որ իր կարծիքը հարցուի, որովհետեւ տունը կը պատկանի մեծերուն: Երազը դեռ երեխայ է:
    «Բանի մը տէր ըլլալ, բոլոր պարագաներուն՝ այդ բանին մասին միակ որոշո՞ղը ըլլալ կը նշանակէ», «Իսկ ընտանիքները երեխաներու տէ­րե՞րն են» հարցումները կարելի է քննարկուին:
  • Տունին այլ մասերը կրնան փոխել բայց պէտք էր, որ Երազէն հրաման առնէին իր սենեակին մէջը կատարուած փոփոխութիւններուն համար:
    Հոս կարելի է քննարկուի սեփական ու հասարակաց պիտոյքներու հարցը: Կարելի է հարց տալ թէ ովքե՞ր կրնան ըլլալ որոշողները հասարակաց պիտոյքներու մասին: Նկատի ունենալով տան հասարակաց հանգամանքը, կարելի է նաեւ քննարկել թէ մարդիկ իրենց ապրած երկրին մէջ ինչպիսի՛ նիւթերու մասին կրնան կամ չեն կրնար որոշում կայացնել:
  • Պէտք չունէին հրաման առնելու: Ծնողքը իր երեխային համար ամենալաւ որոշումը կրնայ տալ:
    Ո՞վ կը հաստատէ որոշումներու ճշմարտութիւնը: Որոշումները հաստատելու համար վաւերացնող մարմի՞ն մը պէտք է։
  • Երբեմն չափահասները պէտք է հարցնեն երեխաներու ալ կարծիքը:
    «Ո՞ր պարագային կամ ո՞ր նիւթերու մասին տղոց կարծիքը պէտք է հարցուի» հարցումով խմբակէն կարելի է ուզել օրինակներ:

Իւրաքանչիւրին կարծիքները իմանալէ ետք՝ անցէ՛ք քննարկումին երկրորդ բաժնին։

Այս բաժնի համար, նախապէս գրած եղէք հետեւեալ հարցումները բոլորին ընթեռնելի մեծ թուղթերու վրայ, որպէսզի խմբային քննարկումի ընթացքին կարենան տեսնել: Նկատի ունենալով մասնակիցներուն թիւը կարելի է նուազեցնել հարցումներուն քանա­կը կամ աւելցնել նման հարցումներ եւ կամ գրել նոյն հարցումները քանի մը անգամ: Ըստ մասնակիցներու հասունութեան՝ կարելի է փոխել հարցումները եւ կամ պատրաստել բոլորովին նորերը:

Խումբը բաժնեցէ՛ք կամ 4 անդամնոց ենթախմբակներու: Իւրա­քանչիւր ենթախմբակին 3 հարցում տուէք: Որոշեցէ՛ք քննար­կումի տեւողութիւնը եւ սկսցուցէք խմբային քննարկումները: Ժամանակամիջոցը երբ լրանայ, խօսք տուէք իւրաքանչիւր խմբակին: Հետեւեցէ՛ք քննարկումի ընթացքին երեւան եկող իւրաքանչիւր գաղափարի արտայայտութեան:
Երկրորդ հրահրիչ
  • Ձեր ընկերոջը տունը գիշերել կարենալու որոշումը ո՞վ պէտք է տայ:
  • Ո՞վ պէտք է որոշէ թէ ինչ պիտի հագուիք:
  • Ո՞վ պէտք է որոշէ թէ գիշերը դուրս կրնաք ելլել թէ չէ՛:
  • Ո՞վ պէտք է որոշէ թէ ի՛նչ կրնաք ուտել կամ չէք կրնար:
  • Ո՞վ պէտք է որոշէ ձեր սենեակին կարգաւորման մասին:
  • Ո՞վ պէտք է որոշէ թէ որու հետ պէտք է ընկերակցիք:
  • Ո՞վ պէտք է որոշէ թէ ընկերային ցանցերը կրնաք գործածել թէ չէ՛:
  • Ո՞վ պէտք է որոշէ թէ ձեր պարտականութիւնը պէտք է ընէք թէ չէ՛:
  • Ո՞վ պէտք է որոշէ թէ ցուրտ օդին՝ գլխարկ պէտք է դնէք թէ չէ՛:
  • Ո՞վ պէտք է որոշէ, թէ ո՛ր դպրոցը պիտի յաճախէք: