Ճպուռը եւ մրջիւնը
Այս աշխատանքին նպատակն է կարծրատիպերէն անդին անցնելով «Ճպուռը եւ մրջիւնը» առակը քննարկել՝ աշխատանք, բաժնեկցիլ, ստեղծագործութիւն, եւ այլ յղացքներու շուրջ:
Քեզ շատ կը սիրեմ
Սիրել ի՞նչ կը նշանակէ։ Ինչո՞ւ մէկը կամ բան մը կը սիրենք: Սիրելը նախընտրա՞նք է, թէ՞ պարտադրութիւն: Սէրը անծայր եւ անսահմա՞ն է։
Այս քարը որո՞ւնն է
Ի՞նչ կը նշանակէ սեփականատիրութիւն: Ինչպիսի՞ պայմաններու տակ կարելի է բանի մը տէր ըլլալու պահանջ ներկայացնել:
Այս բանաստեղծութի՞ւն է
Բանաստեղծութիւն մը ինչո՞վ կը զանազանուի քով քովի շարուած նախադասութիւններէ: Ամէն մարդ կրնա՞յ բանաստեղծութիւն գրել:
Ընկերս կ՚ըլլա՞ս
Ի՞նչ է բարեկամութիւնը: Որո՞ւն «ընկեր» կ՚ըսենք: Միայն անձերո՞ւ հետ ընկեր կամ բարեկամ կ՚ըլլանք։ Կարելի՞ է ուրիշ էակի մը հետ ալ ընկեր ըլլալ:
Երեսը կախ թագաւորը
Իշխանութիւն ի՞նչ կը նշանակէ: Օրէնքները որո՞ւն կամ որո՞նց կողմէ եւ ի՞նչ բանի համեմատ կը հռչակուին։ Կա՞ն օրէնքներ, որոնց պէտք չէ հնազանդիլ:
Պուպրիկը
Ո՞ր խաղալիքները տղաներու, ո՞ր խաղալիքները աղջիկներու յարմար կը նկատուին: Ո՞վ կ՚որոշէ աղջիկներու եւ տղաներու յարմար խաղալիքները:
Իմ թաղս
Այս աշխատանքին նպատակն է մտածել քաղքենիացումի երեւոյթին շուրջ եւ քննարկել թէ ինչպէս կարելի է աւելի արդար փոփոխութեան ընթացք մը որդեգրել։
Թիկնոցին ուժը
Այս աշխատանքը քննարկումի առարկայ կը դարձնէ վերացական «ճիշդ» գաղափարը, շօշափելի առարկայի մը՝ «թիկնոց»ին միջոցաւ:
Ճամբայ շինելու աշխատանք
Այս աշխատանքին նպատակն է քննարկել «ժողովրդավարութիւն» յղացքը, երեւակայական «թաղային հանրաքուէի» մը օրինակով: