Ճպուռը եւ մրջիւնը
Այս աշխատանքին նպատակն է, «Ճպուռը եւ մրջիւնը» առակէն մեկնելով՝ քննարկել աշխատանք, բաժնեկցիլ, ստեղծագործութիւն, արուեստ եւ նմանօրինակ յղացքները ու միջյղացական յարաբերութիւնները:
Ինչպէս բոլոր քննարկումներու պարագային, հոս ալ շատ բնական է, որ արծարծուած գաղափարներուն շուրջ կեցուածք մը ունենաք։ Մանաւանդ երբ նախապէս մեզի ծանօթ գրական երկի մը վերաբերեալ մտապատկերներով բեռնաւորուած ըլլանք: Յատկապէս այստեղ ներկայացուած նիւթին առնչութեամբ՝ կարեւոր է ձերբազատուիլ կարծրատիպերէն։ Յիշենք, որ ընդհանրապէս «Ճպուռը եւ մրջիւնը» առակը կը գործածուի բարոյական երկուութիւն մը ստեղծելու նպատակով, ուր ճպուռը «ծոյլ» է եւ յետոյ պիտի զղջայ իր ծուլութեան, իսկ մրջիւնը «աշխատասէր» է եւ պիտի քաղէ իր աշխատանքին պտուղները։ Այս քննարկումը առիթը կու տայ կարծրատիպերէն անդին անցնելու, եւ տարբեր արժէքներ արժեւորելու, որոնց կարգին՝ անհատականութիւն զարգացնելը, արուեստով զբաղիլը, բաժնեկցիլը եւ ասոնց հետ կապուած հաւասարեցնող մօտեցումները, հեռու՝ ամէն տեսակի խտրութենէ։ Ինչպէս ուղեկիցներու ուղեցոյցին մէջ յաճախ կը մատնանշենք, պէտք չէ մոռնալ, թէ քննարկումներուն նպատակը մասնակիցներուն որոշակի գաղափար մը սորվեցնել, փոխանցել կամ ստիպել չէ՛, այլ յղացքներու մասին քննադատական մօտեցումներով մտածել է։
Մասնակիցներուն հարցուցէք, թէ «Ճպուռը եւ մրջիւնը» առակին ծանօթ ե՞ն, թէ՞ ոչ: Գիտցողները կրնան նիւթը պատմել սակայն շփոթութիւններու տեղի չտալու համար՝ կարեւոր է որ հրահրիչը անգամ մը ամբողջութեամբ եւ բարձրաձայն լսուի:
Քննարկումի ընթացքին գործածեցէք Յղացքներու քարտէս մեթոտը, որպէսզի մասնակիցները կարենան դիւրութեամբ հետեւիլ արծարծուած գաղափարներուն:
Քննարկումի հրահրիչ
Մրջիւնը ձմրան իր ուտելիքը ամբարել կարենալու համար, ամբողջ ամառը կ՚աշխատի: Մինչ, ճպուռը կիթառ կը նուագէ ու կ’երգէ, ինքզինքը եւ շուրջինները կը զուարճացնէ: Հետեւաբար ճպուռը եւ իր շուրջինները ամառը հաճոյքով կ՚անցընեն: Բայց ամառը կ՚անցնի եւ կը հասնի ձմեռը: Մրջիւնը ճամբուն վրայ կը հանդիպի ճպուռին: Ճպուռը առանց ուտելիքի մնացած է, անօթի է: Մրջիւնէն օգնութիւն կը խնդրէ:
Քննարկումի հարցում
Ըստ ձեզի՝ մրջիւնը ճպուռին պէտք է օգնէ՞, թէ ո՛չ։ Ինչո՞ւ։
Յղացական հարցադրումներ
- Ի՞նչ կը նշանակէ աշխատանք:
- Հասարակութեան կողմէ ի՞նչ բան ծուլութիւն կը համարուի:
- Ի՞նչ է յարաբերութիւնը արուեստին եւ աշխատանքին միջեւ:
- Ե՞րբ պէտք է արուեստը նիւթական փոխհատուցումի արժանանայ:
- Ի՞նչ կը նշանակէ ընտրութիւն: Ի՞նչ կը նշանակէ պարտադրանք:
- Աշխատիլը ընտրութի՞ւն է, թէ պարտադրա՛նք:
- Կա՞յ կարիքաւորներու պէտքերը հոգալու պատասխանատուութիւն մը։
Հաւանական պատասխաններ
- Պէտք չէ օգնէ, որովհետեւ այն օրերուն՝ երբ մրջիւնը կ՚աշխատէր ու ձմրան ուտելիք կ՚ամբարէր, ճպուռը երգելով կը զուարճանար:
Հոս կարելի է հարցնել հետեւեալ հարցումները.
«Ամբարելու համար անդադար աշխատիլը ի՞նչ նպաստ կամ ի՞նչ վնաս կրնայ բերել մեր կեանքին»:
«Աշխատիլը սահման մը պէտք է ունենա՞յ: Ճպուռին նման՝ մրջիւնն ալ զուարճանալու ժամանակ պէտք է տրամադրէ՞ր»:
«Ճպուռը երգած ատեն միայն կը զուարճանա՞ր, թէ՞ ինքն ալ աշխատանք կը տանէր»։
- Պէտք չէ օգնէ, որովհետեւ երբ ճպուռը ծուլութիւն կ՚ընէր, մրջիւնը կ՚աշխատէր իր ապագային համար:
Հոս կարելի է քննարկել ծուլութիւն յղացքը: Քննարկումը կարելի է խորացնել հետեւեալ հարցումներով. «Ի՞նչ կը նշանակէ ծուլութիւն: Ո՞ր պարագաները ծուլութիւն կը համարուին հասարակութեան կողմէ: Ծուլութիւնը չափանիշ մը ունի՞: Մեր ո՞ր մէկ ըրածով (կամ չըրածով) հասարակութեան կողմէ ծոյլ կը նկատուինք: Ինչ որ հասարակութիւնը կ՚ակնկալէ կամ կը փափաքի որ ընենք արդեօք միշտ մե՛ր ակնկալութիւններուն եւ մե՛ր փափաքներուն կը համապատասխանէ՞»:
Իրենց կեանքէն քաղուած օրինակներով մտածել կարենալու համար, մասնակիցներուն կրնաք նաեւ հետեւեալ հարցումները հարցնել. «Ձեր ո՞ր մէկ ըրածը ծուլութիւն կը նկատուի: Ըստ ձեզի ատոնք ծուլութի՞ւն են»:
- Պէտք չէ օգնէ, որովհետեւ եթէ օգնէր՝ մրջիւնին ուտելիքը կը պակսէր եւ անօթի կը մնար:
Կարելի է քննարկել «ուրիշներու հետ բաժնեկցելու» նիւթը, հարցնելով. «Մեր ունեցածները որո՞նց հետ եւ ի՞նչ քանակութեամբ կրնանք բաժնեկցիլ ուրիշներու հետ»:
(Յատուկ բաժնեկցելու նիւթը քննարկելու համար, կրնաք տեսնել «Թրթուրն ու խխունջը» նիւթը)։
- Պէտք չէ օգնէ, որովհետեւ անօթի մնալը ճպուռին յանցանքն է. նախընտրեց չաշխատիլ, հետեւաբար անօթի մնաց: Պէտք է ընդունի իր որոշումին հետեւանքները:
Կարելի է քննարկել ընտրութիւն եւ պարտադրանք յղացքները հետեւեալ հարցումներով. «Ի՞նչ կը նշանակէ բան մը ընտրել: Ի՞նչ բան կրնանք ընտրել: Ըստ ձեզի, մրջիւնին աշխատելը իր ընտրութի՞ւնն էր»։
- Պէտք է օգնէ, որովհետեւ ճպուռը ուտելիքի պէտք ունի:
Հոս կարելի է կրկին քննարկել բաժնեկցելու նիւթը: Նաեւ կարելի է խորացնել քննարկումը հետեւեալ հարցումներով. «Ուրիշներու կարիքներուն պատասխանատուն մե՞նք ենք: Ուրիշներու հանդէպ ինչպիսի՞ պատասխանատուութիւններ կրնանք վերցնել: Օրինակ, եթէ մեր ազգականը, ընկերը կամ դրացին որեւէ բանի մը կարիքը զգայ, անհրաժե՞շտ է որ հոգանք: Հոս առաջնահերթութիւն մը կա՞յ: Եթէ կայ, ի՞նչ հիման վրայ պիտի որոշուի: Օրինակ, մօտիկութեա՞ն չափի համաձայն, թէ՞ կարիքի՛ չափին համաձայն»:
- Պէտք է օգնէ, որովհետեւ ճպուռն ալ երգելով կը զուարճացնէ աշխատող մրջիւնները:
Հոս կարելի է քննարկել արուեստի եւ աշխատանքի միջեւ յարաբերութիւնները: Քննարկումը կարելի է շարունակել հետեւեալ հարցումներով. «Ուրիշները զուարճացնելը հատուցում մը պէտք է ունենա՞յ: Օրինակ երգելը, նուագարան մը նուագելը, պատկեր գծելը աշխատա՞նք են: Ասոնք ե՞րբ աշխատանք կը նկատուին: Ո՞ր պարագաներուն վարձատրութեան պէտք է արժանանան: Արուեստը աշխատա՞նք է»:
- Պէտք է օգնէ, որովհետեւ մրջիւններուն գործը ուտելիք ամբարել է, իսկ ճպուռին գործը՝ երգել:
Հետեւեալ հարցումներով մասնակիցներուն կարելի է մտածել տալ «Ի՞նչ կը նշանակէ աշխատանք» նիւթին շուրջ. «Մրջիւններուն աշխատիլը կամ ճպուռին երգելը նոյն չափով աշխատանք կը համարուի՞ն: Այս երկուքին միջեւ տարբերութիւն մը կա՞յ. եթէ կայ, ինչպէ՞ս բացատրել այդ տարբերութիւնը»:
Շատ կարեւոր է, որ վերջին երկու կէտերով նշուած «արուեստ-աշխատանք» յարաբերութիւնը քննարկումի նիւթ դարձուի հանդիպումի ընթացքին։ Ճպուռին արուեստով զբաղած ըլլալը, արուեստին աշխատանք ըլլալ-չըլլալու խնդիրը կարեւոր են, եթէ կ՚ուզենք այս պատմութեան մօտենալ քննական ակնարկով։ Եթէ արտայայտուած պատասխանները բաւարար չեն, կրնաք հարցնել. «Կը կարծէ՞ք, որ ճպուռին կիթառ նուագելը կարելի է բացատրել միայն «զուարճանալ» յղացքով։ Երաժշտութեամբ զբաղող անձ մը միայն «զուարճացող եւ զուարճացնո՞ղ» կը նկատուի։ Երաժշտութիւն, նկարչութիւն, քանդակագործութիւն, պար եւ նման զբաղումներ ուրիշ ի՞նչ բան կրնան նշանակել»։ Նման հարցումներով կրնաք արուեստի մասին քննարկում մը սկզբնաւորել։
- Պէտք է օգնէ, որովհետեւ մրջիւնին համար բնականը ուտելիք ամբարել է, իսկ ճպուռին համար՝ երգելը:
Հետեւեալ հարցումներով մասնակիցներուն կարելի է մտածել տալ «բնական եղող – բնական չեղող» խնդիրէն մեկնելով՝ կարելի է քննարկել փափաք, ընտրութիւն, պարտադրանք, պատասխանատուութիւն յղացքները: Նաեւ կարելի է հարցնել թէ «Ի՞նչ կը նշանակէ բնական»: Ի՞նչ կը նշանակէ բնութեան համեմատ վարուիլ: Պէ՞տք է մեր բոլոր արարքները բնութեան յարմար բաներ ըլլան»: