Ի՞նչ է «Փիլիպարտէզ»ը

«Փիլիպարտէզ»ը երեխաներու հետ փիլիսոփայութեան ծրագիր մըն է: Փիլիպարտէզին բուն նպատակն է՝ իրականութիւն դարձնել երեխաներուն հետ արեւմտահայերէնով փիլիսոփայելու գաղափարը: Այս նպատակով պատրաստուած նիւթերը սոյն կայքէջին վրայ տրամադրելի պիտի դառնան պարբերաբար: Պատրաստուած է նաեւ երեխաներու հետ փիլիսոփայելու մեթոտին վերաբերեալ ուղեցոյց մը:

Այս ծրագիրով կրնան հետաքրքրուիլ.
  • Ընկերային գիտութիւններ, փիլիսոփայութիւն կամ նման նիւթերով աշխատող մանկավարժներ, որոնք կ՚ուզեն ստեղծագործական մտածողութեան նպաստող աշխատանոցներ կազմակերպել,
  • Հայերէն լեզուի ուսուցիչներ եւ ուղեկիցներ, որոնք կ’ուզեն իրենց ծրագիրներուն մէջ ժամանակակից մեթոտներ եւ քննարկումներ ներմուծել,
  • Դպրոցներ, որոնց ուսուցման լեզուներուն մաս կը կազմէ հայերէնը,
  • Զանազան տեսակի հայերէն լեզուի դասընթացքներ եւ հայերէն լեզուով աշխատողներ,
  • Համայնքային հաստատութիւններ, որոնք երեխաներու եւ պատանիներու հետ կ՚աշխատին,
  • Ծնողներ որոնք հայերէնով արդիւնաբեր ժամանակ կ’ուզեն անցընել իրենց զաւակներուն հետ,
  • Զանազան ընկերային կառոյցներ, որոնց ծիրէն ներս հայերէն կը խօսուի։
Ի՞նչ է «Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն»ը

Նախ, որպէս յստակացում, ըսենք, որ «երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» անուանումը որդեգրած ենք, ի տարբերութիւն աւելի յայտնի եւ անգլերէնէ առնուած «երեխաներու համար փիլիսոփայութիւն» անուանումին։ Այս ընտրութիւնը ըրած ենք, հաւատալով ուղեկիցին եւ երեխային միջեւ հաւասարութեան, ուր ուղեկիցը նոյնքան առնելիք ունի, որքան մասնակից երեխայ մը։

«Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն»ը «Հարցաքննող համայնքի բնատիպ»ով (Community of Inquiry Model) ձեւաւորուած փիլիսոփայական զարգացումի մեթոտ մըն է: Ըստ «Հարցաքննող համայնքի բնատիպ»ին՝ դասարան մը «պրպտող խմբակ» մըն է, ուր կարելի է հարցաքննելու, միտք բանեցնելու, կապ հաստատելու, վիճաբանելու եւ խնդիր լուծելու նման հմտութիւններ զարգացնել:

Ի՞նչ է նպատակը այս մեթոտին

«Երեխաներու հետ փիլիսոփայութեան» աշխատանքներուն նպատակն է զարգացնել երեխաներուն մօտ՝ մտածելու հմտութիւնները, հարցումի մը, խնդիրի մը եւ կամ յղացքի մը օգնութեամբ: Երեխաները ուղեկիցին հրամցուցած փիլիսոփայական խնդիրը ներկայացնող հրահրիչին (նախադասութիւն, հէքեաթ, լուսանկար, տեսերիզ, առարկայ, եւ այլն) շուրջ կը համախմբուին: Մասնակիցները խումբին կողմէ ձեւակերպուած հարցումներուն շուրջ կը մտածեն, պատասխաններ կը փնտռեն, նոր հարցումներ կ՚ուղղեն, կ՚ուսումնասիրեն, կ՚իմաստասիրեն, այլ խօսքով կը փիլիսոփայեն: Երեխաներու հետ փիլիսոփայութեան նիստը վարող անձը գիտելիք չի փոխանցեր, այլ երեխաները կը քաջալերէ որպէսզի մտածեն, խօսին եւ հարցաքննեն: Աշխատանքները կը կառուցուին մանկավարժական յատուկ մօտեցումով մը, որ կը մերժէ դասական դրութիւնը, այն մէկը՝ որուն մէջ ուսուցիչը «հմուտ եւ դաստիարակող», իսկ աշակերտը «դաստիարակուող» կը նկատուի: Այս պատճառաւ նիստը վարող անձը ուսուցիչ մը չէ, այլ ինքն ալ «հետաքրքրուող» «ուղեկից» մըն է:

Երեխաներու հետ փիլիսոփայութեան նիստերուն նպատակը աւանդական մեթոտներով փիլիսոփայութեան պատմութիւնը կամ փիլիսոփաներուն անունները եւ մտածումները սորվեցնել չէ՛: Հետեւաբար պայման չէ, որ այս աշխատանքներուն մասնակցող երեխաները ծանօթ ըլլան փիլիսոփայութեան: Երեխաներուն մօտ՝ աշխարհը հետազօտելու մղող բնական դրդիչ ուժը հետաքրքրութի՛ւնն է, իսկ նոյն այդ հետաքրքրութիւնն է որ կը հանդիսանայ փիլիսոփայական մտածողութեան հիմքը։ Հետեւաբար, երեխաներուն հետ փիլիսոփայութեան նպատակներէն մէկն ալ այս հետաքրքրութեան ազդակը զօրացնել է:

Ի՞նչ արդիւնքներու կարելի է հասնիլ
Առաջարկուած աշխատանքները բազմաթիւ ուղղակի եւ անուղղակի արդիւնքներ ունենալու սահմանուած են: Նախ եւ առաջ կը նպաստեն երեխաներու մտածողութեան զարգացման: Անոնց միտք բանեցնելու, կապեր հաստատելու, երեւակայական մտածողութիւն գործադրելու, վերացականացնելու կարողութիւնները կը զօրացնեն: Ապա իրենց հաղորդակցութեան կարողութիւններու զարգացման կը նպաստեն: Մտիկ ընելու, շուրջի աշխարհը դիտելու եւ դիտարկելու կարողութիւնները կը հարստացնեն եւ նոյնիսկ հասարակութեան մէջ հանգիստ արտայայտուելուն օգտակար կ’ըլլան: Նիստերուն նպատակը թէ՛ խմբային աշխատանքը զօրացնելու միջոցաւ հաղորդակցութեան առիթներ ընծայել է, թէ՛ ալ ինքնուրոյն կերպով սորվելու յարմար միջավայր մը ստեղծել է։
Միայն երեխաներո՞ւն համար են

Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւնը այսօր աշխարհի վրայ բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը կիրարկուի, թէ՛ դպրոցական ծրագիրներու եւ թէ՛ զանազան խմբային աշխատանոցներու ընթացքին: Ճիշդ է որ մեթոտը «Երեխաներու հետ փիլիսոփայութիւն» կը կոչուի, բայց աշխարհի երեսին չափահասներէ կազմուած խումբերու կողմէ գործածութիւնն ալ բաւական տարածուած է: Կը յուսանք որ այստեղ առաջարկուած աշխատանքները իրենց քննադատական եւ ստեղծագործական մտածողութիւնը, նոյնպէս իրենց հարցադրելու եւ հարցաքննելու կարողութիւնները զարգացնել ուզող հայախօս խումբերու կողմէ հաճոյքով պիտի կիրարկուին։

Հովանաւոր՝

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը
պատասխանատու չէ այս կայքէջի պարունակութեան համար։

Ո՞վ ենք մենք
Թինա Քոբմա

համակարգող,
նիւթերը պատրաստող

Ռեժինա Փանօս

Նիւթերը
պատրաստող

Լիզէթ Պայրամ Էրէն

Թարգմանիչ
խմբագիր

Մարալ Ագթօքմաքեան

Թարգմանիչ
խմբագիր