Սուտին գոյնը

Մարդիկ ի՞նչ պայմաններու տակ իրականութիւնը ըսելու փոխարէն՝ կը նախընտրեն սուտ խօսիլ։ Որոշ սուտերը աւելի ընդունելի՞ են։ «Ճերմակ սուտ» ըսուածը գոյութիւն ունի՞:

Քանի մը տուփ ներկ

Ի՞նչ է արուեստը: Ի՞նչ է այդ բանը, որուն շնորհիւ գործը կը նկատուի գեղարուեստական: Ի՞նչ է գեղեցկութիւնը: Ի՞նչն է որ գեղեցիկ կը դարձնէ գեղեցիկ նկատուած բաները:

Երազին որոշումը

Ովքե՞ր կրնան որոշում տալ: Մանուկները իրե՛նք իրենց կրնա՞ն որոշում տալ: Այս քննարկումին նիւթն է, երեխային իրեն վերաբերող նիւթերու մասին գաղափար արտայայտելու իրաւունքը:

Թրթուրն ու Խխունջը

Ի՞նչ է արդարութիւնը: Հաւասարութիւնն ու արդարութիւնը նոյն բանե՞րն են: «Երանի» անուան պատմուածքէն մեկնելով՝ կը հարցաքննենք արդարութեան գաղափարը:

Ստուերային թատրոն

Ի՞նչ է իրականութիւնը: Այն ինչ որ մարդիկ կը տեսնեն, իրակա՞ն կը կոչուի: Այս քննարկումը հիմնուած է Պղատոնի «Քարայրի Այլաբանութեան» վրայ:

Թթուաշ

Թթուաշը լեմոնով կը շինեն թէ՞ քացախով։ Համաձայնութիւն կարելի՞ է գոյացնել։ Ի՞նչ է համաձայնութիւն: Մարդիկ ո՞ր պարագային համաձայն կ՚ըլլան: Անհրաժե՞շտ է համաձայնիլ։

Տոն Քիշոթ

Ի՞նչ է քաջութիւնը։ Ուրիշներու կողմէ չընդունուած բան մը ընելը խենթութի՞ւն է: Այս քննարկումին կեդրոնը կը գտնուի Սերվանդէսի Տոն Քիշոթը:

Ծովածիրը

Եթէ բանի մը բոլոր մասերը փոխուած են, կը մնա՞յ այն ինչ որ է։ Ի՞նչն է, որ բան մը կը դարձնէ ա՛յն ինչ որ է։ «Թեսեոսի նաւը» դրուագը կը գործածուի փոփոխականը եւ անփոփոխը բնութագրելու համար։