Ուղեցոյց
Այս ուղեցոյցը պատրաստուած է ուղեկիցներու համար, որոնք կը փափաքին կիրարկել «Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» ծրագիրը եւ գործածել Փիլիպարտէզի նիւթերը: Այստեղ ջանացինք անհրաժեշտ գիտելիքներ եւ խորհուրդներ թելադրել «Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» ծրագիրով բոլոր հետաքրքրուողներուն համար:
ներբեռնել
Կրնաք ներբեռնել Ուղեցոյցին տպելու յարմար տարբերակը։
«Երեխաներու հետ փիլիսոփայութեան» շուրջ կարեւոր հարցումներ
Ինչպէս «Մեր մասին» բաժնին մէջ պարզել փորձեցինք՝ «Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» ծրագիրը կարելի է գործածել այն դպրոցներուն մէջ ուր հայերէնը ուսուցման լեզուներուն մաս կը կազմէ։ Այս ծրագիրով կրնան նոյնպէս հետաքրքրուիլ մանկավարժներ եւ ուղեկիցներ որոնք զանազան մարզերու մէջ երեխաներու եւ պատանիներու հետ կ՚աշխատին։ Ծրագիրը կարելի է հայախօս ընկերային կառոյցներէ ներս ալ կիրարկել:
Փիլիսոփայական յղացքներու ծանօթ ըլլալու տեսակէտէն՝ «Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» ծրագիրը կիրարկող ուղեկիցներուն փիլիսոփայութիւն ուսանած ըլլալը բնականաբար դրական դեր մը կը խաղայ։ Սակայն այս չի նշանակեր թէ այլ մասնագիտութեան տէր ուղեկիցներ այս նիւթերը չեն կրնար գործածել: Ընդհակառակը՝ այսօր աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ տարածուած «Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» ծրագրին ուսուցման կը մասնակցին ո՛չ միայն փիլիսոփայութեան վկայական ունեցողներ, այլ նաեւ զանազան նիւթերու մէջ աշխատող մանկավարժներ, որոնք իրենց ծրագիրներուն մէջ կ’ուզեն ներմուծել այս մեթոտը, ինչպէս նաեւ՝ տարբեր մասնագիտութիւններու տէր անձեր, որոնք փիլիսոփայական աշխատանք տանիլ կ’ուզեն պատանիներու կամ չափահասներու հետ:
Նոյնպէս օգտակար կ՚ըլլայ եթէ ուղեկիցը ունենայ իր գործածելիք նիւթին փիլիսոփայական տարողութեան մասին հիմնական գիտակցութիւն մը: Այդ գիտակցութեան շնորհիւ է, որ պիտի անդրադառնայ նիւթի մը մասին փիլիսոփայական քննարկումի ձեռնարկելու եւ նոյն նիւթին մասին պարզապէս զրուցելու միջեւ գոյացող տարբերութեան: Ուղեկիցէն սպասուածը՝ փիլիսոփայական խօսակցութեան համար յարմար միջավայր մը ապահովել է:
Այս պատճառաւ, մանաւանդ եթէ փիլիսոփայական վկայական մը չունիք, նիւթերը գործածելէ առաջ՝ կը թելադրենք որ ուշի ուշով կարդաք մուտքի բացատրութիւնները եւ «Յղացական հարցադրումներ» բաժնին հարցումները:
«Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» ծրագիրին ամէն մէկ նիւթը հիմնուած է մէկ կամ մէկէ աւելի յղացքի վրայ եւ քննարկումներուն նպատակը ասոնց մասին «զրուցել» չէ, այլ՝ «յղացական քննարկումներ» կատարել: Հետեւաբար զգոյշ պէտք է ըլլալ քննարկումի ընթացքին խմբակին ուղղուելիք հարցումներուն: Այստեղ կարեւոր է գիտնալ, թէ որո՛նք են «փիլիսոփայական հարցումներ»ը եւ զանոնք այլ տեսակի հարցումներէ զատորոշող յատկանիշները:
Փիլիսոփայական հարցումները յղացքներու վերաբերեալ հարցումներ են: Օրինակ՝ ենթադրենք թէ «ուրախութիւն» յղացքին մասին է քննարկումը: «Ուրա՞խ ես», «Ի՞նչ բան քեզ ուրախութիւն կը պատճառէ» եւ նման հարցումներ ճիշդ է որ ուրախութեան մասին են, բայց ուրախութիւն յղացքը քննարկելու համար բաւարար չեն: Իսկ «Ի՞նչ է ուրախութիւնը», «Կա՞յ կապ ուրախութեան եւ ազատութեան միջեւ», «Կարելի՞ է նախընտրել ուրախ չըլլալ», եւ նման հարցումներ ուղղակի «ուրախութիւն» յղացքը քննարկումի առարկայ կը դարձնեն:
Ֆիլ Քէմի (Phil Cam) «Հարցումներու ցուցանակ»ը կրնայ օգտակար ըլլալ իրարմէ զանազանելու համար տարբեր տեսակի հարցումները: Ցուցանակին մէջ որպէս օրինակ կը գործածուին բոլորին ծանօթ «Մոխրիկը», «Ճպուռն ու մրջիւնը» եւ «Կարմիր գլխարկիկը» հէքեաթները։
«Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» ծրագիրը կիրարկելու ընթացքին բնականաբար ամէն տեսակի հարցումներ պիտի յայտնուին, բայց պէտք չէ մոռնալ որ փիլիսոփայական քննարկումի հիմը պէտք է կազմէ «Յղացքներու վերաբերեալ հարցումներ»ը: Ուրեմն, ուղեկիցին պատասխանատուութիւններէն մէկն է ճիշդ հարցումներով եւ ստորեւ մատնանշուած մեթոտներով՝ քննարկումի ուղղութիւնը ճիշդ ճամբու մէջ պահելը:
Քննարկումի ընթացքին՝ «Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» ծրագիրին նիւթերը կիրարկող ուղեկիցին դիրքը եւ պատասխանատուութիւնները բացայայտելու համար, կարելի է բացատրել թէ ինչու կը նախընտրենք անգլերէնով տարածուած «Philosophy For Children (P4C)»ի փոխարէն՝ «Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» ըսել, իսկ կիրարկող անձերուն համար գործածուած «facilitator»ին փոխարէն՝ կը գործածենք «ուղեկից» բառը: Երկու պարագային ալ, ի միտի ունեցած ենք երեխաներուն եւ ուղեկիցին միջեւ հաւասար յարաբերութիւն մը պահպանել, այսինքն քննարկումի մը ընթացքին, թէ՛ մասնակից, թէ՛ ուղեկից, բոլորն ալ տեսնել որպէս «սորվողներ»։
Ուղեկիցը միշտ պէտք է միտքը պահէ, թէ այս քննարկումներուն նպատակը «բան մը սորվեցնել» չէ, այլ՝ միջավայր մը ստեղծել, ուր մասնակիցները յղացքի մը շուրջ մտածեն, արտայայտուին, նոր հարցումներ ուղղեն եւ զիրար մտիկ ընեն: «Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» ծրագրով հետաքրքրուողը իր գաղափարները պիտի չպարտադրէ դիմացը գտնուողներուն. իր պարտականութիւնը մթնոլորտ մը ստեղծել է, ուր մասնակիցները կարենան ինքնավստահութեամբ իրե՛նց գաղափարները արտայայտել: Այստեղ կ՚ուզենք թուել ուղեկիցին դիրքին եւ պատասխանատուութեան շուրջ քանի մը ընդհանուր «սկզբունքներ»:
- Քննարկումի ընթացքին խուսափեցէք ձեր գաղափարները արտայայտելէ: Մանաւանդ երբ գիտենք որ փոքր տարիքի երեխաները կը ջանան կրկնել ինչ որ կը լսեն հոն գտնուող չափահասին (եթէ միջավայրը դասարան մըն է՝ ուսուցիչին) բերնէն: Երբ մասնակիցները ձեր գաղափարը հարցնեն, կրնաք հարցումին հարցումով պատասխանել ու ըսել. «Դուն ի՞նչ կը մտածես» կամ «Այս նիւթին մասին գաղափար ունեցող կա՞յ»:
- Քննարկումին բռնելիք ուղղութեան շուրջ նախապէս մտածած եղէք, սակայն եթէ քննարկումը տարբեր ուղղութեամբ ընթանայ, մի՛ փորձէք «սրբագրել» կամ ձեր գաղափարները պարտադրել:
- Կրնայ պատահիլ որ երեխաները կարծեն թէ իրենցմէ ուզուածը «ճիշդ պատասխան»ը գտնել է: Սակայն «Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» ծրագրին նպատակը «ճիշդ պատասխան»ը փնտռել չէ, այլ՝ վարժեցնել է ճիշդ ձեւով միտք բանեցնելու:
- Վերի կէտը ձեզ թող չշփոթեցնէ: «Փիլիսոփայութեան մէջ ճիշդ կամ սխալ պատասխաններ չկան» մի՛ ըսէք մասնակիցներուն: Մասնակիցներու մօտ՝ հիմնաւորուած կամ անհիմն ձեւով (fallacy) միտք բանեցնելու միջեւ տարբերութիւնը ընբռնելն է կարեւորը: Փիլիսոփայութեան մէջ թուաբանութեան պէս «ճիշդ պատասխաններ» գոյութիւն չունին։ Կը պատահի սակայն որ մասնակիցները հակասական ձեւով արտայայտուին, իրենց գաղափարները չկարենան հիմնաւորել եւ անհիմն պատասխաններ տան: Երբ տեսնէք որ անհիմն ձեւով միտք կը բանեցնեն, ուղղակի մատնանշելու փոխարէն՝ մղեցէք մասնակիցները իրենց գաղափարները վերանայելու: Իսկ եթէ կարելի է՝ այնպէս մը ըրէ՛ք որ ուրիշ մասնակիցներ ըլլան հարցադրողները:
- Միշտ այնպէս մը վարուեցէ՛ք որ մասնակիցները արժեզրկուած չզգան։
- Մի՛ դատէք: Այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծեցէ՛ք որ մասնակիցները կարենան իրենց գաղափարները արտայայտել առանց քաշուելու:
- Բարոյապաշտ մի՛ ըլլաք: Մասնակիցներուն մտածածները «հանրային բարոյականութեան» կանոններուն համապատասխանող՝ «ամօթ, մեղք, գէշ, սխալ» ու ասոնց նման արտայայտութիւններով մի՛ պիտակէք:
- Ապահովեցէք փոխադարձ յարգանք ներշնչող մթնոլորտ մը: Մի՛ վախնաք որոշ օրէնքներ յիշեցնելէ. օրինակ՝ «Ուրիշին գաղափարները պէտք չէ ծաղրել», «Ուրիշին խօսքը պէտք չէ ընդմիջել», «Սեռային խտրականութենէ պէտք է խուսափիլ», «Մերժողական լեզու պէտք չէգործածել»:
- Մտածելու ժամանակ տուէք, մի՛ վախնաք լռութենէն: Եթէ լռութիւնը երկարի, «Ձեր կարծիքով՝ ինչո՞ւ լռութիւն տիրեց, ինչո՞ւ միտք բանեցնելու մէջ դժուարացանք»ի նման հարցումներով կրնաք նիւթ բանալ լռութեան պատճառներուն մասին:
- Նոյն պահուն մէկէ աւելի հարցում մի՛ հարցնէք, միայն մէկ հարցումի վրայ կեդրոնացէք:
- Միշտ հետաքրքրութեամբ մտիկ ըրէք, ձեր մտիկ ընելու փափաքը պէտք է զգան մասնակիցները:
- Հարցում ուղղեցէ՛ք հասկնալու համար, ոչ թէ մասնակիցը «նեղ կացութեան մատնել»ու: «Բայց…»ով մի՛ սկսիք ձեր խօսքը:
- «Այս պատմուածքէն ի՞նչ քաղեցինք»ի նման հարցումներ մի՛ հարցնէք: Մի՛ մոռնաք, որ «Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» ծրագիրին նպատակը «դաս մը քաղել» չէ, այլ յղացքներ քննարկել է:
- Եթէ միւսներէն աւելի խօսք առնող մէկը ըլլայ, խօսքը ուրիշի մը փոխանցեցէք: Եթէ տեսնէք որ խօսք առնողներուն մէջ՝ սեռերէն մէկը կը գերակշռէ, նոյն ձեւով կրնաք միջամտել: Սակայն միջամտելէ առաջ, անպայման բացայայտօրէն ըսէք պատճառները: Այս ձեւով, նախապէս շատ խօսողներուն վերջնականապէս լռելուն պատճառ եղած չէք ըլլար։
- «Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» ծրագիրին արդիւնքները յստակ է որ ժամանակի ընթացքին կը զարգանան: Մի՛ մոռնաք, նպատակը առաջին նիստէն սկսեալ մասնակիցներուն կատարելապէս միտք բանեցնելով արտայայտուիլը չէ, այլ յառաջացում մը ձեռք բերելն է ժամանակի ընթացքին:
- Այս ծրագիրը փոփոխութեան ընթացք մըն է նաեւ ուղեկիցին կամ (եթէ վայրը դպրոց մըն է՝ ուսուցիչին) համար։ Հաճոյքը վայելեցէք գիտութեան միակ աղբիւրը ըլլալու դերէն «ազատելու» եւ «սորվողներուն» կողմը անցնելու:
«Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» ծրագիրը, Հարցաքննող Համայնքի Բնատիպով (Community of Inquiry Model) ձեւաւորուած է: Այս բնատիպը առաջին անգամ երեւան եկած է գիտնականներու աշխարհին մէջ, որուն համաձայն՝ գիտնականները պէտք է քննարկող խմբակի մը ձեւով շարժին եւ գիտական արտադրութիւնը պէտք է այդ համայնքին հաւաքական քննարկումին արդիւնքը հանդիսանայ:
Ամերիկացի փիլիսոփայութեան ուսուցիչ՝ Մեթիու Լիբմըն (Matthew Lipman) այս բնատիպը մանկավարժական մարզին պատշաճեցուցած է ու հիմնած է «Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» կոչուած մեթոտաբանութիւնը։ Ըստ իրեն՝ «Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» ծրագրին վայրը (իսկ եթէ այս վայրը դպրոց մըն է՝ դասարանը) քննարկող խմբակ մը ըլլալով կը հասկցուի: Մասնակիցները իրարու հետ չեն մրցակցիր: Քննարկման ընթացքին արծարծուած գաղափարները մաս կը կազմեն հաւաքական գործընթացի մը: Քննարկումի ընթացքին արծարծուած իւրաքանչիւր գաղափար, կը սնանի նախկին ձեռքբերումներէն եւ կը սնուցանէ յաջորդ գաղափարները:
Ուղեկիցը այս միջավայրը առողջ կերպով համակարգելու պատասխանատու անձն է: Կարեւոր է ֆիզիքական վայրը պատրաստել քննարկումի խմբակի բնատիպին հաւաքական բնոյթը նկատի ունենալով: Մասնակիցները պէտք է նստած ըլլան շրջանակի մը մէջ, որպէսզի բոլորը կարենան զիրար տեսնել: Ուղեկիցն ալ մասնակիցներուն նման մաս կը կազմէ այս շրջանակին: Մանաւանդ դասարանէ ներս անհրաժեշտ է փոխել նստելու սովորական կարգաւորումը, որուն մէջ ուսուցիչը կը գտնուի դասարանին կեդրոնը: Մասնակիցներու խումբը շատ մեծ ըլլալու պարագային կարելի է կէս շրջանակի ձեւով նստիլ:
Քննարկումի ընթացքին կարեւոր է մանաւանդ «Յղացքներու քարտէս» պատրաստելու համար գրատախտակի մը ներկայութիւնը, որպէսզի մասնակիցները կարենան դիւրութեամբ հետեւիլ քննարկումին: Հետեւաբար ուղեկիցը պէտք է իր նստած տեղը որոշէ գրատախտակը հանգիստ գործածելու անհրաժեշտութիւնը նկատի ունենալով։
Քննարկումներու ընթացքին, մասնակիցներուն միջեւ ըստ բախտի ընտրութիւն կատարելու փոխարէն, աւելի արդիւնաբեր կ՚ըլլայ խօսք տալ կամաւոր խօսք առնել ուզողին: Երբեմն ըստ բախտի կրնաք ընտրել խօսողը, սակայն մի մոռնաք յիշեցնելու թէ մասնակիցները իրաւունք ունին նաեւ լուռ մնալու:
«Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» աշխատանոցին միջոցին ընդհանրապէս կը գործածուի «խօսելու իրաւունքը ցոյց տուող առարկայ» մը: Առարկան կը տրուի խօսք առնողին ձեռքը, որ ըսելիքը վերջացնելէն ետք, առարկան կը յանձնէ յաջորդ խօսք առնողին: Այս առարկան ընդհանրապէս չցատկող, կակուղ գնդակ մը կ’ըլլայ, որպէսզի մասնակիցները կարենան դիւրութեամբ իրարու նետել: Կարեւոր է խմբակին յիշեցնել «օրէնք»ը, որուն համաձայն միայն առարկան ձեռքը ունեցողը իրաւունք ունի խօսելու, միւսները պէտք է մտիկ ընեն:
Փիլիպարտէզի նիւթերը կը դասաւորուին «7 տարեկանէն վար», «7 տարեկանէն վեր», «9 տարեկանէն վեր» ձեւով, նկատի ունենալով այս նիւթերու միջոցաւ քննարկուած յղացքները եւ երեխաներու զարգացումի մակարդակը: Բացի այս դասաւորումէն, կիրարկման ընթացքին, ուղեկիցը կրնայ իր գործածելիք լեզուն վերանայիլ՝ նկատի ունենալով խմբակին լեզուի մակարդակը: Օրինակ՝ նիւթի մը մէջ հրահրիչ պատմութեան լեզուի մակարդակը եթէ խմբակին մակարդակէն բարձր է, առանց յղացական կազմը աւրելու կրնայ պարզեցնել պատմութեան լեզուն:
Ո՞ր քայլերուն պէտք է հետեւիլ «Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» ծրագրի գործադրութեան ընթացքին։
(*) նշանը կրող քայլերը անհրաժեշտ են: Միւսներուն գործածութիւնը կարեւոր է, սակայն կրնաք գործածել ըստ յարմարութեան:
Քննարկումը սկսելէ առաջ, խաղի ձեւով աշխատանք մը կարելի է կատարել: Մթնոլորտը ջերմացնելու աշխատանքները կը կատարուին երբեմն խմբակի մը անդամները իրարու մտերմացնելու (մանաւանդ եթէ մասնակիցները զիրար չեն ճանչնար), երբեմն ալ քիչ ետք քննարկուելիք նիւթին շուրջ միտք բանեցնելով «սկզբնական քննարկում» մը ընելու համար (Տե՛ս «Սկզբնական քննարկում» բաժինը վարը ներկայացուած մեթոտներուն մէջ)։
Այս բաժնին մէջ յղացական հակադրութիւն պարունակող հրահրիչը (պատմուածք, տեսերիզ, երաժշտութիւն, նկար, խօսակցութիւն, եւլն.) ուղեկիցին կողմէ խմբակին կը հրամցուի՝ կը կարդացուի, ցոյց կը տրուի եւ կամ մտիկ ընել կը տրուի:
Հրահրիչը հրամցնելէ ետք եւ քննարկումի հարցումը ուղղելէ առաջ, քանի մը վայրկեան հրահրիչին մասին մտածելու առիթ կարելի է տալ: Այս հանգրուանին, առանց միջամտելու կրնաք թելադրել որ մասնակիցները մտածեն հրահրիչին մասին: Կարելի է նոյնիսկ խմբակներ կազմել ու հրահրիչին մասին գաղափարներ փոխանակել խմբակին մէջ, ապա այդ գաղափարները բաժնել ընդհանուրին հետ:
Յղացքներու վերաբերեալ հարցումն է այս մէկը, որ քննարկումը կը բանայ: Ուղեկիցը ընդհանրապէս իր նախապէս պատրաստած հարցումը կ’ուղղէ խմբակին: Կան նաեւ այլ ձեւեր քննարկումը բանալու՝
- Խմբակէն կարելի է ուզել որ իրե՛նք հարցում պատրաստեն: Եթէ խմբակը պիտի պատրաստէ հարցումը, իւրաքանչիւր մասնակիցէն հրահրիչին մասին հարցում մը կը պահանջուի։
- Կարելի է նաեւ փոքր խումբերու բաժնուելով հարցումներ պատրաստել: Ապա արծարծուած հարցումներէն քուէարկութեամբ ընտրել քննարկուելիքը:
Հարցում պատրաստելու աշխատանքները օգտակար են, քանի որ հարցում հարցնելն ալ մտածելու կը մղէ: Սակայն եթէ սահմանափակ է ձեր ժամանակը, նկատի ունեցէք որ այս աշխատանքը յաւելեալ 15-20 վայրկեան պիտի պահանջէ:
Քննարկումի հարցումին շուրջ առանձին մտածելու կամ փոքր խումբերով քննարկելու պահն է: Այս բաժնին մէջ եթէ խմբային աշխատանքի մեթոտը կը կիրարկուի, ուղեկիցը կրնայ խումբերուն մօտենալ եւ անոնց հետ (առանց շատ միջամտելու եւ կարճ պահ մը միայն) միտքերու փոխանակութիւն ունենալ:
Գաղափարները ընդհանուրին հետ բաժնելու պահն է: Մասնակիցները այս ընթացքին ալ կը շարունակեն մտածել եւ իրենց գաղափարները զարգացնել: Քննարկումի պահը իրարմէ ազդուելով միասնաբար մտածելու փորձառութիւնն է, ոչ թէ գաղափարներու միջեւ մրցում մը:
Քննարկումի աշխատանքը արժեւորելու պահն է: Աշխատանքին պարունակութիւնէն աւելի, քննարկումի ընթացքն է որ կ՚արժեւորեն մասնակիցները: Ըստ մասնակիցներուն տարիքին, հետեւեալ հարցումներէն մէկը ընտրելով կամ նման հարցում մը հնարելով՝ կրնաք խմբակին ինքնարժեւորում մը ընել տալ:
- Այսօր աշխատանոցի ընթացքին իրարու մտիկ ըրի՞նք:
- Շրջանակ կազմելով նստելու ուշադիր եղա՞նք:
- Խմբակի մասնակիցներուն գաղափարները յարգեցի՞նք:
- Մեր միտքերը լաւ աշխատցուցի՞նք:
- Քննարկումը մակերեսայի՞ն էր, թէ՞ կրցանք խորանալ:
- Մեր գաղափարները կրցա՞նք հիմնաւորել:
- Նիւթը տարբեր տեսանկիւններէ կրցա՞նք քննել:
- Քննարկումի վերջաւորութեան իր սկզբնական գաղափարը փոխող եղա՞ւ:
«Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» ծրագիրը կանոնաւոր ձեւով կիրարկող խմբակի մը մէջ, երբեմն վերոյիշեալ հարցումներէն զատ՝ ուրիշ հարցումներ ալ կրնաք ուղղել, նախորդ նիստերուն աշխատանքը վերանայելու միտումով:
- Սկիզբի նիստերուն բաղդատմամբ, իրարու աւելի լաւ մտիկ կ՚ընե՞նք:
- Ուրիշին խօսքը չընդմիջելու տեսակէտէն յառաջդիմա՞ծ ենք:
- Նիւթին տարբեր տեսանկիւններէ մօտենալու առումով յառաջդիմա՞ծ ենք:
- Սկիզբի նիստերուն բաղդատմամբ, կրցա՞ծ ենք աւելի լաւ արտայայտել մեր գաղափարները:
- Սկիզբի նիստերուն բաղդատմամբ կրցա՞ծ ենք աւելի լաւ հիմնաւորել մեր գաղափարները:
- Սկիզբի նիստերուն բաղդատմամբ, աւելի պատրա՞ստ ենք մեր գաղափարը փոխելու, երբ համոզիչ պատճառներ ըլլան:
Փիլիպարտէզի նիւթերը ի՞նչպէս կը գործածուին:
Ի՞նչ մասերէ կը բաղկանան:
Այս բաժնին մէջ կարճ բացատրութիւն մը տրուած է, բացատրելու համար թէ կատարուած աշխատանքը ո՞ր յղացքը կամ յղացքները քննարկելու նպատակ ունի: Քննարկման մէջ իբրեւ հրահրիչ՝ եթէ գրողի մը գործէն բաժին մը, արուեստագէտի մը գործը, ծանօթ պատմութիւն մը, հէքիաթ մը, նկար մը գործածուած է, ասոնց մասին ալ կարճ բացատրութիւն մը կը տրուի այս բաժնին մէջ: Նախքան քննարկումը, նշուած յղացքին, նիւթին կամ երկին մասին յաւելեալ պրպտում ընելը կրնայ օգտակար ըլլալ:
Այս բաժինը, մուտքի բաժնին մէջ նշուած յղացքի մասին մտածել տուող, փիլիսոփայական խնդիր մը հրամցնող «հրահրիչ»ն է: Երբեմն պատմուածք մըն է, կրնայ նաեւ մտածումի փորձ մը ըլլալ, յարակարծիք մը, խօսակցութիւն մը կամ նախադասութիւն մը, երբեմն ալ՝ նկար մը, պատկեր մը, տեսերիզ մը, երաժշտական կտոր մը կամ առարկայ մը:
Փիլիսոփայական հարցումն է, որ կ՚առաջնորդէ յղացքները քննարկելու: Պէտք է ըլլայ հարցում մը, որ կ՚ապահովէ յղացական քննարկումի հնարաւորութիւնը (Տե՛ս վերոյիշեալ «ցուցանակ»ը)։
Այս բաժնին հարցումներուն նպատակն է, ներկայացնել յղացական հարցադրումը, որուն վրայ հիմնուած է քննարկումը: Յղացական հարցադրումները քննարկումի ժամանակ հարցնելու համար նախատեսուած չեն, այլ ուղեկիցին քննական-փիլիսոփայական ենթահող մը ստեղծելու կ՚օգնեն։ Մասնակիցներուն տարիքային միջինին եւ քննարկումին լեզուական մակարդակին համաձայն՝ այս հարցումները կրնան ի յայտ բերուիլ ուղեկիցին կամ մասնակիցներուն կողմէ, եւ կամ կրնան ընդհանրապէս չքննարկուիլ։ Եթէ ուղեկիցը նախօրօք ասոնց շուրջ մտածած է, քննարկումի ընթացքին աւելի դիւրին կ՚ըլլայ զանոնք փիլիսոփայական հարթակ փոխադրել:
Այս բաժնին մէջ կը գտնուին մասնակիցներէն գալիք հաւանական պատասխաններուն մէկ մասը: Այդ պատասխանները ստանալու պարագային, նշուած են առաջարկուած նոր հարցումներ, փիլիսոփայական քննարկումը ընդլայնելու միտումով: Կրնայ նաեւ պատահիլ որ այս պատասխաններէն ոչ մէկը ստանաք, եւ անսպասելի ըլլան արտայայտուած կարծիքները։ Սակայն եթէ կը խորհիք որ տրուած պատասխանները քննարկուած հարցումին չեն վերաբերիր, մասնակիցները կրնաք մղել դէպի քննարկումի հարցումը, վարի «Կիրարկման ընթացքին գործածուելիք որոշ մեթոտներ» բաժնին մէջ բացատրուած թելադրանքներուն հետեւելով:
Պզտիկ բաժիններ, որ աշխատանքներուն տարբեր բաժիններուն մէջ կը յայտնուին եւ կը պարունակեն գործածուելիք մեթոտներուն վերաբերեալ յիշեցումներ, աշխատանքէն ետք տրուելիք անհատական կամ խմբային աշխատութիւններու առաջարկներ, եւլն.:
Մեթոտներ որ կարելի է գործածել կիրարկումի ընթացքին
Քննարկումի ընթացքին արծարծուած գաղափարներուն «քարտէսը» կազմելու եւ քննարկումին հետեւիլը դիւրացնելու նպատակով կը գործածուի: Յղացքներու քարտէսը կը կազմուի քննարկուող յղացքները գրի առնելով, ոչ թէ երկար նախադասութեան ձեւով, այլ հիմնական բառերը գրատախտակին վրայ նշելով: Յղացքներու քարտէսը կեդրոնական տեղ գրաւելու պէտք չունի: Պէտք է գործածուի միայն քննարկումը արթուն պահելու եւ հետեւիլը դիւրացնելու համար:
Այս մեթոտը մասնակիցները կը մղէ դէպի «քննարկումի հարցում»ը: Ենթադրենք որ քննարկումի հարցումն է «Ի՞նչ է արդարութիւնը»: Եթէ կը խորհիք թէ մասնակիցին տուած պատասխանը հարցումին հետ կապ չունի, առանց «Ասիկա հարցումին հետ ի՞նչ կապ ունի» ըսելու, կարելի է քննարկումի հարցումին վերադառնալ, «Այո, այս պարագային ի՞նչ է արդարութիւնը» ըսելով: Այսինքն կրնաք «խարիսխ նետել» քննարկումի հարցումին: Հետեւաբար մասնակիցները կրնաք մղել մտածելու, իրենց գաղափարներուն եւ բուն հարցին միջեւ կապեր հաստատելով:
Որոշ պարագաներու, երբ յղացքի մը մասին կը խօսուի, կարելի է կրկնութեան մատնուիլ: Օրինակ «Ի՞նչ է գեղեցկութիւնը» հարցումին կարելի է պատասխանել. «Բանի մը գեղեցիկ ըլլալն է»: Այսպէս պատահելու պարագային, քննարկումը կարելի է վերածել խաղի եւ ըսել. «Գեղեցկութեան ինչ ըլլալը բացատրելու ջանանք առանց գեղեցիկ բառը գործածելու»: Այսպիսով մասնակիցները մղած կ’ըլլաք փիլիսոփայական քննարկումի եւ յղացական վերլուծումներ կատարելու:
Քննարկումի ընթացքին եթէ համախոհութիւն մը ստեղծուած է եւ քննարկումը տեղ մը հասած ու կեցած է, կարելի է քննարկումը «արթնցնել», հարցնելով թէ իրենց հետ համաձայն չեղող մէկը այդ նիւթի մասին ինչե՞ր կրնար ըսել: Այս մեթոտը թէ՛ ճամբայ կը բանայ քննարկումը յառաջացնելու, թէ՛ ալ առիթ մըն է մասնակիցներուն համար իրենց յայտնած գաղափարներուն շուրջ մտածելու:
Փիլիսոփայութեան մէջ գործածուած մեթոտներէն մէկն է մտածել «անհրաժեշտ եւ բաւարար պայմաններ»ու մասին: Օրինակ մը տալու համար, քառակուսի մը կազմելու համար չորս անկիւն ունենալը անհրաժեշտ է, սակայն բաւարար չէ, քանի որ չորս անկիւններով կարելի է կազմել որեւիցէ քառանկիւն մը: Քննարկումներու ընթացքին, անհրաժեշտ եւ բաւարար գործօններու մասին խօսիլը օգտակար կրնայ ըլլալ քննարկումը յղացական հարթակ փոխադրելու համար: Եթէ նիստի մը նիւթը խաղաղութիւնն է, կարելի է ցանկ մը կազմել խաղաղութեան համար անհրաժեշտ գործօններու եւ այլ ցանկ մը բաւարար գործօններու: Պատասխանները կրնան լայնիմաստ չըլլալ, կարեւորը մասնակիցներուն հետեւողական ձեւով մտածելու վարժուիլն է:
«Եթէ»ով սկսող պայմանադրական արտայայտութիւնները օգտակար կրնան ըլլալ քննարկումը փոխադրելու դէպի յղացական հարթակ: Օրինակ նիստի ընթացքին երեւակայեցէք թէ «Փիղ մը եթէ թռի, արդեօ՞ք փիղ մը ըլլալէ կը դադրի» հարցումը կը հարցնէք: Մասնակիցները կրնան հակումը ունենալ ըսելու թէ՝ «անկարելի է որ փիղ մը թռի»: Այդ պարագային կրնաք յղացական մակարդակի քննարկումի առաջնորդել զիրենք, ըսելով թէ «Հնարաւորութեան մասին չէ, այլ հաւանականութեան մասին է որ պէտք է մտածենք: Եթէ թռի ի՞նչ կ’ըլլայ»: Կրնաք ձեր հարցումը հարցնել «Եթէ…», «Երեւակայենք թէ…», «Ենթադրենք թէ…» արտայայտութիւնները գործածելով:
Փիլիսոփայական քննարկումը սկսելէ առաջ՝ որոշ պարագաներու «նախաքննարկում» մը տեղի կ՚ունենայ: Նախաքննարկումով խմբակին առիթ կը տրուի բուն քննարկումին «պատրաստուելու»: Օրինակ՝ ժողովրդավարութիւն յղացքին քննարկումը սկսելէ առաջ, կարելի է հարցնել թէ «Ձեր բնակած շէնքին բնակիչները ի՞նչ կ՚ընեն, երբ շէնքին հետ կապուած որոշում մը պէտք է կայացուի»։ Այսպիսով մասնակիցները կը նախապատրաստուին տուեալ յղացքին մասին մտածելու:
Տուեալ հրահրիչին մասին շօշափելի հարցումով մը կրնաք սկսիլ, ապա վերացական հարցումի մը անցնիլ: Օրինակ՝ նախ կրնաք հարցնել թէ «Պատմութեան կերպարները ազա՞տ են», ապա «Ի՞նչ կը նշանակէ ազատութիւնը» հարցումը ուղղելով կրնաք մասնակիցները «ազատութեան» յղացքին մասին քննարկումի մղել:
Ուղեկիցին կարեւոր պարտականութիւններէն մէկը քաջալերել է մասնակիցները, որպէսզի իրենց գաղափարները հիմնաւորեն։ Այս նպատակով, կարեւոր է հարցնել «Ինչո՞ւ» հարցումը: Այսպիսով երեխաներուն օգնած կ՚ըլլաք, որ զարգացնեն պատճառի եւ հետեւանքի միջեւ կապ հաստատելու իրենց ունակութիւնը:
Տրուած պատասխանի մը դիմաց ուրիշ հարցումներ դնելով կրնաք առաջնորդել մասնակիցները, որպէսզի խորացնեն եւ զարգացնեն իրենց գաղափարները. օրինակ՝ «Այս ըսածդ քիչ մը եւս կրնա՞ս զարգացնել», «Այս գաղափարիդ մասին քիչ մը եւս կրնա՞ս խօսիլ», «Այս գաղափարդ տարբեր բառերով կրնա՞ս արտայայտել»:
Հոն ուր պէտքը զգաք, մասնակիցներուն գաղափարներուն արձագանգեցէք, կարելի եղածին չափ իրենց իսկ բառերը գործածելով: Փոխանակ «Այսպէս կ՚ըսես…» ըսելու, նախընտրեցէք «Այսպէ՞ս կ՚ըսես…» ձեւը , որպէսզի երեխային զգացնէք թէ պատրաստ էք իր ճշդումները ընդունելու: Այս մեթոտը գործածելով երեխաները կը մղուին իրենց գաղափարներուն մասին կրկին մտածելու եւ իրենց արտայայտած գաղափարներուն հետ կապ հաստատելու:
Կարելի եղածին չափ ջանացէք ձեր միտքը պահել ո՛վ ինչ ըսած է՝ քննարկումի ընթացքին այդ գաղափարներուն միջեւ կապեր հաստատելու համար: Նման եւ տարբեր գաղափարներու միջեւ կապ հաստատելով՝ կրնաք մասնակիցները մղել կարծիք յայտնելու միւսներուն գաղափարներուն մասին: