Երեսը կախ թագաւորը
Այս աշխատանքին նպատակն է քննարկել «իշխանութիւն» յղացքը, նիւթ ունենալով «Երեխաները կը խնդան» տեսերիզը, որ առնուած է սուրիացի գրող Զաքարիա Թամէրի նոյնանուն պատմուածքէն: Քննարկումը ձեւաւորուած է հետեւեալ հարցումներուն շուրջ. «Ի՞նչ է իշխանութիւնը», «Ի՞նչ են արգելքները», «Օրէնքները ովքեր, ի՞նչ բանի համեմատ կը դնեն»:
Քննարկումի հրահրիչ
Տեսերիզին առաջին 1:18 վայրկեանը ցոյց տալէ ետք՝ կեցուցէք եւ քննարկումի հարցումը հարցուցէք: Այս միջոցին Յղացքներու քարտէսի մեթոտը գործածեցէք։ Այսպէսով՝ իւրաքանչիւր մասնակից արդիւնաւէտ ձեւով պիտի կարենայ հետեւիլ ներկայացուած գաղափարներուն:
Քննարկումի հարցում
Ըստ ձեզի՝ թագաւորը ինչո՞ւ արգիլեց խնդալը:
Յղացական հարցադրումներ
- Իշխանութիւն ի՞նչ կը նշանակէ:
- Իշխանութեան կարիք կա՞յ: Որո՞նք կը զգան իշխանութեան կարիքը:
- Իշխանութիւնը ի՞նչպէս կը հաստատուի:
- Օրէնքները որո՞ւն կամ որո՞նց կողմէ եւ ի՞նչ բանի համեմատ կը հռչակուին։
- Անհրաժե՞շտ է բոլոր պարագաներուն հնազանդիլ օրէնքները: Կա՞ն օրէնքներ, որոնց պէտք չէ հնազանդիլ:
Հաւանական պատասխաններ
- Թագաւորը խնդալը արգիլեց, որովհետեւ ինք խնդալ չի սիրեր:
- Թագաւորը խնդալը արգիլեց, որովհետեւ չի հասկնար թէ երեխաները ինչո՛ւ կը խնդան:
- Երեխաները իր խօսքը մտիկ չըրին, թագաւորն ալ բարկացաւ ու խնդալը արգիլեց:
- Թագաւորը կարծեց թէ երեխաները կը ծաղրեն զինք, հետեւաբար խնդալը արգիլեց:
Այս ու նման պատասխաններու փոխարէն նախ եւ առաջ «իշխանութիւն» յղացքը կարելի է քննարկել տալ, հարցնելով թէ «Օրէնքները որո՞ւն կամ որո՞նց կողմէ կը հռչակուին»: Քննարկումի ընթացքին՝ կարելի է հարց տալ, թէ անձը կամ անձերը, որոնք օրէնքները կը հռչակեն, ինչի՞ համաձայն որոշած են եւ ինչի՞ համաձայն պէտք է որոշեն այս օրէնքները: Նախ եւ առաջ կարելի է սկսիլ շօշափելի հարցումով մը «Օրինակ ձեր դասարանին մէջ որեւէ նիւթի մը մասին օրէնք մը ինչպէ՞ս կ’որոշուի»: Ապա կարելի է անցնիլ յղացական հարցումներու, օրինակ՝ «Իշխանութիւն ի՞նչ կը նշանակէ», «Ի՞նչ կը նշանակէ արգելք», «Օրէնքներու եւ արգելքներու միջեւ տարբերութիւն մը կա՞յ: Եթէ կայ ի՞նչ է», «Բոլոր օրէնքները օրինաւո՞ր է»:
Հիմա որ բոլորին գաղափարները լսած էք, մասնակիցներուն դիտել տուէք տեսերիզին մնացեալ բաժինը եւ քննարկումը շարունակելու հարցումը հարցուցէք:
Քննարկումը շարունակելու հարցում
Ըստ ձեզի՝ երեխաները ինչո՞ւ շարունակեցին խնդալ:
Հաւանական պատասխաններ
- Երեխաները շարունակեցին խնդալ, որովհետեւ խնդալ կը սիրէին:
- Երեխաները շարունակեցին խնդալ, որովհետեւ չհասկցան թէ ինչո՛ւ պէտք չէ խնդային:
- Չափահասները օրէնքին հնազանդեցան, որովհետեւ թագաւորը կը պաշտպանէին: Սակայն երեխաները դեռ չէին հասունցած:
- Չափահասները վախցան թագաւորին կողմէ պատժուելէ, իսկ երեխաները չվախցան:
- Երեխաները իրենց քաջութեան պատճառաւ շարունակեցին խնդալ, չափահասները անոնց չափ քաջ չէին:
Այս կամ նման պատասխաններ երբ ստանաք, կրնաք խորացնել քննարկումը հետեւեալ եւ նման հարցումներով:
Ի՞նչպիսի տարբերութիւն մը կայ չափահասներու եւ երեխաներու վարմունքներուն միջեւ:
Ի՞նչ պէտք է ընենք երբ մեր սիրած եւ ուզած բաները կ՚արգիլուին: (Ընդհանուր առմամբ, նիւթը կարելի է կապել երեխաներու առօրեային, օրինակ շոքոլա ուտել, սենեակը թափթփած վիճակի մէջ չձգել, եւայլն։)
Մարդիկ օրէնքներուն ընդհանրապէս կը հնազանդին որովհետեւ կը վախնա՞ն, թէ որովհետեւ օրէնքը արդար կը գտնեն:
Ի՞նչ կը նշանակէ քաջութիւն:
Արգելքներուն դիմադրել կամ օրէնքներուն չհնազանդիլը կապ ունի՞ քաջութեան հետ:
Բոլոր պարագաներուն՝ օրէնքին կամ արգելքին հնազանդիլը անհրաժե՞շտ է: Կա՞ն այնպիսի օրէնքներ կամ արգելքներ, որոնց պէտք չէ հնազանդիլ:
Ձեզի համաձայն, կարելի՞ է արգիլել խնդալը: Ինչո՞ւ: