Ստուերային թատրոն
Այս քննարկումը հիմնուած է Պղատոնի «Քարայրի Այլաբանութեան» վրայ: Պղատոնը Քարայրի Այլաբանութեամբ ձեռք կ'առնէ իրականութեան, յերիւրանքի, գիտութեան, հաւատքի նման փիլիսոփայական խնդիրները եւ կ'ըսէ թէ իրողութեան հասնիլը, զայն կարենալ տեսնելը դժուար ճամբորդութեան մը կը կարօտի: Ըստ իրեն՝ իրողութեան հասնելու համար անձը պէտք է փոխէ իր տեսանկիւնը, պէտք է հարցաքննէ իր տեսնելուն արգելք հանդիսացող վարժութիւններն ու համոզմունքները: Մեր գիտցածներուն / ենթադրածներուն (այսինքն՝ քարայրին մէջի շուքերուն) եւ (քարայրէն դուրս գտնուող) իրական գիտելիքներուն միջեւ գոյացող տարբերութեան անդրադառնալու համար, պէտք է ազատ մտածելու քաջութիւնը ունենալ եւ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը աչքի առնել:
Քննարկումի հրահրիչ
Կարդացէք հետեւեալ դրուագը:
Հայրը Սարվէնին ըսաւ. «Մանկութեանս՝ հայրս զիս ամէն շաբաթ ստուերային թատրոն կը տանէր եւ ես այդ օրուան անհամբեր կը սպասէի: Այս կիրակի ես ալ քեզ պիտի տանիմ ստուերային թատրոն»: Սարվէնը նախապէս ստուերային թատրոն չէր տեսած, հետեւաբար հարցուց թէ ինչպիսի բան մըն էր այս թատրոնը: Հայրը ըսաւ. «Երբ որ գայ, կը սորվիս, անակնկալ թող ըլլայ»: Սարվէն հարցուց թէ իր ամենամտերիմ ընկերուհին Զապէլը իրենց հետ կրնա՞ր գալ, թէ չէ՛. հայրը պատասխանեց. «Անշուշտ որ կրնայ գալ: Վստահ եմ, որ միասին շատ պիտի զուարճանաք»:
Կիրակի օր միասնաբար գացին թատրոն: Սարվէնը եւ Զապէլը շատ յուզուած էին։ Ահա՛ լոյսերը փակուեցան ու խաղը սկսաւ: Բեմի ճերմակ պաստառի մը վրայ երկու հերոսներ օդին մէջ կը սլանային եւ միաժամանակ կը խօսէին: Այնքան զուարճալի էին, որ Սարվէնն ու Զապէլը խնդալէն մարեցան: Կէս ժամ ետքը, տասը վայրկեան դադար տրուեցաւ խաղին: Լոյսերը վառեցան: Սարվէնն ու հայրը ըմպելիներ գնելու համար սրահէն դուրս ելան: Այդ միջոցին՝ Զապէլ թմրած ոտքերը շարժելու համար սկսաւ սրահին մէջ քալել:
Մօտեցաւ բեմին ու ի՜նչ տեսնէ: Վարագոյրին ետեւը վառող լամբար մը եւ երկար ցպիկներու կապուած հերոսներուն տիկնիկները, որոնք քիչ առաջ բեմին վրան էին…։ «Ուրեմն…» կը խորհէր Զապէլը: «Ուրեմն այս հերոսները օդին մէջ չէի՞ն սլանար: Այլ մէկը կար, որ կը շարժէ՞ր զանոնք: Իրենք չէի՞ն խօսողները: Այլ մէկը անոնց տեղը կը խօսէր»: Զապէլ ապշած էր, բեմին ետեւէն ձայն մը իմացաւ ու վազեց իր տեղը: Այդ միջոցին Սարվէնը եւ հայրը մտան սրահէն ներս: Զապէլը ծռեցաւ Սարվէնի ականջին ու յուզումով ըսաւ. «Սարվէն պիտի չհաւատաս, գիտեմ, բայց պաստառին վրայի ստուերները իրական չէի՜ն: Անոնք խորքին մէջ ցպիկներու կապուած տիկնիկներ էին»: Սարվէնը չհաւատաց. «Ո՜չ, չի կրնար ըլլալ: Ահաւասիկ տեսանք, անոնք պաստառին վրայ սլացող հերոսներ են եւ կը խօսին. չտեսա՞ր որքան զուարճալի են»: Զապէլը պնդեց. «Ո՜չ, ո՜չ: Կարելի է ցպիկները բռնող անձն է զանոնք խօսեցնողը»: Սարվէնը ուշադրութիւն չդարձուց, իր խմիչքէն ումպ մը կուլ տուաւ։ Այդ պահուն՝ լոյսերը մարեցան եւ հերոսները կրկին երեւցան պաստառին վրայ: Սարվէն Զապէլին դարձաւ ու ըսաւ. «Նայէ՝ ահա՛ եկան, հիմա պիտի կատակեն եւ մեզ պիտի խնդացնեն: Իրականութիւնը այս է»: Գլուխը դարձուց դէպի բեմ: Զապէլ բան մը պիտի ըսէր բայց Սարվէն շատոնց սկսած էր խնդալ:
Քննարկումի հարցում
Ըստ ձեզի, որո՞ւն ըսածը ճիշտ է: «Ստուերները իրական չեն» պնդող Զապէլի՞ն ըսածը, թէ «Պաստառին վրայ սլացող հերոսները իրական են» պնդող Սարվէնի՛ն ըսածները: Ինչո՞ւ:
Յղացական հարցադրումներ
- Ի՞նչ է իրականութիւնը:
- Իրականի եւ ուրուականի միջեւ ի՞նչպիսի յարաբերութիւն կայ:
- Այն ինչ որ մարդիկ կը տեսնեն, իրակա՞ն կը կոչուի:
- Բան մը իրակա՞ն կ՚ըլլայ եթէ անոր վրայ համաձայնի մեծամասնութիւնը։
- Հաւատքի եւ իրականութեան միջեւ ի՞նչպիսի յարաբերութիւն կայ:
- Ո՞վ կրնայ գիտնալ իրականութեան ի՛նչ ըլլալը:
Հաւանական պատասխաններ
- Զապէլին ըսածը ճիշդ է. որովհետեւ իրականութիւնը պաստառին ետեւը տեղի ունեցածն է, ոչ թէ ստուերը:
Հոս կարելի է քննարկել ստուերի եւ իրականի միջեւ գտնուող յարաբերութիւնը ուտարբերութիւնը:
- Սարվէնին ըսածը ճիշտ է. որովհետեւ ան միայն ստուերները տեսաւ:
Հոս կարելի է քննարկել թէ ինչ որ տէսանելի է, այսինքն այս պարագային՝ ստուերը կրնա՞յ իրականութիւնը փոխել, թէ չէ՛:
- Երկուքն ալ ճիշդ կ’ըսեն. որովհետեւ այն ինչ որ անձը կը տեսնէ՝ ըստ իրեն իրողութիւն է:
Հոս կարելի է հարցնել, թէ ի՞նչ կը նշանակէ տեսնել: Հաւանաբար տեսնել պիտի նկատուի ըմբռնել: «իրականութիւնը անձէ անձ փոփոխակա՞ն բան մըն է» եւ «Անձերէն անկախ իրականութիւն մը կարելի՞ բան է» հարցումներով կարելի է ընդլայնել քննարկումը: Նոյնիսկ քննարկումը կարելի է շարունակել «Ի՞նչպիսի մօտեցում պէտք է տալ անոնց հանդէպ, որոնց ըսածները մերիններէն տարբեր են» հարցումով:
- Երկուքին ալ ըսածը ճիշդ չէ: Որպէսզի բան մը իրական նկատուի, ամէն մարդ պէտք է նոյնբանին հաւատայ:
Կարելի է քննարկել հաւատքի եւ իրականութեան միջեւ գոյացող յարաբերութիւնը:
- Երբ որ ուրիշներու պատմես, ճիշդը ըսողը կ՚ըլլայ ա՛ն որուն մարդիկ կը հաւատան:
Կարելի է քննարկել իրականութեան որոշիչը: Կարելի է հարցնել «Երբ մեծամասնութիւնը բան մը կ’ըսէ կամ երբ շատերը նոյն բանին կը հաւատան, արդեօք կը նշանակէ որ անպայման ճի՞շդ է» հարցումը:
Քննարկման առաջին բաժնին յատկացուած ժամանակը երբ որ լրանայ, խմբակին ցոյց տուէք հետեւեալ ծաղրանկարը: Ժամանակ տուէք ծաղրանկարին վրայ մտածելու համար: Ապա հարցուցէք քննարկումի հարցումը:
Երկրորդ հրահրիչ
Քննարկումի հարցում
Ըստ ձեզի վերոյիշեալ քննարկումին եւ այս ծաղրանկարին միջեւ որեւէ կապ մը կա՞յ: Եթէ կայ, ի՞նչպիսի կապ մըն է:
Յղացական հարցադրումներ
- Ամէն ինչ, որ կը դիտենք, կը կարդանք, կ՚իմանանք, ճի՞շդ է անպայման:
- Ուրիշ իրականութիւն մը կը պահուըտի՞ մեր տեսածին ետեւը:
- Ճի՞շդ է այն ամէն ինչը որ ցոյց կու տայ մամուլը:
- Մամուլը ինչո՞ւ երբեմն ցոյց կու տայ իրողութիւններուն միայն մէկ մասը:
Նիստի վերջաւորութեան մասնակիցներուն կարելի է յանձնարարել որ դիտեն 1998ի «The Truman Show» ժապաւէնը: Այդ ժապաւէնը մեր ապրած աշխարհին իրողութիւնը կը հարցաքննէ. կը կեդրոնանայ նոյնիսկ հնարուածին եւ իրողութեան միջեւ գոյացող յարաբերութեան վրայ: Ապա կարելի է խնդրել որ ունկնդիրները շարադրութիւն կը գրեն ժապաւէնին մէջ լսուած «Աշխարհի իրողութիւնը կ'ընդունինք ինչպէս որ մեզի կը հրամցուի ան» նախադասութեան մասին:
Ուշադիր եղէք որ խումբը չառաջնորդէ վիճաբանութիւնը դէպի դաւադրութեան տեսութիւններ։ Քննարկումին նպատակն է այս հարցումները քննարկութեան նիւթ դարձնել՝ «Ի՞նչ է իրականութիւնը։ Որպէս իրականութիւն մեզի ներկայացուածին եւ իրականին միջեւ ի՞նչ կապ կայ։» Մինչդեռ, դաւադրութեան տեսութիւնները իրականութիւնը չարաշահելով դուրս կը հանեն իրենց իրավիճակէն եւ մարդոց իրականութեան ընկալումը քանդել կը նպատակադրեն։